«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը երէկ կէսգիշերին հասաւ Հայաստան։ Իսթանպուլ-Երեւան «Փեկասուս»ի ուղիղ թռիչքով ճամբորդեց խումբը։ Մարալցիները Երեւան հասնելէ վերջ անմիջապէս ուղեւորուեցան Կիւմրի, ուր տեղակայուեցան իրենց պանդոկին մէջ։
Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի գլխաւորութեամբ, վաղը երեկոյեան «Մարալ» հանդէս պիտի գայ Համահայկական 8-րդ խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին։ Կիրակի երեկոյեան ալ նախատեսուած է համոյթի ելոյթը Երեւանի մէջ։
Համահայկական 8-րդ խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութեան գեղարուեստական բաժնին մէջ նախատեսուած է նաեւ մեր համայնքէն համակրելի մեներգչուհի Սիպիլի ելոյթը։
Համոյթին կողմէ ուղարկուած լուսանկարին մէջ մարալցիները միասնաբար կ՚երեւին Իսթանպուլի «Սապիհա Կէօքչէն» օդակայանին մէջ, դէպի Երեւան թռիչքէն առաջ։