ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ՔԱՐԻՒՂԻ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԴՈՒՐՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԷՆ

Նոր­վե­կիոյ քա­րիւ­ղի «Statoil» ըն­կե­րու­թիւ­նը այս շրջա­նին ի­րե­րա­յա­ջորդ կը դադ­րեց­նէ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ ա­ռըն­չա­կից գոր­ծարք­նե­րը։ Մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին այս ըն­կե­րու­թիւ­նը ո­րո­շած էր հրա­ժա­րիլ Անդ­րա­նա­տո­լեան կա­զա­մուղ խո­ղո­վա­կա­շա­րի կա­ռուց­ման նա­խագ­ծէն։ Այս ծրա­գի­րը կը նա­խա­տե­սէ Ատր­պէյ­ճա­նի բնա­կան կա­զը Թուր­քիոյ վրա­յով հասց­նել Եւ­րո­պա։

Յի­շեալ ո­րո­շու­մէն ան­մի­ջա­պէս վերջ նոր­վե­կա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը ո­րո­շեց նաեւ վա­ճա­ռել Անդ­րադ­րիա­կան կա­զա­մու­ղի նա­խագ­ծի իր շա­հա­բա­ժի­նը։ Այդ ծրա­գի­րը կը նա­խա­տե­սէ Ատր­պէյ­ճա­նի բնա­կան կա­զը փո­խադ­րել Եւ­րո­պա եւ ա­նոր շրջագ­ծին մէջ 20 տո­կոս մաս­նա­բա­ժին մը ու­նէր նոր­վե­կա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ատր­պէյ­ճա­նի նաւ­թի պե­տա­կան ըն­կե­րու­թեան՝ ՍՕ­ՔԱՐ-ի նա­խա­գահ Ռով­նաք Ապ­տուլ­լաեւ «Րէօյ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թեան յայ­տա­րա­րեց, որ ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նին «Statoil» ըն­կե­րու­թեան մաս­նա­բա­ժի­նը ձեռք բե­րել փա­փա­քող­ներ։ Իսկ նոր­վե­կա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը հրա­ժա­րած է մեկ­նա­բա­նե­լէ իր մաս­նա­բա­ժի­նը վա­ճա­ռե­լու վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կու­թիւ­նը։ Ըն­կե­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը «Րէօյ­թըրզ»ին յայ­տա­րա­րած են, որ ի­րենք սո­վո­րա­բար չեն մեկ­նա­բա­ներ ի­րենց գոր­ծարք­նե­րը։

«Statoil» Ատր­պէյ­ճա­նի «Շահ­տե­նիզ» հան­քին մէջ իր ու­նե­ցած մաս­նա­բա­ժի­նը ան­ցեալ Ապ­րի­լի 30-ին վա­ճա­ռած էր Մա­լե­զիոյ «Փե­թո­նաս» ըն­կե­րու­թեան եւ հե­ռա­ցած՝ Ատր­պէյ­ճա­նէն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2015