«ՀՈԳԻ» ԵԶՐԻՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

«Հոգի» եզրը Աստուածաշունչին մէջ կը նշանակէ մարդկային կեանքը, եւ կամ ամբողջ մարդկային կեանքը ապրող անձը։

Միաժամանակ ան կը մատնանշէ ի՛նչ որ մարդուն մէջ ամենէն ներհուն եւ ամենամեծ արժէ՛քն է՝ այն ինչը որ մարդը մասնաւորապէս Աստուծոյ պատկեր կը դարձնէ. «հոգի»ն կը նշանակէ մարդուն մէջ եղող «հոգեւոր նախասկիզբը»։ Մեր նախածնողներուն անհնազանդութեան նախընտրանքին ետին՝ կայ Աստուծոյ հակադրող փորձին ձայնը՝ որ նախանձէ տարուած՝ զանոնք մահուան գիրկը գլորեց։ Ուրեմն, այս կը նշանակէ, որ «հոգի» եզրը երբ անտեսուի, անտարբերութեամբ դիմաւորուի, հոն կը տիրէ անհնազանդութեան ոգին եւ անհաւատարմութիւն։ Ահաւասի՛կ, այս իսկ պատճառով, «հոգի» եզրը մեծ եւ կարեւոր արժէք կը ներկայացնէ մարդկային կեանքին մէջ։

«Հոգի» եզրէն մեկնելով՝ «Սուրբ Հոգին» յատուկ անունն է Անոր, զոր մենք կը հաւատանք, կը պաշտենք եւ Հօր եւ Որդիին հետ կը փառաւորենք։ Եկեղեցին զԻնք Տիրոջմէ ստացաւ եւ զԻնք կը դաւանի իր նոր զաւակներուն մկրտութեան ատեն։

«Հոգի» բառը կը թարգմանուի եբրայեցերէն «Ռուահ» բառով՝ որ իր առաջին իմաստով կը նշանակէ «շունչ», «օդ», «հով»։ Յիսուս արդարեւ կ՚օգտագործէ հովին շօշափելի պատկերը թելադրելու համար Նիկոդեմոսին Աստուծոյ անձնական Շունչը եղող աստուածային Հոգիին վերանցական նորութիւնը։ Միւս կողմէն «Հոգի» եւ «Սուրբ» բառերը՝ աստուածային ստորոգելիներ են՝ որոնք հասարակաց են աստուածային երեք Անձերուն։ Սակայն Աստուածաշունչը, ծէսը եւ աստուածաբանական բարբառը այս երկու բառերը իրերու միացնելով, կը նշանակեն անպատում Անձը Սուրբ Հոգիին, «հոգի» եւ «սուրբ» բառերուն միւս կիրարկումներուն հետ առանց հնարաւոր շփոթումի։

Ստեղծուած ըստ պատկերին միոյն Աստուծոյ, օժտուած բանական միեւնոյն հոգիով, բոլոր մարդիկը ունին նո՛յն բնութիւնը եւ նոյն ծագումը։ Քրիստոսի գնուած զոհովը, ամէնքը կոչուած են մասնակցելու աստուածային միեւնոյն երանութեան. ամէնքը ուրեմն հաւասար արժանապատուութեան տէր են։

Հաւասարութիւնը մարդոց միջեւ կը յենու էապէս անոնց անձնական արժանապատուութեան վրայ, ինչպէս նաեւ անկէ բխող իրաւունքներուն վրայ։

Աշխարհ գալով, մարդը իր տրամադրութեան տակ չունի ամէն ինչ որ ահրաժեշտ է իր մարմնաւոր եւ հոգեւոր կեանքին բարգաւաճումին համար։ Ուստի ունի կարիքը ուրիշներուն։ Կը յայտնուին տարբերութիւններ, որոնք կապուած են տարիքի, ֆիզիքական-մարմնական կարողութիւններուն, իմացական եւ բարոյական ընդունակութիւններուն, փոխանակումներուն եւ անոնցմով ձեռք ձգուած շահերուն, հարստութիւններուն բաշխումին։

Կը տեսնուի, որ «Քանքար»ները հաւասար ձեւով չեն բաշխուած։ Սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ այն տարբերութիւնները նիւթական մարզի տարբերութիւններ են, ուստի հոս կը պակսի «հոգի» եզրը։

Աստուածաբանական առաքինութիւնները կը հիմնաւորուին, կ՚ոգեւորեն եւ կը յատկանշեն քրիստոնեային հոգեւոր-բարոյական գործելակերպը։ Անոնք կը կերպարանաւորեն, կը կազմակերպեն եւ կը կենդանացնեն հոգեւոր-բարոյական բոլոր առաքինութիւնները։ Աստուած կը զեղու զանոնք հաւատացեալներուն հոգիին մէջ, որպէսզի զանոնք ատակ դարձնէ գործելու իբր Իր որդիները եւ արժանանալու յաւիտենական կեանքին։ Անոնք գրաւական են Սուրբ Հոգիին ներկայութեան եւ ներգործութեան մարդ արարածին կարողութիւններուն մէջ։ Աստուածաբանական առաքինութիւնները երեք են. հաւատք, յոյս եւ սէր։

Հոգիին եւ մարմինին միութիւնը այնքան խոր է, որ հարկ է նկատի առնել հոգին իբրեւ «կերպար» մարմինին, այսինքն՝ շնորհիւ հոգեւոր հոգիին է, որ նիւթաշէն մարմինը «մարդկային կենդանի մարմին» կը հանդիսանայ։ Հոգին եւ նիւթը մարդուն մէջ իրարու միացած երկու բնոյթներ չեն, այլ անոնց միութիւնը կը կազմէ մէ՛կ բնոյթ։ Երբեմն կը պատահի, որ հոգին զանազանուի շունչէն. հոգի-(Esprit) եւ հոգի-(Ame)։ Այսպէս Պօղոս առաքեալ կ՚աղօթէ, որ մեր «ամբողջ էութիւնը, շունչ, հոգի եւ մարմին, պահուի անարատ՝ Տիրոջ Գալստեան օրուան համար» (Ա ԹԵՍ. Ե 33)։

Պէտք չէ՛ անտեսուի «հոգի»ն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 1, 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2023