ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԿՐՕՆԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ առաւօտ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը կրթական մշակներ։ Այսպէս, Պատրիարքարանի մէջ համախմբուեցան այն ուսուցիչները, որոնք պոլսահայ համայնքային վարժարաններէն ներս կը դասաւանդեն կրօնի առարկան։ Արդէն բաւական երկար ժամանակ առաջ Պատրիարքական Աթոռը տեղեկացուցած էր, որ անոնց համար վերապատրաստման ծրագիր մը մշակուած է։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին այն հոգեւորական կամ աշխարհականները, որոնք այս նախաձեռնութեան մէջ դեր պիտի ունենան՝ գլխաւորութեամբ լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի։ Այս աշխատանքները յառաջ պիտի տարուին «Խաչատուրեան լսարան» անուանումին ներքեւ։
Հաւաքոյթը սկսաւ աղօթքով, որմէ վերջ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ Նորա Շէնեան հանդէս եկան բացատրութիւններով։ Ուսուցիչներն ալ ներկայացան եւ արտայայտեցին իրենց սպասումները։ Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ այս վերապատրաստութեան նախագծին նկատմամբ։ Արդարեւ, ան համոզուած է, թէ եկեղեցի-դպրոց, եկեղեցական-ուսուցիչ համագործակցութեան կենսունակութեան երաշխաւորումը միշտ արդիական է։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդգծեց, որ հայկական վարժարանի գլխաւոր նպատակն է սաներուն ջամբել հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութիւն։ Ի լրումն այս բոլորին, Նորին Ամենապատուութիւնը բացատրեց, որ արդի աշխարհի մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ առանձնայատուկ վերաբերմունք պէտք է ցուցաբերել կրօնի դասերուն եւ անոնց արդիւնաւէտութեան բարձրացման նկատմամբ։
Այս ելոյթներէն վերջ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան եւ հարցում-պատասխանի ձեւաչափով կրթական մշակները փորձեցին յագեցնել իրենց հետաքրքրութիւնը եւ մանրամասնել՝ յառաջիկայ աշխատանքին վերաբերեալ սպասումները։
Հանդիպումը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր աղօթքով։