ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Գալֆաեան տան մէջ 2023-24 կրթական շրջանը սկսաւ մեծ ոգեւորութեամբ։ Վերամուտի օրը դպրոցին մէջ համախմբուեցան Գալֆաեանի ընտանիքի պատասխանատուներ, աշակերտներն ու իրենց ծնողները։ Վերամուտի հանդէսի սկիզբին յարգանքի լռութիւն պահուեցաւ Մեծն Աթաթիւրքի յիշատակին եւ երգուեցաւ Անկախութեան քայլերգը։ Տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ ողջոյնի խօսքին մէջ յաջող եւ արդիւնաւէտ աշխատանքային շրջան մը մաղթեց բոլորին։ Սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց հայերէնի ուսուցչուհի Վարդուհի Սաքանեան, որ այս տարի նոր պաշտօնավարել սկսած է վարժարանէն ներս։ Լիէնա Կիւլի եւ Ժագլին Հոքքաճըի հանդիսավարութեամբ գործադրուած յայտագրին ընթացքին արտասանութիւններով հանդէս եկան Ռոտին Թաշճը եւ Այգ Էօզկիւնտիւզ։ Անցեալ շրջանին լեզուի միջազգային քննութիւններուն մէջ յաջողութիւն արձանագրած Ալին Սու Եամաչն ու Աթա Պերճ Օղուզը արժանացան ծափահարութիւններու։

Այս բոլորէն վերջ հնչեց առաջին զանգը, որով տղաքը ուղղուեցան իրենց դասարանները։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2023