ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ ՅԱՂԹ ԳԻՒՂԷՆ ԵՒ ՅԱՂԹԵՑԻՆԵՐԷՆ
Փոքր Ասիոյ Սեբաստիա կամ Սվազ նահանգին մէջ գտնուող Յաղթ (Աղտք) հայաբնակ գիւղը 1895 թուականէն առաջ եւ յետոյ, նկարագրուած է յաղթեցի գրագէտ Տրդատ Տրդատեանի «Յաղթը եւ յաղթեցիները» գիրքին մէջ, լոյս տեսած 1959 թուականին, Պոսթըն՝ Առաջին աշխարհամարտէն ետք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գաղթած յաղթեցիներու ուժերով: Անոնք Ամերիկայի մէջ հիմնած են Յաղթեցիներու հայրենակցական միութիւնը՝ հայկական հայրենակցական միութիւններու նոյն ոգիով, որ կը գործէին ԱՄՆ-ի մէջ: Հայկական հայրենակցական միութիւնները, ինչպէս ծանօթ է՝ սկզբնաւորուած են 19-րդ դարու 80-ական թուականներուն, ԱՄՆ: Անոնց նպատակն էր սատարել միմեանց օտարութեան մէջ, օգնել հայրենիք մնացած հայրենակիցներուն եւ նպաստել կրթական գործին։ Մինչեւ 1920-ական թուականները հայրենակցական միութիւնները գլխաւորապէս կրած են «կրթասիրաց» եւ «ուսումնասիրաց» անունները, յետագային, վերանայելով իրենց ծրագիրները, կոչուած են «վերաշինական» կամ «վերաշինաց»: Հայրենակիցներուն օգնելէ զատ, այդ միութիւնները իրենց բնօրրաններու պատմութիւնը, մշակոյթը, կենցաղը ուսումնասիրելու, ատոնց մասին գիրքեր տպագրելու գործերու կը ձեռնարկէին: Այդպիսի գիրք մըն է նաեւ «Յաղթը եւ յաղթեցիները», որմէ երէկուան թիւով տուած էինք հատուածներ, այսօր նոյնպէս անցեալի պատառիկներ կը ներկայացնենք գիրքէն:
ՅԱՂԹԻ ՏՈՒՆԵՐԸ
Գիւղի տուները, մեծ մասամբ, 30-40 ոտնաչափ տարածութիւնով, քառանկիւն էին պատերը, հասարակ քարով եւ ցեխի շաղախով հիւսուած, հազուադէպօրէն պատուհանով էին: Առաստաղը կազմուած էր հսկայ գերաններով, 14-20 մատնաչափ, երբեմն աւելի տրամագիծով: Չորս պատերու զուգահեռ՝ առաստաղը կը բաժնուէր, այդ բաժիններուն վրայէն 10-էն 12 ոտք բարձրութեամբ եւ 8-էն 10 մատնաչափ տրամագծով փայտեր, իսկ մէջտեղը բրգաձեւ հիւսուած՝ մօտ երկու քառակուսի ոտք մեծութեամբ բացուածքով մը, որ կը ծառայէր լուսանցքի:
Այդ փայտակազմին վրայ կը ծածկէին շաղուած ցեխով, որուն չորնալէն յետոյ, վրան կը լեցնէին 10-15 մատնաչափ հող, ապա անոր վրայ կ՚աւելցնէին 4-էն 6 մատնաչափ կարմրաւուն ու կպչուն հողով եւ լողքարով լաւ մը կը լողէին, մինչեւ որ այդ կպչուն մասը ամրանալով անձրեւի ջուրէն անթափանցելի դառնար: Տուները՝ 15-էն 20 ոտք բարձրութիւն կ՚ունենային: Գրեթէ հաւասար էր բոլոր շէնքերու բարձրութիւնը: Միջակ կարողութիւն ունեցող ընտանիքներ առնուազն իրարու կպած երեք շէնքեր կ՚ունենային: Այդ շէնքերէն մէկը տուն՝ բնակելու, միւսը՝ կենդանիներ պահելու կը ծառայէր: Փողոցէն սկսած, աստիճանական վերելքով ելանելիք կը շինէին՝ տանիք ելլելու համար:
Դրացիներու տուներն ալ շինուած էին հաւասար բարձրութեամբ, նոյնպէս կպուած քովի դրացի միւս տանիքներուն: Այսպէս, տասնեակ տանիքներ, իրարու միացուած, կը կազմէին ընդարձակ հրապարակ մը:
Գիւղացիք իրենց այդ ընդարձակածաւալ տանիքներու նստած ձիւնը (մինչեւ երեք ոտք թանձրութեան հասնող), թեղեր կը շինէին, յետոյ, կտորներու վերածելով, սահնակներով, քաշելով կը լեցնէին փողոցները:
Գարնանամուտին, տանիքները երբ չորնային, դաշտային աշխատանքի սկսելէ առաջ, տանիքները կը ծառայէին որպէս երիտասարդութեան զբօսավայր:
Միայն Բարեկենդանին էր, որ հարս ու աղջիկ տանիքները կ՚ելլէին երգ ու պարի, այլապէս երիտասարդներն ու պատանիները մշտական խաղավայրի կը վերածէին զանոնք: Եւ գլխաւորաբար կը խաղային Էլտիսէն, Բաշ ելլելուք, Պուլ, Չէլիկ եւ Քիւննէ։
ԷԼՏԻՍԷՆԻ ԽԱՂԸ
Վիճակով, երկու տղաք դէմ-դիմաց, գլուխնին դէպի առաջ ծռած, ձեռք-ձեռքի, իրարու մօտ կեցած կ՚ըլլային: Մնացածները, մէկիկ-մէկիկ, հեռուէն կը վազէին եւ իրենց ձեռքերը դէմ-դիմաց կեցողներու վրայ դնելով, ինքզինքնին վեր նետելով, կ՚անցնէին անոնց վրայէն, մինչեւ որ իրենցմէ մէկն ու մէկը ձախողէր։ Այդ ատեն ուրիշ երկու տղաք կը փոխարինէին կեցողներուն եւ այդպէս կը շարունակուէր:
ԲԱՇ ԵԼԼԵԼՈՒՔ
Տղաքը երկու խումբերու կը բաժնուէին: Վիճակով մէկ խումբը բաշը կ՚ելլէր (նշանակուած որոշ տեղ մը կամ քար մը), միւս խումբը՝ նախորդներուն բոլորտիքը կը կենար, որոշ շրջագծէ մը ներս: Բաշ ելլող տղաքը, մէկ ոտքի վրայ կաղալով, կը ջանային միւս տղաներէն մէկուն դպչիլ: Երբ յաջողէին՝ դերերը կը փոխուէին:
ՊՈՒԼ
Պուլը՝ տասը մատնաչափ երկարութեամբ փայտի կտոր մըն էր: Տղայ մը, ձեռնափայտով, պուլին ծայրին կը զարնէր: Երեք զարկով, պուլին հասած տեղէն մինչեւ փոսը սկսած տեղը ձեռնափայտովը կը չափէին, մինչեւ որ որոշ համրանքի մը հասցնէին:
Վերջին անգամ, պուլին գտնուած տեղէն մինչեւ փոսը նուազ համրանք ունեցող խումբը կորսնցնողը ըլլալով՝ շահող կողմի տղոց շալկելով կը տանէին:
ՉԷԼԻԿ
Փայտ մը կը տնկէին (իրենց կուրծքի բարձրութեամբ) եւ պուլը կը զետեղէին անոր ծայրը:
Կը բաժնուէին երկու խումբի, որոշուած հեռաւորութեամբ: Ա. խումբէն տղայ մը ձեռնափայտով կը զարնէր պուլին:
Բ. խումբին մէջէն եթէ մէկը յաջողէր պուլին զարնել (պուլին օդին մէջ եղած պահուն), զարնողը տեղը կը նստէր, իսկ զարնուած պուլը ո՛ւր որ գետին իյնար՝ այն տեղէն ձեռքով կը նետէին դէպի տնկուած փայտը։ Հեռաւորութիւնը կը չափէին որոշ համրանքի մը հասնելէ յետոյ, կորսնցնողը կը կրէր իր պատիժը:
ՔԻՒՆՆԷ (Որոշուած քար մը)
Այս խաղին մէջ ալ՝ տղաքը երկու խումբերու կը բաժնուէին: Վիճակով, մէկը քիւննէին պաշտպան կը կենար, միւսը՝ զայն գրաւելու համար, յարձակող կ՚ըլլար: Քիւննէն պաշտպանողները, այդ ատեն, մի առ մի պէտք է դպչէին յարձակողներուն, որ շահէին: Իսկ յարձակողները պէտք է անցնէին քիւննէին եւ զայն պաշտպանողներուն մէջտեղէն կամ իրենցմէ մէկն ու մէկը պէտք է յաջողէր ոտք դնել անպաշտպան մնացած քիւննէին վրան, խաղը շահելու համար:
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԲԱՐՔԵՐ ԵՒ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Գիւղի ժողովուրդը շատ աւանդապաշտ էր ու ջերմ հայրենասէր: Սովորական օրերուն՝ երկու, իսկ Մեծ պահոց եւ տօնական օրերուն երեք անգամ եկեղեցի կ՚երթար:
Ննջեցեալը օր մը միայն կը պահէին տունը կամ եկեղեցին, յաջորդ օրը անպայման կը թաղէին:
Եկեղեցիէն մինչեւ գերեզման ժամերգութիւնով եւ չորս անձնոց դագաղակիրներով կը տարուէր ննջեցեալը: Դագաղակիրները կը փոխուէին, յաճախ:
Մեռելին անցած ճամբուն վրայ գտնուող տան մը մէջ մայրը իր երեխան գրկած՝ շեմէն դուրս պիտի կենար, որպէսզի մեռելակոխ չ՚ըլլար… Եթէ, այլապէս, զանցառու մօր մը երեխան հիւանդանար՝ հարկ էր տանիլ մանուկը եւ զայն զետեղել ա՛յն հանգստաքարին վրայ, որ մեռելը նախապէս դրուած էր եւ յետոյ, մանուկին վրայ Ս. Գիրքը պէտք է կարդացուէր…
Երեխան ծնելէն առաւելն տաս օր ետքը, կնքուած ըլլալու էր:
Եկեղեցւոյ մէջ, կնքման ատեն, երեխան գրկելու էր ընտանիքին ժառանգական կնքահայրը:
Ամէն գերդաստան ունէր իր ժառանգական կնքահայրը, որուն ձեռքով պէտք է կատարուէր կնունք, պսակ եւ յարակից ծէսերը: Սերունդէ սերունդ այդ իրաւունքը կը շարունակուէր:
Գիւղացիք շատ նախանձախնդիր էին ընտանեկան պատիւի պահպանման:
Աղջկան մը ոչ ազգական տղու մը հետ ունեցած պարզ խօսակցութիւնը ծա՛նր յանցանք էր:
Անգամ մը, Զատկուան Մեռելոցի օրը, ամուրի մը կը տեսնուի կնոջ մը հետ: Կը նշմարուի: Լուրը կը հասնի ժողովուրդին: Ժողովուրդը կալերէն գիւղ կը թափի, կը գտնէ «անպատիւ» կինը ու զայն կը քալեցնէ գլխաւոր փողոցէն, ուր խռնուած հասարակութիւնը կը թքնէ անոր երեսին եւ կ՚այպանէ զայն: Ենթակայ կինը, մահապարտի մը համակերպութեամբ, կը կրէ իրեն վիճակուած ահարկու անարգանքը:
Գիւղացիք աններող էին նաեւ իր կնոջմէն բաժնուած այր մարդուն հանդէպ:
Յատկանշական դէպք մը այս առթիւ:
Կին մը, բնակազմական թերութեան (ի՞ր, թէ՞ ամուսնոյն) հետեւանքով զաւակ չէր ունենար: Ամուսինը այդ պարագան պատրուակ բռնելով՝ ամուսնացաւ ուրիշ կնոջ մը հետ եւ հեռացաւ գիւղէն: Այդ անպատուութիւնը չափազանց ծանր ճնշելով գերդաստանի պատուախնդրութեան վրայ՝ անոր ազգականներէն մէկը, այդ արատը իր գերդաստանի ճակատէն սրբելու մտասեւեռումով, անյայտ պայմաններու տակ սպաննեց կրկնամուսնացող իր հարազատին:
Գիւղէն դուրս աղջիկ տալ-առնելը հազուադէպ էր: Տարբեր գիւղի աղջիկ մը, երբ մեր գիւղը հարս գար, որպէս ցուցանիշ անհաւասարութեան եւ ստորագնահատման, զայն փոխանակ իր մկրտութեան անունին, կը կանչէին իր եկած գիւղի անունով՝ Խորասանացի, Կովտնցի, Կավրացի եւ այլն:
Երբ ընտանիք մը միայն աղջիկ զաւակ մը ունենար, զայն կ՚ամուսնացնէին իր մականունը փոխելու յանձնառու երիտասարդի մը հետ, որ յետ ամուսնութեան, կը կոչուէր «տնփեսայ»: Վերջինը օրէնքի առաջ, գերդաստանի կալուածներուն սեփանակատէրը կը ճանչցուէր:
Ատեն մը գողութիւնը բաւական շատ էր գիւղին մէջ: «Ունեւորին ինչքը՝ չունեւորին ալ կը պատկանի» վարկածը դուրսէն մուտք գործած էր եւ իւրացուած կողոպուտի հակում ունեցողներէ: Քանի մը դէպքերու մերկացումէն ու հրապարակային խայտառակումէն յետոյ, գողութեան դէպքերը հազուադէպ դարձան:
Գիւղացիք շատ աննշան չափերով վէճ կամ կռիւ կ՚ունենային: Առհասարակ ատոնք կը պատահէին արտերու սինառները (սահմանները) խաղցնելու (ետ ու առաջ) պատճառաւ, եւ ընդհանրապէս գիւղի Վարչութեան իրաւարարութեան կը յանձնէին զանոնք ու կ՚ենթարկուէին տրուած վճիռին: Այնուհետեւ, շուտով կը մոռնային իրենց միջեւ եղած վէճն ու կռիւը: Սակայն, աններող ու յամառ էին ուրիշներու հետ կռուի մէջ:
Յաղթեցի որեւէ նախրարած, սայլապան, հանդապահ երբ վէճ կամ կռիւ ունենար դրացի հայ կամ թուրք գիւղացի սայլապաններու հետ եւ տեսնէր որ հակառակորդին ուժը գերազանց էր իրենինէն, անմիջապէս կը պոռար «Տղաք, հասէ՜ք…»: Այդ կոչը կայծակի արագութեամբ կը հասնէր դաշտին մէջ կամ լերան կողին գտնուող իր համագիւղացիներուն: Այս կոչին ընդառաջելու յաղթեցող պատրաստակամութիւնը այնքան համբաւ ստացած էր, որ հայ գիւղացիները զայն լսելէ յետոյ տեղի կու տային, կը հեռանային նախքան որ ի պատասխան կոչին, օգնութեան փութացողները ժամանած ըլլային կամ պարտաւորուած կ՚ըլլային կռուիլ անհաւասար ուժերու դէմ ու մատնուիլ… անփառունակ վիճակի մէջ… ծեծը ուտելով:
«Տղա՛ք, հասէ՜ք» հաւարին (կոչ) ձայնը լսող յաղթեցին, որքան ալ հեռու գտնուէր եւ կարեւոր գործ ունենար՝ անմիջապէս իր գործը կը թողուր, վարոցը քաշած՝ կռուի վայրը կը վազէր: Այդ պարագային երբե՛ք տարբերութիւն չէր ըներ, թէ վտանգի մէջ եղող համագիւղացին իր բարեկա՞մն էր կամ՝ ոչ:
