«ԱՄԷՆ ԻՆՉ՝ ԱՄԷՆԻ ՄԷՋ»

«Գոյացական եւ իսկական կեանքը Հա՛յրն է, որ Որդիով եւ Սուրբ Հոգիին միջոցով՝ երկնային պարգեւները բոլորին վրայ կը սփռէ առանց բացառութեան։ Շնորհիւ Հօր ողորմութեան, մենք՝ մարդիկս ալ յաւիտենական կեանքին անսուտ խոստումը ստացանք», կ՚ըսէ Սուրբ Կիւրեղ Երուսաղէմացի։

Ժամանակներուն աւարտին, Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի հասնի իր լրումին։ Այն ատեն մարմինով եւ հոգիով փառաւորուած արդարները յաւիտեան պիտի թագաւորեն Քրիստոսի հետ, իսկ նիւթական տիեզերքը եւս պիտի կերպարանափոխուի։ Այն ատեն Աստուած յաւիտենական կեանքի մէջ պիտի ըլլայ. «Ամէն ինչ՝ ամէնի մէջ». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 28)։

Հաւատամքը, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչին վերջին գիրքը. (ՅԱՅՏ. ԻԲ 21), եւ բոլոր աղօթքներ կ՚աւարտին եբրայական «Ամէն» բառով։ «Ամէն»ը յաճախ կը գտնենք Նոր կտակարանին աղօթքներուն վերջաւորութեան։ Եկեղեցին իր բոլոր աղօթքները նմանապէս կը վերջացնէ «Ամէն»ով։

Եբրայեցերէնի մէջ, «Ամէն» բառը կ՚առընչուի «հաւատալ» բառին արմատին հետ։

Այս արմատը արտայայտութիւնն է ամրութեան, հաւատարմութեան, վստահելիութեան։ Այսպէս հասկնալի կը դառնայ, թէ ինչո՛ւ «Ամէն» բառը կրնայ նաեւ անուանուիլ մեզի հանդէպ Աստուծոյ հաւատարմութեան մասին, ինչպէս նաեւ մեր վստահութեան, հաւատքին մասին՝ Անո՛ր հանդէպ։

Եսայի մարգարէի մօտ՝ կը գտնենք «Աստուած ճշմարտութեան» կամ բառացիօրէն «Աստուած Ամէնի» արտայայտութիւնը, ըսելու համար, թէ Աստուած հաւատարի՛մ է Իր խոստումներուն մէջ, եւ տէ՛րն է իր խօսքին. «Ո՛վ որ կ՚ուզէ օրհնուիլ երկրի վրայ, պիտի ուզէ օրհնուիլ Ամէնի Աստուծմէ». (ԵՍ. ԿԵ 16)։ Մեր Տէ՛րն ալ յաճախ «Ամէն» բառը կը գործածէ. (ՄԱՏԹ. Զ 2, 5, 16), նոյնիսկ երբեմն կրկնուած ձեւով. (ՅՈՎՀ. Ե 19), ընդգծելու համար Իր ուսուցումին ճշմարտութիւնը եւ արժանահաւատութիւնը եւ Աստուծոյ Ճշմարտութեան վրայ հիմնուած Իր Իշխանութիւնը։

«Հաւատամք»ին՝ հաւատքի այս համադրութիւնը կը վերջանայ «Ամէն»ով. այս վերջին «Ամէն»ը կը վերակոչէ եւ կը վերահաստատէ իր առաջին «կը հաւատամ» բառը։ Հաւատալ՝ Աստուծոյ խօսքերուն, խոստումներուն, պատուիրաններուն «Ամէն» ըսել է. ամբողջովին վստահիլ, ապաւինիլ է Անոր, որ անհո՜ւն սիրոյ եւ կատարեալ հաւատարմութեան «Ամէն»ն է։

Քրիստոնեային ամէնօրեան պիտի դառնայ այն ատեն «Ամէն» մը՝ իբր պատասխան մեր Մկրտութեան հաւատքին դաւանութեան «կը հաւատամ»ին։

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ.

«Թող քու Հանգանակդ ըլլայ քեզի՝ զերդ հայելի մը։ Ինքզինքդ դիտէ՛ անոր մէջ, տեսնելու համար, թէ դուն արդեօք կը հաւատա՞ս այն ամէն ինչին, որուն հաւատալ կը յայտարարես։ Եւ ամէն օր հրճուէ՛ քու հաւատքովդ»։

Արդարեւ, «Ամէն»ը Ինք Քրիստոսն է. (ՅԱՅՏ. Գ 14)։

Մեզի հանդէպ Հօր սիրոյն վերջնական եւ վճռակա՛ն «Ամէն»ը Ա՛ն է։ Հօր հանդէպ մեր «Ամէն»ը Ան յանձն կ՚առնէ եւ կ՚ամբողջացնէ։ «Յիրաւի, Աստուծոյ բոլոր խոստումները իրենց -այո-ն Անոր մէջ ունին։ Ասոր համար Իրմով -Ամէն- կ՚ըսենք Աստուծոյ փառքին համար». (Բ ԿՈՐՆԹ. Ա 20)։

«Իրմով, Իր հետ եւ Իր մէջ
Քեզի, Աստուած, Հայր Ամենակալ,
Միութեամբ Սուրբ Հոգիին,
Ամէն պատիւ եւ ամէն փառք,
Յաւիտեանս յաւիտենից»։

Ամէն։

Ամէն, սիրելի՜ բարեկամներ, Ամէն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 8, 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2023