ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (ԺԶ.)
Այնպէս ինչպէս անցեալին, նոյնպէս այսօր պէտք է լրջօրէն մտածել ու նուիրուիլ մերօրեայ օտարախօս երիտասարդներու հայացումին. ուրախանալի երեւոյթ է, որ մեր սփիւռքահայ երիտասարդները կ՚այցելեն իրենց հայրենիքը, սակայն ցաւալի է տեսնել, որ անոնք իրարու հետ կը հաղորդակցին օտարին լեզուով եւ երբ հայը հայուն հետ օտարին լեզուով հաղորդակցելու կարիքը կը զգայ... վիճակը վտանգաւոր կարելի է նկատել:
Այսօր սփիւռքի տարածքին ունինք հայահոծ շրջաններ, ուր հայկական դպրոց գոյութիւն չունի. անդին ունինք նաեւ շրջաններ, ուր հայկական դպրոցը գոյութիւն ունի՝ սակայն միայն միջնակարգ բաժինը: Այս երեւոյթին դիմաց հայ աշակերտը կը ստիպուի յաճախել օտար վարժարան, ուր կը ստանայ օտար կրթութիւն, կ՚ունենայ օտար բարեկամներ, կ՚ընտելանայ անոնց օտար բարքերուն ու մտածելակերպին եւ որոշ ժամանակ ետք կ՚ունենաք հայեր՝ որոնք անունով հայ, սակայն մտածելակերպով, ապրումով ու զգացումով ամբողջութեամբ օտար են. օտար դպրոցներու մէջ կ՚ունենան նաեւ օտար ընկեր-ընկերուհիներ եւ հեռու չ՚ըլլար օտար ամուսնութիւն մը կնքելու տխուր հեռանկարը. իրենց զաւակները կը կոչեն օտար ու եւրոպական անուններով եւ օր մըն ալ իրենց մականունները փոխելով ամբողջութեամբ կը տերեւաթափուին իրենց հայութենէն:
Այս պատկերը գուցէ սովորական թուի շատերու համար, սակայն սփիւռքի մէջ օրական դրութեամբ այս մէկն է որ կ՚ապրինք. կը հանդիպիմ հայերու, որոնք շարք մը բառերու անգլերէնը գիտեն, սակայն կը դժուարանան գտնել, թէ այդ նոյն բառին համարժէքը ի՞նչ է մայրենի լեզուով: Այս մէկը որպէս ձեւակերպութիւն ընողներն ալ պակաս չեն, որովհետեւ մեր օրերուն անգլերէն խօսիլը շատերու համար «զարգացած» ըլլալ կը խորհրդանշէ կարծես. յանկարծ կը տեսնես Երեւանի մէջ երկու երիտասարդուհի իրարու հետ անգլերէն լեզուով կը խօսին՝ որովհետեւ իրենք սովորական մահկանացուներ չեն. վերջապէս անգլերէն լեզուին կը տիրապետեն:
Ցաւ ի սիրտ, այս օտարախօսութեան ախտը միայն սփիւռքի մէջ չէ որ ունինք. այսօր ցաւով կը հետեւինք Հայաստանի լրագրութեան, ուր բազմաթիւ են ռուսերէն բառերը՝ որոնք շատ մը հայերու համար «հայերէն» ըլլալ կը թուին: Ցաւ ի սիրտ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւս իրենց ասուլիսներու ընթացքին կը գործածեն այդ բառերը, որովհետեւ չեն գիտակցիր, որ այդ ռուսախառն հայերէնը վնաս է մեր լեզուին, ինչպէս նաեւ մշակոյթին ու մտածելակերպին:
Բոլորին համար սովորական թուացող այս դժբախտ իրողութիւնը օրէ օր կը մաշեցնէ մեր լեզուն եւ պատճառ կը դառնայ, որ ապագայ սերունդները եւս սորվին իրենց աղաւաղուած լեզուն. ակամայ մենք եւս այսօր հայրենիքի մէջ կը գործածենք այդ բառերը, որովհետեւ հայերէն տարբերակները անհասկնալի կը թուի շատերու համար: Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի տարբերութիւնները, ինչ որ շատ անգամ հայը հայուն օտար ու անծանօթ կը դարձնէ:
Անցնինք մեր բառերուն.-
ԽԶ.- ՀԱՃԱՄԱԹ
Հաճամաթ ըրա՞ծ էք՝ թէ ոչ չեմ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ հաճամաթը ունի աւելի քան դարերու պատմութիւն մը. հայ գրականութեան մէջ ամենէն հին յիշողութիւններէն մին կարելի է գտնել Գրիգոր Տաթեւացիի մօտ. ան իր «Գիրք քարոզութեան որ կոչի ձմեռան հատոր» աշխատութեան ՃԽԹ. գլուխին մէջ կը գրէ.- «որպէս որք հաճամաթ առնեն՝ դնեն զդատարկ եղջիւրն ի վերայ մարնոյն. եւ ի դուս ծծէ զօդն»:
Հաճամաթի մասին կը խօսի նաեւ 1420-1498 թուականներուն ապրած բժիշկ ու մատենագիր Ամիրտովլաթ Ամասիացի։ Ան իր «Անգիտաց անպէտ» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «յորժամ մարդուէն հաճամաթ առնեն եւ արիւն հանեն»: Նոյն բառը կարելի է տեսնել նաեւ անոր «Օգուտ բժշկութեան» աշխատութեան մէջ:
Հաճամաթին հայերէն տարբերակը տարածուած կամ լսուած չէ գուցէ. Յովսէփ Մալէզեան հաճամաթի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել ցտել բառը:
ԽԷ.- ՀԱՅՎԱՆ
Այս բառերու շարքին մէջ գուցէ ամենէն յայտնի ու տարածուած բառը այս է, որ մինչեւ օրս թէ՛ սփիւռքի եւ թէ հայրենիքի մէջ կը գործածուի: Եթէ փորձենք գտնել «հայվան» բառը իր գրութիւններուն մէջ գործածող մեր հայ մտաւորականները, շարքը պիտի երկարի. կը բաւարարուինք անոնցմէ միայն մի քանի օրինակներ տալով.
Խմբագիր Շաւարշ Միսաքեան իր «Օրեր եւ ժամեր» աշխատութեան մէջ կը գործածէ այս բառը. «Մենք ալ մա՞րդ ենք. հայվա՛ն. հայվանէն ալ վար»:
Հայվան բառը կը տեսնենք Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի ողբ հայրենասիրի» աշխատութեան վերջին մասին մէջ. «անատամ, անպոչ, անլեզու, հայվան՝ մէկ խղճալի է՛շ»:
Հայվան բառը չակերտներու մէջ կը գործածէ նաեւ Յակոբ Օշական. «Բայց անոնց եւ խեղճ, «հայվան» գեղացիներուն մէջտեղ գործակցութեան փաստ մը՝ անգոյ»:
Յովսէփ Մալէզեան հայվան բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել անասուն բառը:
ԽԷ.- ՀԱՅՏԷ
Հայտէ բառը խօսակցութեան մէջ շատ օգտագործուող բառերէն մէկն է եւ առանց զգալու մեր բառապաշարին մաս կը կազմէ. այս բառացանկին մէջ կան բառեր, որոնք միայն պոլսահայերու կողմէ կը գործածուին, սակայն կան նաեւ ուրիշներ, որոնք ընդհանուր սփիւռքահայերու մօտ, ինչպիսին է հայտէ բառը:
Հայտէ բառին կը հանդիպինք Գրիգոր Զօհրապի նամակներուն մէջ. ան իր կնոջ Գլարա Զօհրապին գրած նամակը այսպէս կը վերջացնէ. «Ի՞նչ ընեմ, ի՞նչ չընեմ. հայտէ սիրական, աղուոր, քիթիկլի»:
Արփիար Արփաիրեան «Ոսկի ապրջան» աշխատութեան մէջ կը գործածէ այս բառը, իր տիպարներէն մէկուն բերնով ըսելով. «Հայտէ՛ ելիր, աղջիկս, հայտէ՛ ելիր»:
Թլկատինցի իր թատրերգութիւններուն մէջ եւս կը գործածէ այս բառը. այս բառը կը գործածեն Լեւոն Բաշալեան, Յակոբ Օշական եւ ուրիշ բազմաթիւ գրողներ:
Յովսէփ Մալէզեան հայտէ բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել օ՛ն արտայայտութիւնը:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -332-
Օր մը արեւելահայ մը կը բողոքէր օտար բառերու գործածութեան մասին. երեւոյթը գնահատելի էր, մարդը լրջօրէն մտահոգուած էր լեզուի վիճակով: Բաւական խօսելէ ետք գործածեց օտար բառ մը՝ «կարտոֆիլ»։ Ուշադրութիւնը հրաւիրեցի, որ ինք եւս օտար բառ կը գործածէ. զարմացաւ: Սակայն պահ մը ետք զիս զարմացուց. իր վկայութեամբ «կարտոֆիլ» բառը փոքր տարիքէն դպրոցին մէջ սորվեցուցած են եւ ինք միշտ այդ բառը ընդունած է որպէս հայերէն: Արեւմտահայերս «գետնախնձոր» կ՚ըսենք, սակայն փաստօրէն արեւելահայերէնի մէջ գետնախնձորը ամբողջութեամբ այլ միրգ մըն է:
Հայաստանի բնակչութեան 99 առ հարիւրը տոկոսը կարտոֆիլը հայերէն կը կարծէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան