ՎՇՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Սուրուչի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան կապակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռը յաչս պետութեան պաշտօնապէս վշտակցութիւն յայտնեց։ Այսպէս, երէկ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ցաւակցական մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին։ Այս առթիւ Նորին Սրբազնութիւնը յայտնեց, թէ խոր ցաւով տեղեկացած էր պատահածներուն։ Զոհերուն համար հոգւոյ հանգստութիւն հայցելու առընթեր Ընդհանուր Փոխանորդը արագ ապաքինում մաղթեց վիրաւորեալներուն համար։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռին, Կրօնական ժողովին եւ ամբողջ համայնքին ցաւակցութիւններ յայտնելու առընթեր, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդգծեց, թէ առ Աստուած կ՚աղօթէ, որպէսզի մեր աշխարհագրութեան մէջ առկայ ցաւալի դէպքերը ժամ առաջ վերջ գտնեն ու վերահաստատուի խաղաղութիւնը։
Թրքահայ կեանք
- 12/23/2024
- 12/23/2024