ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՀԻՒՐԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի ամարանոցին մէջ ընդունեց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ եւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, յայտնի երաժիշտ Մաժակ Թօշիկեանը, Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանը, «Մարալ» երգի-պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանը եւ գլխաւոր պարուսոյց Իրիս Չափքանը։

Մաժակ Թօշիկեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ տուաւ Աղթամարի շրջանի առասպելական պատմութեան հետ առընչուած գեղարուեստական իր նոր ծրագրի եւ թեքնիք մանրամասնութիւններու մասին։ Ան փափաք յայտնեց, որ «Մարալ» պարախումբը մաս կազմէ սոյն ծրագրին։ Զրոյցի ընթացքին տեղի ունեցան կարծիքի փոխանակումներ եւ «Մարալ» համոյթի ներկայացուցիչները պատրաստակամութիւն յայտնեցին սոյն գեղարուեստական ծրագրին մաս կազմելու եւ գործակցելու կապակցութեամբ։

Հանդիպման աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց Մաժակ Թօշիկեանի նոր ծրագրին կապակցութեամբ եւ յոյս յայտնեց, թէ սոյն նախաձեռնութիւնը կեանքի կը կոչուի նաեւ Պոլսոյ մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը մաղթեց, որ նախաձեռնութիւնը յաջողութեամբ պսակուի ու եզակի այս ծրագիրը ցոյց տայ համայնքի անդամներուն գեղարուեստական բարձր կարողութիւնները։

Շաբաթ, Օգոստոս 19, 2023