ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (Գ.)
Կը խօսինք գրականութեան մէջ գործածուող թրքերէն բառերու մասին, սակայն կը մոռնանք, որ կար ժամանակ, երբ Պոլսոյ մէջ տարածուած էր նաեւ հայատառ թրքերէն գրելու ախտը. հայատառ թրքերէնով գրեցին նոյնիսկ շատ մը անուանի դէմքեր. օրինակի համար, Յակոբ Պարոնեան, Երուանդ Օտեան: Անոնք հայատառ թրքերէն գրելու կարիքը զգացած էին, որովհետեւ կար թիւով շատ աւելի մեծ լսարան մը՝ որ սկսած էր մոռնալ իր մայրենին եւ գրեթէ դարձած էր թրքախօս եւ անոնց միջեւ հայրենասիրութիւնը կարելի էր գուցէ կամաց կամաց արթնցնել թրքերէնով՝ աստիճանաբար բերելու համար հայերէնի: Պէտք է գիտնանք, որ պոլսահայ գրողներու հիմնական մտահոգութիւնը ընթերցող հասարակութիւնն էր. անոնց համար հիմնականը գրելէ աւելի հասարակութեան հասանելի դառնալն էր եւ որոշ ժամանակ լաւագոյն միջոցը ոչ թէ թրքերէն բառեր օգտագործել, այլ ամբողջութեամբ թրքերէն գրելն էր:
Այսօր վիճակը նոյնն է. աշխարհի երեսին շատ մը հայեր իրենց մայրենի լեզուն չեն հասկնար. կը տեսնենք, թէ Եւրոպա եւ կամ Ամերիկա ապրող երիտասարդներ, նոյնիսկ մեծահասակներ երբ քով քովի գան կը խօսին օտար լեզուով. նոյն այս վիճակը կը տիրէր աւելի քան դար մը առաջ՝ Պոլսոյ մէջ: Այս կապակցութեամբ Յակոբ Պարոնեան կը գրէր «Հայերէն չսիրող հայը» գրութիւնը. այդտեղ Պարոնեան կ՚ըսէ. «Մեծ, շատ մեծ տրտմութիւն է տեսնելն, որ հայ մը հայու մը հետ տեսակցելու համար օտար լեզուով կը խօսի» (Յակոբ Պարոնեան, Երկերու ժողովածու, 9-րդ հատոր, էջ 266):
Հիմա այս հաշուով ի՞նչ ընել. զանոնք սիրաշահելու համար մենք ալ հայատառ անգլերէ՞ն սկսինք գրել՝ որպէսզի անոնց մէջ հայրենասիրութիւնը արթննայ:
Թ.- ԵԱՐԱ
Այս բառը գործածուած է առաւելաբար բանաստեղծութիւններու եւ տաղերու մէջ: Բացի այդ հին բժշկական գիրքերու մէջ կը տեսնենք, թէ եարա բառը շատ գործածուած է:
Օրինակի համար, Ամիրդովլաթ Ամասիացի «Օգուտ բժշկութեան» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Ա՛ռ մարդու մազ, խածկէ, ուստուպաճ խառնէ, եարային վրան ցանէ»:
Գարեգին Սրուանձտեանց կը նշէ, թէ գաւառներու մէջ եւս օգտագործուած է եարա բառը. կը գրէ. «Ամենամեծ փորձութիւն է այս քաղաքին այն պալարը, զոր Տիարպէքիրի եարա կը կոչեն եւ զոր կը հանեն ոտից եւ ձեռաց վրայ, երեսի վրայ, ոմանց ալ քթին, ճակատին եւ աչքին կը պատահի»:
Յովսէփ Մալէզեան եարա բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել վէրք բառը:
Ժ.- ԶԱՐԱՐ
Այս բառը ամենէն շատ գործածողներէն մէկը եղած է Սայաթ Նովա. ան իր տաղերուն եւ երգերուն մէջ յաճախ գործածած է: Օրինակի համար, Սայաթ Նովա իր երգերէն մէկուն մէջ կը գրէ. «ասաց թէ. «Քի զարար շինեցիր շահըտ»:
Հայ վաճառական ու ճանապարհորդ Զաքարիա Ագուլեցի իր օրագրութեան մէջ կը գրէ. «Աքուլիս նոր ձուն եկաւ, շատ զարար տուեց»:
Յովսէփ Մալէզեան զարար բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել վնաս բառը:
ԺԱ.- ԷՍԿԻՃԻ
Էսկիճի բառը յաճախ գործածուած բառ մըն է. նոյնիսկ անոր հիման վրայ գոյութիւն ունի Էսկիճեան մականունը, որ մինչեւ օրս գործածութեան մէջ է։
Արփիար Արփիարեան «Ոսկի ապրջան» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «իրիկուն մը էսկիճիի մը քլիւպէին առջեւէն անցած ատենը, ներսէն «քա՛հքա՛հ»ներ կը լսէ»:
Լեւոն Բաշալեան իր «Սիւզէնիի վարպետ» աշխատութեան մէջ կը յիշէ էսկիճի Սեփօ անունով անձ մը:
Յովսէփ Մալէզեան էսկիճի բառին փոխարէն կ՚առաջարկէ հնավաճառ բառը, սակայն Միքայէլ Նալպանտեան այդ բառը հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ «Նրան տրուած մականունը՝ էսկիճի , նշանակում է հին կօշիկ կարկատող»:
ԺԲ.- ԷՍՆԱՖ
Էսնաֆ բառը էսկիճիի նման շատ գործածուող բառերէն մէկն է. շատ հայեր հին ժամանակ ճանչցուած էին «էսնաֆ» անուամբ:
Էսնաֆ բառը Գրիգոր Զօհրապի «Կեանքը ինչպէս որ է» աշխատութեան մէջ յիշուած է. ան կը ներկայացնէ անձ մը, «Էսնաֆ ընտանիքի աղջիկ, պարզուկ ու անբիծ սիրտ» բառերով:
Արփիար Արփիարեան «Ոսկի ապրջան» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Մեր խեղճ գրաշար էսնաֆը շան չափ ալ յարգ չունի»:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -317-
Սփիւռքահայ մը հայրենիք հաստատուելէ ետք կ՚երթայ բանջարեղէն առնելու: Հայաստանի մէջ ապրելու ինքնավստահութեամբ վաճառողէն «անանուխ» կը խնդրէ. կը ստեղծուի տարօրինակ տեսարան մը. վաճառողը զարմանքով կը նայի, թէ ինչ է «անանուխ», իսկ առեւտուր ընող կինը կը զարմանայ, թէ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ հայրենիքի մէջ չգիտնան բառ մը՝ որ մանկապարտէզի օրերէն մեզի սորվեցուցած են:
Մի քանի վայրկեան ետք կը պարզուի, որ ուզուածը «մաղտանոս» է. կինը ապշած կը մնայ. եթէ գիտնար այն բառը՝ որ Լիբանան կը գործածուէր, կը գործածուի նաեւ հայրենիքի մէջ, ինքզինք մաքուր հայերէն խօսելու չէր պարտադրեր:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան