ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (ԺԲ.)

Լեզու սորվեցնելու
գաղտնիքը
կրկնութեան մէջ է
Երեմիա Վրդ.

Մտաւորականութեան համար մեծագոյն խնդիրներէն մին օտարախօս մանուկները հայախօս դարձնելն էր եւ հետեւաբար անհրաժեշտ էր գտնել մէկը՝ իրագործելու լաւագոյն միջոցները գտնելը: Այդ խնդիրը քիչ մը դժուար կը թուէր, որովհետեւ անոնք արդէն իսկ բոյն դրած օտար լեզուին վրայ, նորն էին որ պիտի սորվեցնէին. այլ խօսքով հայուն հայերէն սորվեցնելը տարբերութիւն մը պիտի չունենար գերմանացիին եւ կամ ֆրանսացիին հայերէն սորվեցնելէ:

Օտարախօս մանուկները հայախօս դարձնելու համար ծրագիր մը կամ ուղեցոյց մը գոյութիւն չունէր եւ հետեւաբար շատ բան կախեալ էր ուսուցիչի կարողութենէն, որովհետեւ անոր տրուած էր ստեղծել միջոցներ զանոնք հայախօս դարձնելու:

Որպէսզի աւելի հասկնանք, պէտք է կարդանք նոյնինքն այդ ժամանակաշրջանին ուսուցիչի պաշտօն ստանձնած անձի մը յիշողութիւնները. այդ ուսուցիչներէն մէկը եղած է Երեմիա Վրդ. Ստեփանեանց. ան իր «Ուղեցոյց հայոց լեզուի աւանդման բնական ձեւը» աշխատութեան մէջ «Մեր առաջին չմշակուած դասը» գլուխին տակ հետեւեալը կը գրէ.

«Լաւ եմ յիշում առաջին դասին դասարան տարայ մոմակալ, կնքամոմ, թուղթ, ծրար: Այդ չորս առարկան եղաւ մեր պարապելու մի ժամուայ նիւթը: Պէտք է ասել, որ այդ խօսքերի հետ գործ էի ածում գործողութիւն ցոյց տուող խօսքերը (բայեր). այնպէս որ բոլորը մի տեղ հաշուած վստահ կ՚ասեմ, որ 55 րոպէում սովորել, կամ ընտելացել - ծանօթացել էինք մօտ 20 խօսքերի հետ»:

Կը տեսնենք, թէ Երեմիա Վարդապետ օտարախօս այդ մանուկներուն դիմաց այս կամ այն հեղինակին պատրաստած հայերէն դասագիրքը դնելու փոխարէն, կը փորձէ նոր ու տարբեր մեթոտներով գրաւել մանուկներու հետաքրքրութիւնը եւ անոնց գործնական ձեւով սորվեցնել բառեր՝ որոնք իրենց առօրեայ կեանքին մէջ կը գործածեն: Երեմիա Վարդապետ կը հաւատայ, թէ մանուկի բան մը սորվեցնելու լաւագոյն ձեւը կրկնութիւնն է. անոր համոզումով՝ եթէ մի քանի օրեր շարունակ նոյն բանը կրկնուի, ինքնաբերաբար մանուկին մէջ կը տպաւորուի այդ մէկը. օրինակի համար, այդ օտարախօս մանուկները վստահաբար մոմակալին տարբեր բան մը կ՚ըսէին, սակայն մի քանի տարբեր կրկնութիւններէ ետք նոյնիսկ դպրոցէն դուրս երբ տեսնեն մոմակալ մը, ինքնաբերաբար պիտի յիշեն անոր հայերէն տարբերակը: Այդ իսկ պատճառով Երեմիա Վարդապետ գիրքերու փոխարէն կը նախընտրէր անոնց ծանօթացնել շատ մը բառերու եւ բայերու հայերէն տարբերակները եւ անդադար կրկնել տալ զանոնք, մինչեւ հասնի այնտեղ, որ աշակերտները այդ առարկաներու հայերէն տարբերակները սկսին ըսել առանց ուսուցիչին օգնութեան:

Երեմիա Վարդապետին գրութենէն կը հասկնանք, որ մանուկները կը սիրեն այս ձեւը եւ կը սկսին իրենց հետ ամէն օր տունէն առարկաներ ու միրգեր բերել՝ լսելու եւ սորվելու համար անոնց հայերէն բառերը. այս հետաքրքրութիւնը Երեմիա Վարդապետի վկայութեամբ սկիզբ կ՚առնէ աշակերտի մը միջոցով. ուսուցիչը կը նկատէ, թէ աշակերտ մը անդադար իր ձեռքը գրպանին կը տանի. կը փորձէ մի քանի անգամ պատճառը գիտնալ եւ վերջապէս կը տեսնէ, որ աշակերտը տունէն իր հետ բերած է ձիու պայտ. Երեմիա Վարդապետ մանկավարժ ձեւով կ՚առնէ այդ պայտը եւ կը սկսի աշակերտներուն սորվեցնել պայտ բառը, «ձիու պայտ», «մեծ պայտ», «երկաթէ պայտ» ձեւերով, որպէսզի պայտի կողքին սորվին նաեւ «ձի», «մեծ» ու «երկաթ» բառերը:

Երեմիա Վարդապետի համոզումը մինչեւ օրս ի զօրու է։ Լեզու սորվեցնելու գաղտնիքը կրկնութեան մէջ է. ան այս մէկը ըսած ժամանակ կը յիշէ յունարէն լեզուի ուսուցչապետ Ճոն Ստուարտ Պլեկկի «Ֆիզիքական եւ բարոյական ինքնակրթութեան» գիրքին մէջ արձանագրած հետեւեալ տողը. «Եթէ գամը մուրճի մէկ հարուածով չի մտներ տախտակին մէջ, կրկին ու կրկին հարուածեցէք»:

Մերօրեայ ուսուցիչները պէտք է օրինակ վերցնեն անցեալէն եւ սկսին գիրքերէն դուրս գալով կեդրոնանալ մանուկներու ուշադրութեան վրայ, որովհետեւ մանուկը ատակ է սորվելու այն դասանիւթերը՝ որոնք հետաքրքրութիւն կը յառաջացնեն իր մէջ եւ այդ մէկը ուսուցիչէն կախեալ երեւոյթ մըն է: Մեր գաղութները դասագիրքեր հրատարակելու փոխարէն, պէտք է ուժ տան հայ մանկավարժ, հայ ուսուցիչ կերտելու, որովհետեւ դասագիրքերը որքան ալ լաւ ու յաջող ըլլան, ձախող ուսուցիչ մը իր հետ կը ձախողեցնէ բոլորը:

Վերոյիշեալ ձեւը ոչ միայն մանուկներու, նոյնիսկ մեծահասակներու պարագային գործնական ձեւ մըն է. օրինակի համար, արաբերէն «խըպըզ» կը նշանակէ հաց. շաբաթ մը ամբողջ անընդհատ կրկնեցէք «խըպըզ» բառը եւ պիտի տեսնէք, թէ ան ինչպէս պիտի տպաւորուի ձեր միտքին մէջ եւ գուցէ տասը տարի ետք երբ լսէք «խըպըզ» բառը, պիտի գիտնաք, որ այդ մէկը արաբերէն լեզուով հաց կը նշանակէ:

Օրինակը գուցէ տգեղ թուի, սակայն յայտնի առած մը կ՚ըսէ. «Կրկնութեամբ էշը նոյնիսկ կը սորվի». նոյն ձեւը մարդիկ կենդանիներու վրայ կը փորձեն, իրենց շունին նստիլ եւ կամ ձեռքը տալ սորվեցուցած ժամանակ:

Ամէն ժամանակէ աւելի այսօր կարիքը ունինք այս բոլորով զբաղուող յանձնախումբի մը, որպէսզի լաւագոյնս ծրագրեն օտարախօս հայերը հայախօս դարձնելու ձեւերուն մասին:

•շարունակելի…

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -328-

Լաւ հայերէն կամ այլ լեզու գիտնալ, լաւ ուսուցիչ մը ըլլալու պայման մը չէ։ Որպէս հայերէնի ուսուցիչ ունէինք բառին ամբողջական իմաստով հայագէտ մը, որ իրականութեան մէջ այնքան ալ ուսուցիչ դառնալու կարողութիւնը չունէր. հակառակ իր բացառիկ գիտութեան, այսօր կը նկատեմ, որ հայերէնի դասապահերը անցուցած ենք խաղերով ու ծաղրաբանութեամբ, որովհետեւ ուսուցիչը չունէր ուշադրութիւնը իր վրայ կեդրոնացնելու կարողութիւնը:

Այդ իսկ պատճառով, աշխարհի ամենէն դժուար պաշտօններէն մին ուսուցչութիւնն է, որովհետեւ անկէ կախեալ է այդ մանուկներուն ապագան. այսօր թիւով շատ շատ են անոնք, որոնք ուսուցիչի պատճառով ամբողջ կեանք մը ատած են թուաբանութիւնը եւ կամ գիտութեան դասանիւթը. յաջող ուսուցիչ մը կարողութիւնը ունի աշակերտին ատելի նիւթը դարձնել սիրելի եւ այդ մէկը դասագիրքէն դուրս բան մըն է:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2023