ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (ԺԵ.)

Կը տեսնենք, թէ 20-րդ դարու սկիզբը թրքախօս եւ օտարախօս մանուկները մեծ մտահոգութիւն մը եղած է մեր ազգի մտաւորականութեան համար եւ ի խնդիր այդ մանուկներու հայացումին՝ պատրաստուած են բազմաթիւ դասագիրքեր ու հրատարակութիւններ, որոնք մեծ մասամբ հրատարակուած են Պոլսոյ մէջ՝ 1900-1910 թուականներուն:

Անոնցմէ են օրինակ՝ մանկավարժ, թատերագէտ եւ խմբագիր Սմբատ Դաւթեան։ Ուսումնասիրելով այս մանկավարժի աշխատանքները, պիտի տեսնենք, որ ան իր աշխատութեան հիմնական նպատակ ընտրած է աշակերտներուն հայ լեզուի լաւագոյն ձեւով ուսուցումը. անոր աշխատանքներէն են «Վարժութիւն մանկաց» (1889), ««Տարրական քերականութիւն արդի հայերէնի» (1891), «Լրացուցիչ դասընթացք տարրական քերականութեան արդի հայերէնի» (1894), «Մանկական ոտանաւորներ» (1904) եւ բազմաթիւ այլ աշխատութիւններ: Դաւթեանի աշխատութիւններու անուանումները նոյնիսկ ցոյց կու տան հայ լեզուի եւ հայ աշակերտին հանդէպ ունեցած մանկավարժին հետաքրքրութիւնը, որովհետեւ անոր նպատակը գրականութիւն ստեղծելէ անդին նոր սերունդին հայերէն լեզուն սորվեցնելն էր:

Բարեբախտաբար պատմութիւնը արդար գտնուելով որոշ տեղեկութիւններ փոխանցած է մեզի Սմբատ Դաւթեանի մասին, որովհետեւ բոլորը չեն արժանացած այդ բախտաւորութեան. օրինակի համար, կը տեսնենք 1903 թուականին թրքախօս մանուկներուն համար աշխատութեան գիրք մը կը հրատարակէ գրավաճառ Վահրամ Մարգարեան անունով պոլսահայ մը, որուն մասին դժբախտաբար ոչ մէկ տեղեկութիւն կրցանք գտնել. կը տեսնենք, որ Մարգարեանի այս աշխատութիւնը կ՚արժանանայ նաեւ երկրորդ հրատարակութեան, ինչ որ ցոյց կու տայ անոր գործնական ըլլալը: Այս մէկը կրնանք փաստել նաեւ Մարգարեանի երկրորդ հրատարակութեան սկիզբը գրած հետեւեալ տողերէն. «Գոհ ենք, որ բազմաթիւ ուսուցիչներ ալ փորձով նոյնը հաստատեցին, խրախուսելով միանգամայն մեզ որ փութով հրատարակենք գործոյս երկրորդ տարին, որ ահա ի լոյս կ՚ընծայենք ջանք եւ խնամք չը զլանալով»:

Թրքախօս մանուկներուն համար 1906 թուականին այլ աշխատութիւն մը կը հրատարակէ Յովհաննէս Էսկիեան անուն մարդ մը, որ Պոլսոյ մէջ ունէր սեփական հրատարակչատուն մը, ուրկէ լոյս ընծայած է իր իսկ աշխատանքը: Դժբախտաբար Յովհաննէս Էսկիեանի մասին եւս տեղեկութիւններ չկրցանք գտնել. պարզապէս թերթերու մէջ կրցանք գտնել անոր գրատան մասին յայտարարութիւններ: Յովհաննէս Էսկիեանի թրքախօս մանուկներու համար պատրաստած աշխատութիւնը կը կոչուի «Գեղեցիկ վարժութիւն մայրենի լեզուի: Տաճկախօս մանուկներու համար պատրաստուած»:

Տակաւին շարքը կարելի է երկարել, ինչ որ դուրս է մեր նպատակէն:

***

Մեր օրերուն տեսա՞ծ էք անգլերէն եւ կամ ֆրանսերէն սորվեցնող գիրքեր։ Տեսած էք չէ՞, թէ ինչպէս անգլերէն եւ կամ ֆրանսերէն բառը կը գրեն եւ բառին կողքը բառին հայերէն տարբերակը, որպէսզի սորվիլ ուզողը գիտնայ իմաստը այդ օտար բառին. նոյն պատկերին հակառակը ունէին Պոլսոյ մէջ հրատարակուած այդ աշխատութիւնները:

Աւելի լաւ կարծիք կազմելու համար կը խնդրենք ստուգել յօդուածին կցուած նկարը։ Հայերէնը պէտք էր սորվեցնել թրքերէնի ճամբով, որովհետեւ թրքերէնը այդ մանուկներուն համար աւելի հարազատ էր՝ քան իրենց մայրենի լեզուն՝ հայերէնը: Եւ կը տեսնենք ամբողջ դասագիրք մը այս ձեւով կը հրատարակուի եւ հայը իր մայր լեզուն կը սորվի օտարին լեզուին ճամբով: Այդ աշակերտներուն համար կարդալը «օգումաք», բանալը՝ «աչմաք» եւ գրելը «եազմաք» ըսել էր. պէտք էր թարգմանաբար անոնց սորվեցնել այդ բառերուն հայերէն տարբերակները:

Սակայն այդ բառերուն հայերէն տարբերակները գիտնալը չի բաւեր առանց գործածելու. լեզու մը սորվելու լաւագոյն ձեւը այդ լեզուով խօսիլ փորձելն է, որովհետեւ լսողութեան եւ խօսակցութեան ճամբով է, որ աշակերտը աւելի կը տիրապետէ լեզուին եւ սխալներ ընելով հանդերձ կը սկսի զանազանել սխալը ճիշդէն: Աւելի քան դար մը առաջ ապրող ուսուցիչներ այդ մէկը ընելու լաւագոյն ձեւը կը տեսնէին աշակերտները դասերուն աւելիով մասնակից դարձնելու մէջ. օրինակի համար, ուսուցիչը փոխանակ ցոյց տայ մոմակալը եւ հարց տայ, թէ ի՞նչ կ՚ըսեն, աւելի նպատակայարմար կը նկատեն աշակերտ մը հրաւիրել, որպէսզի այդ աշակերտը հարց տայ իր դասընկերներուն. ետքը նստեցնէ այդ աշակերտը եւ ուրիշ մը հրաւիրէ: Այս մէկը անոնց մէջ թէ՛ խաղի եւ թէ մրցակցութեան ոգի մը կը ստեղծէ, ինչ որ աւելի սիրելի կը դարձնէ դասը եւ պաշտօնական ծանրութենէն դուրս կը բերէ:

Իրականութեան մէջ մեր բոլորին ծանօթ է Տէր Թոդիկի դպրոցն ու անոր գաւազանը, սակայն իրականութեան մէջ մինչեւ օրս կը շարունակեն մեզի անծանօթ մնալ այն ժամանակաշրջանին մէջ շատ մը հայ մանկավարժներու մտածումներն ու ըմբռնումները. կը կարծենք, թէ անցեալին ծեծ գոյութիւն ունէր միայն, սակայն իրականութեան մէջ մանկավարժական լաւագոյն օրինակները կարելի է քաղել նոյնինքն անցեալէն. պահ մը փորձեցէք կարդալ Ռեթէոս Պէրպէրեանի աշխատութիւնները. գուցէ 20-րդ դարու կէսերուն եւրոպացիներու կողմէ ընդունուած մանկավարժական ըմբռնումները Պէրպէրեան տակաւին 19-րդ դարուն կը բարձրաձայնէր: Կարդացէ՛ք Խրիմեան, եւ տեսէք մանկավարժական մեծագոյն դասերը եւ այս է յատկութիւնը այս մարդոց, որովհետեւ անոնցմէ շատեր բարձրագոյն ուսում չունենալով հանդերձ մեծագոյն մանկավարժներէն ետ չեն մնար:

•շարունակելի…

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -331-

Վստահաբար մեր գրած պատմութիւններու մէջ հանդիպած էք Հայաստան ապրող արաբ ընտանիքին. սկզբնական շրջանին երբ նոր Հայաստան եկան, իրենց հայերէնի ուսուցիչը ես եղայ. իրականութեան մէջ տարօրինակ զգացում մըն է ամբողջութեամբ օտարներու հայերէն սորվեցնել. տառեր՝ որոնք իրենց կեանքին մէջ առաջին անգամ կը տեսնեն:

Անոնց երեք զաւակները այսօր առանձին վիճակով շուկայ կ՚երթան, իրենց դասընկերներուն եւ դասընկերուհիներուն հետ կը խաղան եւ գրեթէ ինքնուրոյն իրենց բոլոր պէտքերը կը հոգան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 1, 2023