ԱՆԳԻՏԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ
Անգիտութիւնը՝ չգիտնալ ձեւացնելու գործողութիւնն է։ Անգիտութիւնը անտարբերութեան արտայայտութիւն մըն է։ Յաճախ անաստուածութիւնը կը հիմնուի մարդկային ինքնիշխանութեան թիւր յղացումի մը վրայ՝ որ կը հասնի մինչեւ իսկ Աստուծոյ հանդէպ ամէն կախուածութիւն մերժելու։ Այս կը բխի անտարբերութենէ, որ կը համապատասխանէ անգիտութեան։ Եւ սակայն Աստուծոյ ճանաչումը ո՛չ մէկ կերպով կը հակադրուի մարդուն արժանապատուութեան, քանի որ այս արժանապատուութիւնը Աստուծոյ մէջ իսկ իր հիմքը եւ իր լրումը կը գտնէ։ Ուստի եւ Եկեղեցին գիտէ, թէ իր պատգամը հա՛շտ է մարդկային սրտին գաղտնի, թաքուն խորքերուն հետ։
Անգիտապաշտութիւնը. «Agnosticisme» որ մարդկային կեանքին մէջ զանազան կերպարանքներ կը ստանայ։ Կարգ մը պարագաներու մէջ, անգիտապաշտութիւնը կը մերժէ ժխտել եւ ուրանալ Աստուած, մանաւանդ՝ ան կ՚ենթադրէ գոյութիւնը գերակայ էակի մը, որ չի՛ կրնար ինքզինք յայտնել եւ որուն մասին ոչ ոք կարող է ոչինչ ընել։ Ուրիշ պարագաներու մէջ, անգիտապաշտը. «personne agnostique» լռութիւն կը պահէ Աստուծոյ գոյութեան մասին՝ յայտարարելով, թէ անկարելի է փաստել զայն եւ նոյնիսկ հաստատել զայն կամ ժխտել։
Անգիտապաշտութիւնը կրնայ երբեմն բովանդակել որոշ որոնում մը Աստուծոյ, սակայն կրնայ հաւասարապէս ներկայացնել «անտարբեր կեցուածք» մը, «փախուստ» մը գոյութեան վերջին հարցականէն եւ հեղգութիւն մը բարոյական խղճմտանքին նկատմամբ։
Անգիտապաշտութիւնը դժբախտաբար շատ յաճախ համազօր է «գործնական անաստուածութեան»։
Թէ ի՞նչ է հիմնական տարբերութիւնը անգիտապաշտութեան եւ անաստուածութեան։
Անաստուածը Աստուծոյ գոյութեան չի հաւատար՝ անգիտապաշտը կը հաւատայ, որ անկարելի է գիտնալ Աստուած գոյութիւն ունի՞ թէ ո՛չ։ Արդարեւ, կան՝ անաստուած անգիտապաշտներ, ինչպէս նաեւ՝ անգիտապաշտ անաստուածներ։ Այս երկուքին հասարակաց պատճառն է՝ անտարբերութիւնը եւ մտքին ու սրտին անմիաբանութիւնը։
Անաստուածութիւնը կրօնի առաքինութեան դէմ գործուող «մեղք» մըն է, քանի որ Աստուծոյ գոյութիւնը կը մերժէ կամ կը ժխտէ։ Այս «մեղք»ին յանցանքը կրնայ լայն չափով թեթեւնայ դիտաւորութիւններուն եւ պարագաներուն համեմատ։ Անաստուածութեան ծագումին եւ տարածումին մէջ հաւատացեալները կրնան իրենց ոչ աննշան բաժինը ունենալ։ Արդարեւ, հաւատքին դաստիարակութեան անտեսումով եւ վարդապետութեան խաբէական պատկերացումներով եւ նաեւ իրենց կրօնական, բարոյական եւ ընկերային կեանքին մէջ իրենց թերացումներով, կարելի է ըսել, թէ հաւատացեալները Աստուծոյ եւ կրօնքին վաւերական դիմագիծը աւելի կը քօղարկեն քան թէ կը բացայայտեն։
Անաստուածապաշտութեան յաճախադէպ մէկ ձեւն է գործնական «նիւթապաշտութիւն»ը՝ որ իր կարիքները եւ փառատենչութիւնները ժամանակին եւ միջոցին մէջ՝ նեղ սահմաններու ներքեւ կը փակէ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 18, 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 12/03/2024
- 12/03/2024