«ՑՈՐԵՆԻ ՀԱՏԻԿԸ» ՖԻԼՄԸ
Գումգաբուի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ մը, որու պատուոյ հիւրերն էին Իսթանպուլի կուսակալ Տավուտ Կիւլ եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Այսպէս, երեկոյթի ընթացքին ցուցադրուեցաւ «Ցորենի հատիկ» ժապաւէնը, որ կը ցոլացնէ Իսթանպուլի երեսփոխան իրաւաբան Սերքան Պայրամի կեանքի ոդիսականը, համանուն գիրքի հիման վրայ։ Ներկաներու շարքին էին Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, բարձրաստիճան դիւանակալներ, ԱՔ կուսակցութենէն գործիչներ եւ համայնքային շրջանակներէն բազում դէմքեր։ Հարկ է նշել, որ այս ժապաւէնը արտադրուած է անցեալ տարի եւ անոր բեմադրիչն է Տողան Իւմիտ Քարաճա։
Երէկուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ Գարոլին Մամիկոնեանի հանդիսավարութեամբ։ Ժապաւէնի ցուցադրութեան առընթեր, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու երկու երեսփոխանները հանդէս եկան սրտի խօսքերով։ Եզրափակիչ փուլին տեղի ունեցաւ յուշանուէրի փոխանակում՝ կուսակալ Կիւլի, Նորին Ամենապատուութեան, Սերքան Պայրամի եւ Սեւան Սվաճըօղլուի միջեւ։
Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ ցուցադրուեցաւ ժապաւէնը, իսկ յայտագրի սկսելէն առաջ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։