Այսպէս, ուրեմն իրերօգնութեան բնազդը շատ ուժեղ էր յաղթեցիներուն մէջ: Շատեր այդ իրողութիւնը կը վերագրեն բնակավայրի աշխարհագրական դիրքին, որ սեղմուած էր լեռներու մէջտեղ, բնութեան ահեղ արհաւիրքներուն՝ հիւսիսի քամիին, որ Պոնտոսեան լեռներու գագաթներէն սահելով կ՚իջնէր Ալիսի հովիտը, կը խուժէր «Աղտուտ ձոր»: Մաքառումի այս հարկադրանքը զարգացուցած էր յաղթեցոց հաւաքականօրէն ինքնապաշտպանութեան դիմելու բնազդը:
ԱՇՆԱՆԱՄՈՒՏ
Գիւղացու կեանքի ամենաեռուն շրջանը աշնանամուտն է:
Բախտաւոր պա՛հն է ան, յառաջիկայ տարուան համար, բերքահաւաքման իր կենսական գործով: Բերքահաւաքը լարուած, տենդոտ վիճակի ու աշխատանքի կը մղէ գիւղացոց մեծէն պզտիկը:
Մայր մը, լսելով որ տղան պապուն հետ վէճի բռնուած՝ տաք-տաք խօսքեր կը փոխանակէ, սրտատրոփ յուզմունքով կը փութայ իր զաւակը սաստելու.
-Տղա՛ս, Աստծոյ սրտին դիւր չի գար, որ հօրդ՝ քեզմէ մեծին դէ՜մ խօսիս… «Մեծ հաց կեր, մեծ մի խօսիր»:
Տղան կ՚ուզէ արդարանալ իր հօրը դէմ խօսած ըլլալուն համար:
-Որային սալը շրջեցաւ. Ղարաջաղն ու հորընձողը կոյեցաւ, էս ի՞նչ կրնայի ընել… գունտը փոսը ինկաւ՝ Պալիկենց կալի գետէն դարվար: Վերի կողմէն՝ կարէն բռնած էր, բայց չկրցայ կեցնել, շրջեցաւ, վախցայ, թէ Սէրամ ե՜զը խեղդուի… Շուտ մը չախուս (դանակ) հանեցի, սամի չուանը կտրեցի: Սամին կոյեցաւ, եկայ պապուս ըսի ըսածը, պապս հերսոտեցաւ… (բարկացաւ), ես ի՞նչ ընեմ:
Որայ կրելը (հունձքը) գիւղացուն կարեւորագոյն գործերէն մէկն է: Հունձքը սայլերով արտերէն կը կրեն, կը բերեն, կալին մէջ կը դիզեն ու կը կամնեն: Այդ գործողութիւնը այնպէս մը դասաւորուելու է, որ երբ էօշիւրճիները կալերը գան, ցորենի «չէճ»երը պատրաստ ըլլան, իրենց բաժին առնեն, անցնին երթան, այլապէս երկար ժամանակի մը համար ետ չեն գար ցորենը չափելու եւ վերջինը անձրեւի տակ մնալու վտանգին կ՚ենթարկուի ու կրնայ փճանալ…
-Քա՛ աղջի՜, Ղօչը մօտեցաւ. (Նոյեմբեր ամիսը խոյը ոչխարներու հօտին մէջ թող տալու ատենն է), աղօն չենք ըրած: Վաղը ցրտերը կու գան, պաղ ջրին մէջ ցորեն չի լուացուիր, հոգինիս պիտի ելլէ: Ա՜խ, սա, աչքերնին քօռնալիք, շահնաները քթերնուս, բերաննուս բերին, խրթանք-փրթանք, երկու սալ որան կամնեցինք, էրնեցինք, որ պլղուր, եարմայ շինենք, «շները» եկան՝ ցորենին կէսը առին… Պկերնո՜ւն մնայ, Աստծմով,- ըսաւ Սառիկ հանըմը:
Մաթոս էնմին ներս կը մտնէր, դուրս կ՚ելլէր հասկնալու համար, թէ հովը ո՛ր կողմէն կը փչէր: Իրիկուան դէմ, երբ հովին հոսանքը որոշ դարձաւ, որոշեց.
-Աղջի՛ Մարթա՜, հարս-աղջկայ ըսէ՝ վաղը առտուանց կալը պիտի երթանք թեղ էրնելու: Իզին (արտօնութիւն) առի: Աստուծմով, հովն ալ պոյազ է: Մենծ թեղը կ՚էրնենք: Տղայ-աղջիկ վրան կը լեցուինք, շուտ մը հովին կու տանք, կը լրանանք: Եթէ վերի հովը դառնայ՝ պզտիկ թեղը կ՚էրնենք: Աս շաբթու շահնաները վերի կալերը պիտի անցնին, շուտ մը էրնենք, որ չէճերնիս գետինը չը մնայ: Էրթը (յարդը) մարագ լեցնենք, անձրեւ չեկած:
ԱՌԱԾՆԵՐ ԵՒ ԱՍԱՑՈՒԱԾՔՆԵՐ
Գործը ժամուան մը, հոգը տարուան մը:
Արեւին կ՚ըսէ՝ դուն մի ծագիր, ես հոս եմ (սիրունութիւնը բնորոշող):
Բամբասանք չէ՛, բանն ասանկ է:
Բամբասանքը տուն կը քանդէ:
Գայլը գառներուն կառավարիչ կարգեր են:
Գեղ կայնի, գետ կը կայնի (միութեան ուժը բնորոշող):
Գողը գողէն գողացեր է, Աստուած վերէն զարմացեր է:
Դուն լերան ոտքը գնայ, քանի ան քեզի չի գար:
Երեսը ուրբաթ դարձուցեր է:
Թացն ալ չորին հետ կ՚այրի:
Ժամուն դուռը մոմ չեմ վառեր որ գլուխս ցաւի:
Քոյրը ըսեր է՝ եղբայր ունիմ, եղբայրը ըսեր է՝ քոյր չունիմ:
Օձը որ օձ է, մարդուն ջուր խմած տեղը չի կճեր:
Անուշ լեզուն օձը ծակէն կը հանէ:
Անօթի գայլը տուման օրուան կը սպասէ:
Բարեկամը նեղ օրուան պէտք է:
Այծուն բորոտը աղբիւրին ակէն կը խմէ:
Իր արտը թողած, ուրիշին արտին ջուր տուողը Աստուծոյ ծառան չէ:
Լեռը նայի՝ ձունը անչափով կու տայ Աստուած:
Ծակը մեծ, կարկտանը պզտիկ (ծախսը շատ, եկամուտը քիչ):
Ծոյլին պատուէր տուր, առակ սորվէ:
Խելացի թշնամին անխելք բարեկամէն աղէկ է:
Կատուի պէս թաթերուն կ՚իյնայ:
Կարքճան հաւը հաւկիթ չ՚ածեր:
Հաւկիթը կշռող է (շահախնդիր):
Հեռուի սուրբը զօրաւոր կ՚ըլլայ:
Հաւուն թռածը մինչեւ փողոցն է:
Հէլալ վաստակին՝ չար աչք չի դպիր:
Հողը դնեմ՝ հասնիս, գործ դնեմ՝ փախիս:
Ձիէն իյնողը չէ մեռեր, էշէն իյնողը մեռեր է:
Ճանճը բան մը չէ, բայց ախորժակ կ՚աւրէ:
Մօրը մանածը ծախող է (խաբեբայ):
Չարիքը մութին մէջ կը գործեն:
Սատկած էշը գայլէն չի վախնար:
Տղան տան սիւնն է:
Ուրիշին փոս փորողը ինք մէջը կ՚իյնայ:
Որբին խրատ տուող՝ շատ, հաց տուող՝ քիչ:
Քարը բռնէ, ձէթը կը հանէ (ուժով):
Քարէն հաց կը հանէ:
Կատղած շանը աքուն կոխել, ըսել է՝ շո՛ւն, եկուր ինձ խած:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
•շար. 2 եւ վերջ
Երեւան