ՊԱՐԹԵՒ ԿԱՐԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ
Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ «Մեսրոպաշունչ երգեր» խորագրեալ երաժշտական ձեռնարկ մը։ Այս առթիւ հանդէս եկաւ համակրելի երգիչ Պարթեւ Կարեան։ Սիրուած երգիչին նուագակցեցաւ «Առագաստ նուագախումբ»ը, որուն անդամներն են՝ Արի Հերկել, Ռաֆֆի Տէր-Գէորգեան, Սայաթ Տալտալ եւ Ռոպէր Տողանայ։ Երեկոյթը արտասովոր մթնոլորտ մը ստեղծեց, որովհետեւ ան նուիրուած էր երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքին։
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներ, Ս. Ներսէսեան դպրաց դասու եւ Կազդուրման կայանի վարչութեան անդամներ, երաժիշտ Մաժակ Թօշիկեան, «Մենք Երգենք» ծրագրի կազմակերպիչներէն Սեւան Աթաօղլու եւ երաժշտական խորհրդատու Յակոբ Մամիկոնեան։
Երեկոյթի սկիզբին Պարթեւ Կարեան տեղեկութիւններ տուաւ հանդիսութեան մասին եւ ըսաւ, թէ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դարաւանդը իրեն համար բարոյական իմաստ մը ունի, քանի իր առաջին համերգը սարքած է այս վայրին մէջ, երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի առաջարկով։ Հետեւաբար, այս դարաւանդին մէջ կատարուած յիշատակութիւնը ձեւով մը պարտք կը համարէ։ Ան ապա հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ երեկոյթի կատարումներուն մասին։ Հանդիսութեան ընթացքին Մարալ Աթաման եւ Լարա Նարին եւս անակնկալ ներկայացում մը ունեցան։ Համերգի ընթացքին մե՛րթ յուզումնալի, մերթ զուարթ երգերը մեծապէս ոգեւորեցին ներկաները։ Հանդիսութեան աւարտին Պարթեւ ծափողջոյններու տարափի ներքեւ գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ։
Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ ըսաւ, որ Պարթեւը եւ ընկերները սոսկ երգիչ եւ կամ նուագող չեն անուաներ Գնալը կղզիի մէջ, այլ անոնք կը կոչուին բարեկամներ, որոնք եկած են իրենց բարեկամները երաժշտութեամբ ոգեւորելու։ Ապա ան շեշտեց, որ Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանումէն յետոյ Ներսէսեան դպրաց դասով հաստատուած է Մեսրոպաշունչ ձեռնարկը եւ համավարակէ յետոյ ուրախութիւն է նոյն խորագրեալ երեկոյթի շարունակութիւնը։ Հայր սուրբը նաեւ ըսաւ, թէ արտասահմանի մէջ երբ հանդիպումներ կ՚ունենայ յատկապէս պոլսահայ շրջանակներէ ներս, անոնք օրակարգի կը բերեն Պարթեւի մասնակցութեամբ համերգ մը կազմակերպել։ Հետեւաբար, Պարթեւ արտասահմանի մէջ եւս համակրանքի արժանացած է եւ ուրախութիւն է լսել այս մասին։
Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ «Հայորդիք» երգով ու ծափերով։