ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԳԻՆԵՁՕՆ
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Patrik Avedis'in Gizemli Yaşamı» գիրքին շնորհանդէսը։
Հանդիսութեան ներկայ էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ «Արաս» հրատարակչատունէն Եդուարդ Թովմասեան եւ մշակութասէր կղզեբնակներ։
Հանդիսութեան սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ ուրախութիւնը յայտնեց, թէ «Արաս»էն վերջերս լոյս տեսած գիրքի շնորհանդէսը կը կատարուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
Շնորհանդէսի յայտագրի տեւողութեան միասնաբար երգուեցաւ «Ի վերին» երգը եւ հոգեհանգստեան աղօթք կատարուեցաւ Աւետիք Պատրիարքի հոգւոյն ի հանգիստ։ Աւելի վերջ Սիրվարդ Մալխասեան «Արաս» հրատարակչատունէն Սեւան Տէյիրմենճեանի հետ զրուցեց իր աշխատութեան մասին։
Մալխասեան տեղեկութիւններ տուաւ իր գործունէութեան մասին։ Այս բոլորին մէջ յիշարժան էր «Արաս» հրատարակչատունէ ներս իր կատարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ երկարամեայ ծառայութիւնը՝ որպէս Պատրիարքարանի դիւանի քարտուղար։ Ան պատմեց, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս Թոխատեցի Աւետիք Պատրիարքի մասին նման աշխատութիւն մը տարած է։ Հեղինակը յայտնեց, թէ սոյն հատորը, նախ եւ առաջ, իր նպաստը կը բերէ պատմական իմաստով, որպէսզի մեր երիտասարդները իմանան մեր նախորդներէն յիշատակութիւններ եւ տեսնեն, թէ որքա՜ն մեծ զոհողութիւններ յանձն առած հոգեւորականներ ունեցած ենք։ Մալխասեան անդրադարձաւ 18-րդ դարուն հայ ժողովուրդին մէջ իրականացած մարդորսութեան, որուն որպէս հետեւանք Աւետիք Պատրիարք գահընկէց եղած էր, ինչպէս նաեւ աքսորուած եւ ապա օտար երկրի մէջ իր հոգին աւանդած։ Յատկապէս իր կեանքի վերջաբանը նիւթ դարձած է շատ մը գիրքերու եւ ֆիլմերու՝ «Երկաթեայ դիմակով մարդ» խորագիրով։ Ինք բազմաթիւ աղբիւրներէ օգտագործուելով կը ներկայացնէ, թէ Աւետիք Պատրիարքի վախճանը դարձած է ոդիսական եւ նոյնիսկ կորսուած՝ իր գերեզմանը։ Հեղինակը նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց այդ օրերուն Օսմանեան կայսրութեան, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի անդամներու կողմէ Աւետիք Պատրիարքը փրկելու համար կատարուած նախաձեռնութիւններուն մասին։
Հետաքրքրական զրոյցի աւարտին, Սիրուն Սիրունեանի եւ Լիւսի Գահվէճիօղլուի կողմէ գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր մը։ Անոնք ներկայացուցին տոհմիկ երգեր։ Իսկ երաժշտութեան աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքին գինեձօնը՝ գլխաւորութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։
Հուսկ բանքը արտասանեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց հեղինակին կողմէ տարուած աշխատանքին համար։ Ան անդրադարձաւ «Արաս» հրատարակչատան առաքելութեան ու գնահատեց իրենց հրատարակած սոյն հատորը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ըսաւ, թէ հակառակ անոր որ գիրքը թրքերէնով լոյս տեսած է, շնորհանդէսը գովելի ձեւով իրականացաւ հայերէնով։ Ան ըսաւ, որ ժողովուրդին հասանելի դառնալու համար պէտք է օգտագործել լեզուական բոլոր միջոցները, որպէսզի թէ՛ մեր ժողովուրդը եւ թէ դրացիները ծանօթանան մեր անցեալին եւ պատմութեան։ Իբր այդ, մեծապէս գնահատեց Սիրվարդ Մալխասեանի կատարած աշխատանքը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մաղթեց, որ գիրքը ի մօտոյ լոյս տեսնէ հայերէնով, ինչպէս նաեւ օտար լեզուներով, որպէսզի այս գիրքի բովանդակութիւնը հասանելի դառնայ զանազան շրջանակներէ ներս։ Ան իր գնատատանքը յայտնեց նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի գլխաւորութեամբ ձեռնարկի կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներու։
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ յանձնուած յուշանուէրներով։
Միւս կողմէ, հեղինակը երէկ ձեռնարկէն առաջ ալ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր՝ առանձնապէս ներկայացնելու համար մակագրուած գիրք մը։