ՕԳՈՍՏՈՍԻ 14. ԿՐԿՆԱԿԻ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ՕՐ

Օգոստոսի 14-ին՝ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրային կեդրոնի ողբերգական պատահարի առաջին տարելիցի օրը ուրիշ դաժան պատահար մը ցնցեց Հայաստանը. Երեւան-Կիւմրի ճանապարհին, Լանջիկ գիւղի մօտակայքին ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով տասնմէկ հոգի զոհուեցաւ, իսկ եօթը վիրաւորուեցաւ, վիրաւորներուն մէկ մասին վիճակը ծանր է…

Աւելի վերջ պարզ դարձաւ, որ իրարու բախած են բեռնատար ինքնաշարժ մը եւ Թուրքիայէն վերադարձող զբօսաշրջիկներու հանրաշարժը: Զբօսաշրջիկները Թուրքիոյ պատմական հայկական վայրերը այցելած էին հայաստանեան «Համշէն թուր»ին հետ, որ Հայաստանի զբօսաշրջային ընկերութիւններու մէջ առաջատար է մանաւանդ Հայկական լեռնաշխարհ, Կիլիկիա, Կապադովկիա, Համշէն, Միջագետք, Ջաւախք եւ այլ վայրեր Հայաստանէն զբօսաշրջիկներ տանելու իր տարիներու փորձով:

«Համշէն թուր»ը գրեթէ ամէն շաբաթ ուղեւորութիւններ կ՚իրականացնէ դէպի Թուրքիա եւ նշուած վայրեր, Հայաստանի տարածքին նոյնպէս արշաւներ եւ քայլարշաւներ կը կազմակերպէ, մասնայատուկ վերելքի լեռնարշաւ ունի Արարատի գագաթ, ինչպէս նաեւ՝ ճիփ-արշաւներու եւ արտասովոր զբօսաշրջութեան ծրագիրներ, որոնք բոլորն ալ տարիներու ընթացքին սովորաբար լաւ համբաւ բերած են ընկերութեան:

Դաժան արկածի ենթակուած այս խումբը եռօրեայ այց ունեցած էր դէպի Անի, Վան, Կարս, Պայազիտ, Բերկրի, Մասիսի լանջեր, Մուշ, Բասէն: Ինչպէս նշուած է յայտարարութեան մէջ, եռօրեայ այս այցի մասնակիցները պիտի տեսնէին Անին, լողային Վանայ լիճին մէջ, համտեսէին Վանայ տառեխ, այնուհետեւ պէտք է նաւարկէին դէպի Աղթամար կղզի, բարձրանային Կարսի բերդը, տեսնէին Մշոյ դաշտը, նախատեսուած էր անցնիլ Մասիսի լանջէն, կանգ պիտի առնէին Բերկրիի ջրվէժին քով, երթային Վան, Իգդիր, Կարս, Պայազիտ քաղաքներ, Սարըքամըշ, Բասէն եւ այլ տեսարժան վայրեր:

Այս ծրագիրը բարեյաջող աւարտելէ ետք զբօսաշրջիկները տուն կը դառնային: Ընկերութեան վարձած հանրաշարժին մէջ կար 17 ուղեւոր, անոնցմէ միայն մէկը Ռուսաստանի քաղաքացի էր, միւս բոլորը հայաստանցիներ էին: Թէ ի՛նչ հանգամանքներու մէջ իրարու բախած են երկու ինքնաշարժերը՝ ցոյց կու տայ միայն մանրամասն մասնագիտական քննութիւնը, նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ՝ ճանապարհային երթեւեկութեան անվտանգութեան ապահովման ուղղուած պահանջները, ճանապարհային երթեւեկութեան կամ փոխադրամիջոցներու շահագործման անվտանգութիւնը ապահովող կանոնները խախտելու յատկանիշներով: Մինչ մանրամասնութիւններ կը պարզուին, վիշտը, ցաւը, ափսոսանքը կրկին պատած է Հայաստանը: Մարդիկ կը քննարկեն, հազար ու մէկ վարկած յառաջ կը քաշեն, թէ ինչո՛ւ պատահեցաւ այս խոշոր եւ մահաբեր վթարը: Արդեօք հանրաշարժին վարորդը յոգնա՞ծ էր՝ երկար ճանապարհ քշելէ ետք, արդեօք բեռնատարին վարորդը սխալ երթեւկելի գօտի դուրս եկա՞ծ էր, որու պատճառով մանաւանդ կրնար պատահիլ այսպիսի աղէտ մը… Հանրաշարժի վարորդը զոհերու մէջ է, իսկ բեռնատարի վարորդը՝ վիրաւորներու: Պատկան մարմինները արդէն յայտնած են, որ ան ծանր վիճակի մէջ է եւ ունակ չէ բացատրութիւն տալու: Անոր անվտանգութիւնը հիւանդասենեակին մօտ կը հսկեն ոստիկանները՝ հնարաւոր վրէժի գործողութիւններէն զերծ պահելու համար զայն:

Այս արկածը ցնցեց ողջ Հայաստանը, որովհետեւ շատ է զոհերուն թիւը, եւ բոլորն ալ երիտասարդներ են: Մինչդեռ, Հայաստանի ճանապարհներուն ամէն օր կը պատահին ինքնաշարժի արկածներ, որոնց մեծ մասը մարդկային կեանքեր կը խլեն: Այդ արկածներէն ետք միայն կը քննուին կամ կը դատուին վարորդները, եթէ անոնք ողջ մնացած ըլլան: Ոչ մէկ պատասխանատուութեան կ՚ենթարկուին ճանապարհներու կանոնակարգութեան, գիշերային լուսաւորութեան ապահովման պատասխանատուները, ինքնաշարժներու անսարքութիւնը, վարորդներու արհեստավարժութիւնը ստուգողները:

Բազմաթիւ անգամներ խօսուած է, որ մանաւանդ Կիւմրի տանող ճանապարհները շատ վատ վիճակի մէջ են, մօտաւորապէս տասն տարիէ ի վեր կը նորոգուին եւ նորոգումը աւարտին չի հասնիր: Այդ ճանապարհներուն շատ են փոսերը, քանդումները, պատշաճ կերպով չեն դրուած ցուցանակներն ու երթեւեկութիւնը դիւրացնող նշանները, մանաւանդ՝ շինարարութեան պայմաններու տակ: Կիւմրին Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ քաղաքն է՝ իր մեծութեամբ եւ նշանակութեամբ, իսկ վերջին տարիներուն նաեւ՝ հիմնական զբօսաշրջային ուղղութիւնը: Կիւմրիէն Երեւան տանող ճանապարհները նաեւ կը գործածուին Հայաստանի երկու դրացի երկիրներ՝ Վրաստան եւ Թուրքիա ելումուտի ժամանակ, եւ նման վատ ու չկանոնակարգուած ճանապարհներ ունենալը պարզապէս իշխանութիւններու անգործութեան եւ անտարբերութեան մասին կը խօսի: Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ երթեւեկութեան մշակոյթը կը գտնուի շատ վատ վիճակի մէջ. իրարու ճանապարհ զիջիլը, կամաց եւ զգուշաւոր վարելը, ամրագօտիներ կապելը եւ նման տարրական անվտանգութեան միջոցներու հետեւիլը շատ մը վարորդներու կողմէ աւելորդութիւն եւ մանրուքներ կը նկատուին եւ անոնք ինքնավստահ կերպով կ՚անտեսեն բոլոր օրէնքները, որոնք շատ յաճախ ողբերգական վիճակներու կը յանգեցնեն: Անվերջ կը խօսուի նաեւ վարորդական իրաւունք տրամադրելու մասին, որ վերջին տարիներուն կը տրուի թէ՛ փորձառու, թէ՛ անփորձ վարորդներուն, իսկ անփորձները փորձառուներուն հետ նոյն ճամբուն վրայ կը յայտնուին ու այս անհաւասարութեան զոհ կը դառնան նաեւ փորձառուները:

Տակաւին անցեալ տարի այս օրերուն՝ «Սուրմալու» առեւտրային կեդրոնին մէջ 16 հոգիի կեանքը խլած աղէտին առթիւ գրած էի, որ հայաստանցիները կարծես զուրկ են սեփական կեանքը վտանգներէ պաշտպանելու տարրական բնազդներէ: Այդպիսի բնազդները յատուկ են առհասարակ, կենդանական աշխարհի ներկայացուցիչներուն, եւ բանական մարդն ալ մաս կազմելով կենդանական աշխարհին, բնականաբար, օժտուած պէտք է ըլլայ այդ անգիտակից մղումներով:

Մարդը կենդանական աշխարհի այն միակ ներկայացուցիչն է, որուն շնորհուած է խօսելու ունակութիւնը։ Իսկ խօսիլ, կը նշանակէ նաեւ դատել եւ ապա գործել… Այսօրուան միջին հայաստանցին դատելու ունակութիւնը կորսնցնելու ճանապարհին է: Նոյնիսկ վայրի բնութեան մէջ այսօր կենդանիները ինքզինք պաշտպանելու բնազդները չեն կորսնցուցած. ի՞նչ պատահած է մարդուն, որ այսօր կը գործէ՝ առանց իր ապահովութեան մասին մտածելու: Հանրաշարժին մէջ կը տեսնես՝ մայր մը իր մանուկը դրած է կողքի նստարանին, առանց կապելու, առանց ձեռքէն բռնելու, եթէ պզտիկ անկանոն շարժում մը ընէ հանրաշարժը՝ մանուկը կը յայտնուի դիմացի բաց տարածութեան մէջ: Կամ՝ Երեւանի մէջ կտրելու սկսած են թթուածին սփռող, ամառը ստուեր ապահովող խոշոր ծառերը եւ անոնց տեղը կը տնկեն մանր, գաճաճ թուփեր: Այսինքն, բանական մարդը ինքն իր ձեռքով կը կտրէ իրեն օդ ապահովող հսկայ ծառերը… Անկարելի է հաւատալ, որ դատելով կ՚ընէ այդ մէկը:

Այսօր մեր երկրէն ներս շատ մը տեղերու մէջ կարելի չէ ապահով զգալ, երբ կը համոզուինք, որ ամենանուազ պայմաններն իսկ չեն պահպանուած: Ամբողջ քաղաքը շինարարութեան հրապարակի վերածուած է, մայթերէն կը քալես եւ մայթերուն վրայ կը թափուի նոր կառուցուող շէնքի մը աւազը, փոշին, մանր քարեր կը յայտնուին առջեւդ: Քանիցս ականատես եղած եմ, թէ ինչպէս այդ շինարարութիւնները կատարող բանուորները հանած են իրենց պաշտպանիչ գլխարկները՝ այդ մէկը աւելորդութիւն նկատելով եւ բաց գլուխով քար կը շարեն կամ շինարարութեան տակ կեցած՝ ուրիշ գործ կը կատարեն, մէկ ձեռքին՝ սիկառէթ, միւս ձեռքին՝ գործիքը: Եւ հակառակ որ հսկող մը կ՚ըլլայ այդ վայրերուն մէջ, բայց անտարբեր է սիկառէթի վառուած վտանգաւոր կրակին հանդէպ ալ, բաց գլուխով աշխատող մարդոց կեանքն ալ իրեն չի հետաքրքրեր, ան աւելի շատ շինարարութեան որակը կը հսկէ եւ պահակ է շինանիւթին, որ թափուած է ամէն կողմ:

Անհերքելի է, որ այսպիսի անհատական մակարդակէն կը սկսի երկրի մը անվտանգութիւնը: Մարդկային գործօնը շատ կարեւոր է անվտանգութեան հարցին մէջ, եւ յաճախ մէկ մարդու վրիպումով կամ անտարբեր գործունէութեամբ հազարներ կը տուժեն:

Եւ հերթական պատահարը ուշ չմնաց. ահաւոր արկածը խլեց կեանքեր, որոնք բոլորն ալ լուսաւոր երազներով ճանապարհ ելած էին՝ տեսնելու համար հայկական պատմական հնավայրերը, եկեղեցիները, հպելու նախնեաց հետքերուն…

Շատ արագ պարզ դարձաւ բոլորին ինքնութիւնը: Ամենաերիտասարդ զոհը Սիւնիքի Կոռնիձոր գիւղէն է՝ 18-ամեայ Եւա Փարսեանը: Ան այս տարի աւարտած էր դպրոցը եւ ընդունուած Երեւանի Պետական համալսարանի Պատմութեան բաժինը: Իր ֆէյսպուքի էջի վերջին գրառումը եղած էր յուլիսի 30-ին, հետեւեալ բովանդակութեամբ. «Վաղը, երբ այս ամէնը աւարտի, ու խաղաղութիւնը բարեհաճի գալ, ես կ՚ուզեմ խաղաղուի՜լ, խաղաղուի՜լ, խաղաղուի՜լ…»:

Խօսքը, վստահաբար, Արցախի շրջափակման մասին է: Եւան, բնակելով սահմանամերձ Կոռնիձորի մէջ, ամենօրեայ դրութեամբ կը տեսնէր շրջափակման հետեւանքները, ականատես կ՚ըլլար ինչպէս Հայաստանէն Արցախ ղրկուած մարդասիրական օգնութեամբ բարձուած ինքնաշարժները շաբաթներ շարունակ կեցած են իր հայրենի գիւղի մուտքին եւ կը սպասեն արտօնութեան՝ մտնել Արցախ եւ հարիւր հազարաւոր արցախցիներու սնունդ հասցնել: Եւան չտեսաւ այդ օրը, չտեսաւ նաեւ իր երազած խաղաղութիւնը, որ ոչ ոք գիտէ՝ մօ՞տ է արդեօք…

Եւան հայկական պատմական վայրերը գացած էր իր պատմութեան ուսուցչուհիին՝ 27-ամեայ Նարէ Ամարեանին հետ: Ան նոյնպէս զոհուած է…

Զոհերու մէջ էին Գեղարքունիքի մարզէն ամուսիններ՝ 50-ամեայ Պորիս Թորոսեանն ու 45-ամեայ Անահիտ Յակոբեանը եւ անոնց խնամիները՝ կրկին ամուսիններ, Կոտայքի մարզի բնակիչներ 51-ամեայ Ալվարդ Մարտիրոսեանն ու 56-ամեայ Արայիկ Մուրատեանը:

Զոհերէն 21-ամեայ Հելէն Տատայեանը Արցախէն է, ծնողքը՝ շրջափակման մէջ են, եւ ինն ամիսէ ի վեր՝ Հելէնն ու ընտանիքը զիրար չեն տեսած: Հելէնի մահուան մասին այսպիսի մահախօսական տարածած էր «Եւրասիա» միջազգային համալսարանը.

«Խոր կսկիծով կը յայտնենք, որ օգոստոսի 14-ին Շիրակի մարզի Լանջիկ գիւղի մօտակայքին տեղի ունեցած խոշոր ու ողբերգական վթարի զոհ դարձած է նաեւ մեր լուսաւոր գործընկերն ու ուսանողուհին՝ արցախցի Հելէն Տատայեանը: Ան կ՚ուսանէր «Կառավարում» մասնագիտութեան աւարտական դասարանին մէջ, ամպիոնի վարիչի օգնականն էր, փայլուն ուսանող եւ «Օհանեան» կրթաթոշակակիր, բազմաթիւ նախագիծերու մէջ կամաւոր էր ու հրաշալի թիմակից»:

Զոհուածներու մէջ էր 41-ամեայ Լիաննա Քոչինեանը, որ Երեւանի մանկապարտէզներէն մէկուն մէջ մանկավարժ կ՚աշխատէր, ան ուխտի գացած էր Աղթամար: Անոր մահուան մասին մահազդ տարածած էր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արարատեան Հայրապետական թեմի երիտասարդական միութիւնը.

«Ցաւով կը տեղեկացնենք, որ Շիրակի մարզին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական վթարէն մահացածներու մէջ էր Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ երիտասարդաց միութեան անդամ Լիաննա Քոչինեանը։

«Արարատեան Հայրապետական թեմի երիտասարդաց միութիւններու հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս Աւ. Քահանայ Մալեանը եւ թեմի բոլոր երիտասարդները կը ցաւակցին Լիաննայի հարազատներուն եւ ընկերներուն։

«Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, մեր լուսաւոր Լիաննա:

«Խունկ, աղօթք եւ խոնարհում մեր սիրելի Լիաննայի անմար յիշատակին»:

Վթարէն մահացած մէկ այլ երիտասարդ՝ 24-ամեայ Ամալիա Մնացականեան ծնունդով Գեղարքունիքի մարզէն էր, կը բնակէր Երեւան: Անոր մասին ընկերները գրած են, որ շատ բարի, նպատակասլաց եւ ուժեղ երիտասարդուհի մըն էր, կը սիրէր ճամբորդել։ Ամալիան աշխատած է «Դասաւանդէ, Հայաստան» ծրագրին եւ այլ կրթական նախագիծերու մէջ: Կ՚ուսանէր Երեւանի Լեզուագիտական համալսարանը, եւ եռօրեայ այս արշաւին միացած էր իր նշանածին՝ 23-ամեայ Էտուարտ Քոլոյեանին հետ։ Նշանածը վիրաւոր է եւ վիճակը ծանր:

«Համշէն թուր» ընկերութեան այս այցը կատարուած է Մառլէն Մարգարեանի հանրաշարժով: Մառլէն Մարգարեանի մասին կը նշուի, որ շատ բծախնդիր եւ ուշադիր վարորդ մըն էր, երկար տարիներէ ի վեր կը գործակցէր «Համշէն» ընկերութեան հետ, ան միաժամանակ Երեւանի «Այբ» դպրոցի աշակերտական հանրաշարժերէն մէկուն վարորդն էր:

«Համշէն թուր» ընկերութեան ղեկավար, թրքագէտ, սփիւռքի նախկին նախարար Մխիթար Հայրապետեանի խորհրդականը՝ Գէորգ Պետրոսեան հետեւեալ գրառումը կատարած է զոհուած վարորդի, ինչպէս նաեւ՝ զբօսավարի՝ 21-ամեայ Մուշեղ Էլոյեանի մասին.

«Իմ ցաւակցութիւնը ողբերգական վթարի հետեւանքով զոհուածներու ընտանիքներուն ու ընկերներուն։ Այս ամէնը աննկարագրելի չափի ողբերգութիւն է, չես ալ գիտեր, թէ ինչ խօսիլ, ինչ ըսել։ Այս ողբերգութեան պատճառով կորսնցուցած եմ նաեւ իմ լաւ ընկերներս․ տարիներով հազարաւոր քիլօմեթրեր կտրած իմ շատ սիրելի ընկեր Մառլէնը եւ մեզի հետ իր նոր ճանապարհին սկսած, անչափ լուսաւոր, պայծառ, խելացի Մուշեղը, որուն հետ ալ երկար ճանապարհ պիտի անցնէինք։ Շատերդ գիտէիք Մառլէնը որպէս վարորդ, որ մեզ կը հասցնէր մեր սիրելի վայրեր, իսկ Մուշեղը մէկ անգամ տեսածներն ալ հասցուցած են սիրել զինք: Ցաւը աննկարագրելի չափի է ու հետզհետէ կը խորանայ: Բոլորին համբերութիւն ու չեմ գիտեր, թէ ինչ չափի ուժ։ Աւելի բան այս պահուն չեմ կրնար գրել կամ ըսել։

«Շնորհակալ եմ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք այս ծանրագոյն պահուն մեր եւ զոհուածներու ընտանիքներուն կողքին են»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2023