ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԺԱՄԵՐՈՎ ՎԻՃՈՂՆԵՐՈՒՆ
Պատերազմի դաժան արդիւնքէն ետք յուսալի էր, որ մեր ղեկավարութիւնը քիչ մը աւելի իրատես դառնար ու լուրջ ձեւով սկսէր մտածել ցաւոտ հարցերու մասին՝ նոյնիսկ ինքնաքննադատութեան գնով, սակայն այնպէս ալ բոլորը մնացին յոյսի սահմաններուն մէջ: Դիմակները վար առնելու, սեփական սխալներն ու բացթողումները քննելու եւ տեսնելու փոխարէն անոնք դիմեցին ամենէն յայտնի միջոցին եւ սկսան մեղադրել ուրիշները՝ իրենց սեփական ձախողութիւններուն համար: Արիւնող վէրքին մասին մտածելու փոխարէն սկսան խօսիլ ու խօսիլ, անգամ մը եւս փաստելով ճշմարտութիւնը Ռոստոմի այն խօսքին, որ կ՚ըսէ. «ժողովներու մէջ ժամերով վիճողներէն ու խօսողներէն բան մի՛ սպասեր, գործի ատեն մէկը չես տեսներ...»:
Եթէ մեր ազգը խօսողներուն չափ ունենար գործողներ, մեր ճակատագիրը կրնար ամբողջութեամբ տարբեր ըլլալ. գուցէ դարաւոր անցեալ մը ունի մեր մէջ գոյութիւն ունեցող այն ախտը, որ սեփական ձախողութիւններուն համար ուրիշը կը մեղադրէ. նայեցէ՛ք յօդուածին կցուած նկարին. առնուած է աւելի քան դար մը առաջ հրատարակուած հայկական մամուլէ մը, որ պարզապէս մարգարէացումն է մեր ներկային, որովհետեւ մարդ արարածին մէջ ի ծնէ կայ յաղթանակները սեփականացնելու, սակայն պարտութիւնները օտարելու ոչ արդար երեւոյթը:
Ու այս բոլորէն ետք, չես գիտեր տակաւին ինչ երեսով, ինչ յանդգնութեամբ ազգային գործիչներն ու ղեկավարները հրապարակ դուրս կու գան «բան մը չեղած»ի հոգեբանութեամբ. ու չես գիտեր ինչո՞ւ համար ժողովուրդը կը շարունակէ լուռ մնալ բոլոր կատարուածներուն դիմաց եւ կամ կը բաւարարուի համացանցի ճամբով մէկ երկու բառ գրելով՝ առանց գործնական արդիւքներու: Օրինակի համար, կը զարմանաս, թէ ինչպէ՞ս մէկը ղեկավարութեան չի հարցներ կարծեցեալ խաղաղութեան մասին՝ որուն սիրոյն զիջեցան բազմաթիւ տարածքներ ու շրջաններ. ինչո՞ւ համար այդ խաղաղութեան հաշիւը չի պահանջուիր անոնցմէ եւ կամ աւելին, ինչո՞ւ համար իրենք իրենց պատասխանատու չեն զգար այդ խաղաղութեան պայմանագրի հաստատման եւ աւելին անոր խախտման մէջ:
Զարմանքով կը հետեւիմ ղեկավարներու ելոյթներուն, որ Արցախի մէջ շրջափակուած մեր ժողովուրդին ճակատագիրը մէկ կողմ ձգած կը զբաղուին ճղճիմ հարցերով. մի քանի օրեր առաջ հաւաքուած կը խօսէին տոպրակներու գործածութեան մասին՝ այն ժամանակ երբ ազգովի տոպրակներով ու անիմաստ բաներով զբաղելու ո՛չ առիթը եւ ո՛չ իրաւունքը ունինք:
Կը զարմանամ, թէ ղեկավարութիւնը ինչպէ՞ս կ՚արտօնէ ինքզինք Արցախի հիմնական հարցէն բացի այլ հարցեր քննարկելու համար ժամանակ տրամադրել:
Ղեկավարութեան կողքին ձախողած կը նկատենք նաեւ ընդդիմութիւն ըսուածը, որովհետեւ անոնց հարցը եւս հարցերը լուծելու եւ զօրանալու փոխարէն աթոռի տիրանալու բուռն փափաքը ունին. բոլորն ալ մեծամեծ խոստումներ կը շռայլեն. թող անիծուի այն հայը, որ միայն պաշտօնի կոչուելէ ետք գործելու մտադրութիւնը կ՚ունենայ, որովհետեւ ներկայ պայմաններու մէջ ո՛չ աթոռ եւ ո՛չ անուն մեծարելու առիթը եւ ժամանակը ունի մեր ժողովուրդը. այսօր պատմութիւնը կը յիշէ բազմաթիւ հերոսներու անունները, որոնք ղեկավարներ չէին, սակայն հոգիով ու սիրտով կը պայքարէին հայրենիքի բարիքներուն համար եւ անոնց հակառակ ինչքա՜ն շատ են ղեկավարները, որոնց անունը անգամ չենք յիշեր այսօր:
Առաքինի է այն մարդը, որ լաւապէս կը գիտակցի իր սխալներուն ու ձախողութիւններուն, որովհետեւ պարտութիւնը չընդունիլը պարտուելէն շա՛տ աւելի մեծ պարտութիւն է:
Օրինակը վերցուցէք մարզիկներէն. անոնք առաջնութեան համար կը պայքարին, սակայն անոնցմէ միայն մին առաջնութեան կ՚արժանանայ, սակայն նոյն այդ մարզիկները առանց իրենց յոյսը կոտրելու ամբողջ տարի մը կը մարզուին՝ դարձեալ պայքարելու համար առաջնութեան համար: Մեր մէջ այդ աշխատանքն է որ կը պակսի, որովհետեւ մարզուելու, զօրանալու եւ սեփական սխալներէն դաս քաղելու փոխարէն կը զբաղուինք ուրիշը քննադատելով եւ մեր սեփական ձախողութիւնները ուրիշներու վրայ բարդելով:
Կը կարծեմ ղեկավար ըլլալը իրապէս դժուար բան մըն է. դժուար ո՛չ թէ աշխատանքի «ծանր»ութեան համար, այլ իրենց ունեցած աներեսութեան համար, որովհետեւ ամբողջ ազգի մը կողմէ մեղադրուելով հանդերձ բան մը չեղածի պէս հրապարակ դուրս գալը բոլորին չէ տրուած:
Այս բոլոր երեւոյթներուն դիմաց ժողովուրդը յուսահատ ո՛չ կ'՚ուզէ քաղաքականութեամբ զբաղուիլ եւ ո՛չ ալ անոնց անունը լսել եւ իրապէս վա՜յ այն ազգին, որ իր ձեռքերը լուացած է քաղաքականութենէն. նման ազգ մը դէպի կորուստ առաջնորդուելէ ուրիշ ելք մը չունի:
Եթէ լուծումի մասին հարցնողներ պիտի ըլլան, ըսենք. մեր քաղաքական վիճակը բարելաւելու միակ լուծումը «ջրհեղեղ»ն է. պէտք է ոչնչացնել բոլորը՝ որոնք լոկ սեփական շահերու համար կ՚աշխատին. պէտք է քանդել իր հիմքերէն տկար մեր քաղաքականութեան շէնքը եւ նորը կառուցել, որովհետեւ արտաքին փոփոխութիւնները անօգուտ են՝ երբ հիմքը խախուտ է:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -312-
Տակաւին չեմ հասկցած հետեւեալ հարցին պատասխանը. Ժողովո՞ւրդն է առաջնահերթը՝ որ կ՚ընտրէ ղեկավարը, թէ ոչ ղեկավարը՝ որուն ղեկավարութիւնը կախեալ է ժողովուրդէն: Այս հանելուկին պատասխանը տակաւին անյստակ է:
Մի քանի օրեր առաջ տարօրինակ իրարանցում մըն էր Երեւանի մէջ. ամէ՛ն տեղ բազմաթիւ ոստիկաններ. անտրամաբանական քաոս մը. պատճառը պարզուեցաւ: Նախարար մը պիտի անցնէր: Չես գիտեր, Աստուա՞ծ են արդեօք. ինչո՞ւ համար նախարարները եւս չեն ապրիր այն դժուարութիւնները, որոնք կ՚ապրի ժողովուրդը՝ երկար ժամեր խճողումներու մատնուելով. այնպէս ինչպէս ես կամ դուն կը սպասենք, ինչո՞ւ համար իրենք չսպասեն: Կարմիր ծովէն անցք մը կը կատարուի հայրենիքի մէջ՝ երբ նախարար մըն է անցողը:
***
Տարիներ առաջ Յունաստանի մէջ Տէր Հօր հետ գնացքով տեղ կ՚երթայինք։ Մատով ցոյց տուաւ դիմացի շարքը նստող մեծահասակ մարդ մը եւ յայտնեց, թէ ամբողջ շրջանի պատասխանատու նախարարն է. պարզ ու համեստ արտաքին մը, ո՛չ թիկնապահ եւ ո՛չ աւելորդաբանութիւններ. նախարարը կ՚երթեւեկէր այնպէս՝ ինչպէս սովորական մարդ մը:
Հիմա հարցը հետեւեալն է. զարմանա՞լ յոյն նախարարի ընթացքին վրայ՝ թէ ոչ մերոնց:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան