ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԿՐՈՂՆԵՐԸ ՆԱԵՒ ՆՈՐԱՐԱՐԱԿԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒ ՋԱՀԱԿԻՐ

Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ առաջին անգամ կազմակերպուած՝ Ազգային երիտասարդական համաժողովը հարթակ հանդիսացաւ աշխարհի բոլոր անկիւններէն բազում հայ երիտասարդներու Երեւանի մէջ համախմբման։ Իսկապէս հետաքրքրական էր այդ երիտասարդներու շարքին մաս կազմելն ու ստեղծուած մթնոլորտը շնչելը։ Մանաւանդ առաջին անգամ Հայաստան այցելելու պարագային՝ այսպիսի համաժողովի մը շարժառիթ ծառայած ըլլալը չափազանց յատկանշական էր։ Այս ուշագրաւ հաւաքը համախմբած էր աշխարհի զանազան երկիրներէ՝ անբացատրելի զգացումներով պատուած ու բարձր տրամադրութեամբ պայծառ երիտասարդ միտքեր, որոնցմով ստեղծուեցաւ ոգեշնչող եւ ընկերական մթնոլորտ։

Համաժողովի կարգախօսն էր «Երիտասարդներու հետ, երիտասարդներու համար», բայց սա զուտ կարգախօս մը չէր։ Սա սկզբունք մըն էր՝ հարթակ տրամադրելու համար երիտասարդներուն, որպէսզի ընդլայնեն իրենց մտահորիզոնը, իրարու հետ բաժնեն փորձառութիւնները եւ նպաստեն թէ՛ իրենց համայնքներու եւ թէ աւելի ընդհանուր իմաստով ազգային յառաջընթացին: Համաժողովը կը կեդրոնանար երիտասարդութեան հզօրացման, ստեղծագործութեան ու նորարարութեան քաջալերման եւ աշխոյժ քաղաքացիութեան խթանման վրայ:

Այս հաւաքը սովորական համաժողովի մը նման չէր. ան նպատակ ունէր երիտասարդութեան մէջ սերմանել ազգային հպարտութեան եւ Հայաստանի նկատմամբ խոր սիրոյ զգացում, միաժամանակ անոնց մատուցելով կարեւոր գիտելիքներ: Ազգային երիտասարդական համաժողովը դարձաւ յոյսի խորհրդանշան, միասնութեան տօն, հայկական հարուստ մշակութային ժառանգութեան վկայութիւն… Այս համաժողովը մատնանշումն էր այն փաստին, թէ երիտասարդութեան ի նպաստ ներդրումները կենսական նշանակութիւն ունին ազգի կայուն զարգացման համար: Զանազան նախաձեռնութիւններով եւ ծրագրերով ստեղծուեցաւ այնպիսի միջավայր մը, ուր երիտասարդները կրնային արտայայտել իրենց կարծիքը, առաջարկել նորարարական գաղափարներ եւ աշխուժօրէն մտածել ներկայ իրավիճակի բարելաւման մասին: Համաժողովը նաեւ կ՚ընձեռէր ցանցային հնարաւորութիւններ՝ մասնակիցներուն թոյլ տալով կապ հաստատել մասնագէտներու եւ բազմազան կազմակերպութիւններու հետ:

Համաժողովի նպատակներէն մին էր երիտասարդներուն ներկայացնել Հայաստանի իրականութիւնը, որովհետեւ, ըստ կազմակերպիչներուն, զանազան պատճառներով երկրի մասին պատկերացումները շատ աղաւաղուած էին։ Հետեւաբար, սա հնարաւորութիւն մըն էր աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդներուն համար՝ տեղւոյն վրայ ականատես ըլլալ Հայաստանի խնդիրներուն, նաեւ դիտարկել հնարաւորութիւնները։

Իրականացած աշխատանքներուն մէջ խոշորացոյցի տակ դրուեցաւ հայ լեզուի ու գրականութեան պահպանման կարեւորութիւնը: Ծաւալուած քննարկումները հնարաւորութիւն տուին երիտասարդներուն՝ իրենց տեսակէտները արտայայտելու համար։ Բովանդակալից զրոյցներու միջոցաւ անոնք դուրս եկան իրենց սահմանափակ պատասխանատուութեան հասկացութենէն՝ համազգային հարուստ լեզուական ժառանգութիւնը սերունդներուն փոխանցելու հարցին մէջ։ Ժողովականներու աշխատանքի ծիրէն դուրս չէին նաեւ հայկական աւանդութիւնները, սովորութիւններն ու ժառանգութիւնը՝ նոր սերունդի պատկանելիութեան զգացումը ամրապնդելու առումով։ Այսինքն, սա ո՛չ միայն խթանեց կապը հայ երիտասարդներու միջեւ, այլեւ անոնց առջեւ դուռ բացաւ հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը գնահատելու համար:

Գրեթէ բոլոր ասուլիսներու ընթացքին ժողովականներու կիզակէտին էին այն մարտահրաւէրները, որոնց կը բախին երիտասարդները Հայաստանէ ներս կամ դուրս: Հաշուի առնուեցան նաեւ հնարաւորութիւնները։ Սա ազդակ մըն էր, որ մասնակիցները կ՚առաջնորդէր՝ քաղաքացիական գործունէութեան ներգրաւման եւ իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան ճանապարհը։ Հաւաքի թիրախային նպատակներէն մին էր նաեւ՝ ոգեշնչել երիտասարդները, որպէսզի դառնան փոփոխութիւններու եռանդուն ջահակիրներ՝ եւ անմասն չմնան որոշումներու կայացման գործընթացներէն։ Համաժողովը մասնակիցներուն առջեւ պատուհան մըն ալ բացաւ, որպէսզի անոնք իրերու հետ կապ հաստատեն, բարեկամութիւններ մշակեն եւ համագործակցին թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ Հայաստանէ դուրս:

Կարելի է վկայել, թէ այս համաժողովը մղիչ ուժ մը դարձած է Հայաստանի ապագայ առաջնորդներու պատրաստութեան ճանապարհին։ Հաւաքի ձեռքբերումներէն մին էր՝ մասնակիցներուն մէջ պատասխանատու հայրենասիրութեան զգացումի մը սերմանումը։ Այս համախմբումով կայծ մը վառեցաւ բոլոր երիտասարդներու սրտերուն մէջ։ Աշխարհի եւ հայութեան այսօրուան պայմաններով, առանց չափազանցութեան, այս մէկը կարելի է վեհ իրագործում մը համարել։ Այս հաւաքը ներդրում մըն էր նաեւ ստեղծելու համար ապագայ այնպիսի սերունդ մը, որ կապուած պիտի ըլլայ իր արմատներուն, պիտի կարողանայ սնուիլ իր ժառանգութենէն եւ պատրաստ պիտի ըլլայ նպաստելու Հայաստանի զարգացման: Եւ համաժողովը, իսկապէս, անջնջելի հետք թողած է ապագայ դերակատարներու սրտերուն եւ մտքերուն մէջ։ Այս նորագոյն ներշնչումով անոնք պիտի ընթանան միշտ դէպի յառաջ՝ թիրախաւորելով ազգին ու երկրին աւելի պայծառ ու բարգաւաճ ապագան։

Երիտասարդ մասնակիցները իրարմէ հրաժեշտ առին՝ իրենց հոգիներու վառ կրակով, նաեւ իրենց հետ տարին այն արժէքները, որոնց հաղորդ դարձան յագեցած ծրագրի օրերուն։ Անոնք այլեւս ուխտեալներ են տարածելու համար միասնութեան եւ յառաջընթացի ոգին՝ սնելով այս անմոռանալի փորձառութեան ընթացքին ձեռք բերուած յիշողութիւններն ու փայփայելով նորաստեղծ բարեկամութիւնները:

Հուսկ, Ազգային երիտասարդական համաժողովը նոր հարթութիւն մը սահմանեց հայ երիտասարդներու միասնութեան ընկալումներուն եւ որոնումներուն տեսակէտէ: Այն հայ երիտասարդները, որոնք այս համաժողովի աշխատանքին ներգրաւուած են, այլեւս իրենց մտքին մէջ կրնան խմորել նոր օրակարգ մը։ Արդարեւ, համաժողովին շնորհիւ անոնք այնպէս մը տրամադրուած են, որ պիտի շարունակեն նոր հարթակներ փնտռելու՝ իրենց մտահոգութիւնները բարձրաձայնելու, գիտելիքներ ձեռք բերելու եւ յարատեւ յառաջընթացի ձգտելու համար:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 11, 2023