ԽՂՃՄՏԱՆՔԻՆ ԴԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Մարդուն սրտին մէջ ներկայ եղող բարոյական խղճմտանքը՝ պատեհ վայրկեանին կը հրամայէ անոր կատարել բարի՛ն եւ զգուշանա՛լ չարէն։ Ան կը զատարոշէ նաեւ կատարուելիք ընտրանքները անսալով բարիին, մերժելով չարը։ Ան կը վկայէ ճշմարտութեան իշխանութեան, որ կապակցութեան մէջ է գերագոյն Բարիին հետ՝ որուն քաշողականութիւնը կը կրէ մարդկային անձը եւ կ՚ընդունի Անոր պատուիրանները։ Խոհեմ եւ շրջահայեաց մարդը երբ կ՚ունկնդրէ բարոյական խղճմտանքը կարող կը դառնայ լսելու իրեն խօսող Աստուածը։
«Բարոյական խղճմտանք»ը բանականութեան մէկ դատողութիւնն է՝ որուն միջոցով մարդկային անձը կը ճանչնայ բարոյական հանգամանքը շօշափելի գործի մը՝ զոր պիտի կատարէ, կամ կը կատարէ, կամ արդէն կատարած է։ Իր ամէն ըսածին եւ ըրածին մէջ, մարդը պարտական եւ պարտաւո՛ր է հետեւելու հաւատարմաբար այն բանին, զոր գիտէ, թէ արդար եւ ուղիղ է։
Իր խղճմտանքին դատողութեամբ է, որ մարդը կը տեսնէ եւ կը ճանչնայ հրահանգները աստուածային օրէնքին։ Կարեւոր է, որ իւրաքանչիւր մարդ ինքզինքին գիտակից ըլլալու, գիտակցելու՝ լսելու համար խղճմտանքին ձայնը եւ անոր հետեւելու, քանի որ ան Աստուծոյ ձա՛յնն է։ Այս «ներամփոփոխում»ի պահանջքը այնքա՛ն աւելի կարեւոր է, ո՛րքան կեանքը յաճախ կը մղէ մեզ խուսափելո՛ւ ամէն խորհրդածութենէ, քննութենէ կա՛մ ինքնամփոփումէ։
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ.
«Վերադարձի՛ր քու խղճմտանքիդ, հարցաքննէ՛ զայն… Վերադարձէ՛ք եղբայրներ, դէպի ձեր ներաշխարհը եւ ձեր բոլոր գործերուն մէջ դիտեցէ՛ք Վկան Աստուած»։
Մարդկային անձին արժանապատուութիւնը իր մէջ կը ներփակէ եւ կը պահանջէ ՈՒՂՂԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԽՂՃՄՏԱՆՔԻՆ։ Բարոյական խղճմտանքը իր մէջ կը բովանդակէ գիտակցութիւնը բարոյականութեան սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ անոնց գործադրութիւնը տուեալ պարագաներուն մէջ՝ պատճառներու եւ բարիքներու գործնական դատողութեան միջոցով, եւ վերջապէս՝ կը բովանդակէ դատումը կատարուելիք կամ արդէն կատարուած շօշափելի արարքներուն մասին։
«Բարոյական բարի»ին շուրջ ճշմարտութիւնը՝ որ հռչակուած է իմացականութեան օրէնքին մէջ, գործնականապէս եւ շօշափելի կերպով ճանչցուած է խղճմտանքին խոհեմ դատողութեամբ։
Խոհեմ կը կոչուի մարդը՝ որ ընտրութիւն կը կատարէ խոհեմ դատողութեան համեմատ։
Խղճմտանքը թոյլ կու տայ ստանձնել կատարուած արարքներուն պատասխանատուութիւնը։ Եթէ մարդը գէշ եւ չար կը գործէ, խղճմտանքին արդար դատաստանը կրնայ մնալ անոր մէջ թէ՛ իբր վկան բարիին ընդհանրական ճշմարտութեան, թէ՛ ալ վկան չարութեան՝ անոր եզակի ընտրանքին։ Խղճմտանքին դատավճիռը կը մնայ գրաւական մը յոյսի եւ ողորմութեան։
«Վկայելով գործուած յանցանքին, ան կը յիշեցնէ խնդրուելիք ներումը, տակաւին գործուելիք բարիքը եւ անդադար մշակուելիք առաքինութիւնը Աստուծոյ շնորհքով. ուստի, անոր առջեւ կը խաղաղացնենք մեր սիրտը, որովհետեւ եթէ մեր սիրտը դատապարտէ մեզ, Աստուած աւելի մեծ է քան սիրտը եւ կը ճանչնայ ամէն բան» (Ա ՅՈՎՀ. Գ 19-20)։
Խղճմտանքը պէտք է ըլլայ լուսաւորուած, իսկ բարոյական դատողութիւնը՝ եւս լուսաւորուա՛ծ։ Ուստի, լաւ կազմաւորուած խիղճը ուղիղ է եւ ճշմարի՛տ։
Մարդ, արդարեւ, իրաւունք ունի գործելու ըստ խղճմտանքին եւ ազատօրէն, անձնապէս առնելու համար բարոյական որոշումները…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 31, 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 01/18/2025