ԱՆԽՏԻՐ ՄԱՐԴԸ՝ «ՄԱ՛ՐԴ» Է
«Անգամ մը որ Քրիստոսի միանալով մկրտուեցաք, այլեւս Քրիստոս է որ կ՚ապրի ձեր մէջ։ Ալ ո՛չ հրեայի եւ հեթանոսի խտրութիւն կայ, ո՛չ ստրուկի եւ ազատ մարդու, ո՛չ ալ արուի եւ էգի, որովհետեւ Քրիստոսի միանալով՝ բոլորդ ալ մէկ եղաք». (ԳԱՂԱՏ. Գ 27-28)։
Անուրանալի ճշմարտութիւն է, թէ՝ բնութիւնը տեւական բարեշրջումի մը մէջ է։ Բարեշրջումը, այսպէս, ուրիշ բան չէ՝ բայց եթէ «արարչագործութեան շարունակութիւնը», կամ, ըսենք. «շարունակական արարչագործութիւն» մը։ Եւ այս շարունակական արարչագործութեան մէջ «մա՛րդ»ն ալ կարեւոր եւ ազդու տեղ մը ունի եւ դեր մը կը կատարէ։
Աստուածային անիմանալի Իմաստութիւնը՝ այս բարեշրջման մէջ հետզհետէ եւ աստիճանաբար կը յայտնէ իր խորհուրդները։ Ուստի, մարդ արարածն ալ տեւական բարեշրջումի մէջ է. անցեալի մարդը այն չէ՛ր եւ ապագայի մարդն ալ պիտի չըլլայ այն՝ ի՛նչ որ է ներկայի մարդը։ Թէեւ ներքնապէս՝ խորքով միշտ նոյնը կը մնայ. մարդը՝ այս իմաստով միշտ նոյն «մարդ»ը եղած է։ Բայց արտաքնապէս միշտ փոխուած է, կը փոխուի եւ պիտի փոխուի՛։
Այս ուղղութեամբ, «հին մարդ»ը՝ իր միայնութեանը մէջ անմեղ, ընկերակցութեան միջավայրին մէջ հետզհետէ մեղանչական կը դառնայ։ Այսպէս, նախնական անմեղութիւնը կը վերածուի «գաղափարական-սկզբնական» կատարելութեան գոյավիճակ մը՝ որուն մարդ կը ջանայ վերադառնալ եւ ներկայանալ իբրեւ «նոր մարդ»։
«Նոր մարդ»ը՝ մարդկային պատմութեան մէջ, շրջաններու ընթացքին իրականացած «բարեշրջում»ի մը արգասիքը՝ արդի՛ւնքն է։ «Նոր մարդ»ը՝ ներքին մարդն է՝ որ կը բարեփոխուի, կը նորոգուի հետզհետէ. մտաւոր ե՛ւ հոգեւոր ամէնօրեայ նորոգութիւնն է ասիկա, որ կը հնարաւորէ «հին մարդ»ու անհրաժեշտ եւ անյետաձգելի կերպարանափոխութիւնը։ Եւ այս կերպարանափոխութեան մէջ բովանդակուած կատարելագործուելու եւ աստուածանալու բոլոր հնարաւորութիւնները։
Այս անյեղլի ճշմարտութեան մէջ՝ մարդը մի՛շտ մարդ է։ Արդարեւ, թերեւս չկայ աւելի ճշգրիտ ըմբռնում մը քան այն՝ զոր Աստուածաշունչ մատեանը կը պատկերացնէ ստեղծագործութեան պատմութեան առաջին էջին մէջ իսկ։
Պօղոս առաքեալ Գաղատացիներու ուղարկած իր նամակին մէջ կ՚ըսէ, թէ՝ խտրութիւն չկա՛յ այր-մարդու եւ կին-մարդու միջեւ։ Ուստի, կին-մարդը հաւասար է այր-մարդուն, որովհետեւ այր եւ կին միասին կը կազմեն «մարդ»ը՝ հաւասարապէս կրելով Աստուծոյ պատկերը եւ նմանութիւնը։
Սուրբ Գիրքի այս ընդարձակ մեկնութիւնով բացատրութիւնը, թէ կի՛նը «այր-մարդէն ստեղծուեցաւ եւ ո՛չ թէ այրը կնոջմէն». չի՞ հակասեր այն ճշմարտութեան, նոյնպէս Սուրբ Գիրքի, թէ. «ա՜յրն ալ կնոջմէ է» ծնած եւ երկուքը, ինչպէս «ամէնը Աստուծմէ»։ Յետոյ, Ադամ, մեղապարտութեամբ սրտմտած եւ զայրացած չնախատեսե՞ց կեանքը՝ խաբուած կնոջ մէջ՝ որ պիտի ըլլար «մայր բոլոր ապրողներու»՝ կեանքը վայելող հոգիներու։
Արդարեւ, դարերու պարտադրած նախապաշարում մըն է՝ կին-մարդու ստորադասուիլը այր-մարդուն նկատմամբ։
Սա, ընդունուած ընդհանուր համոզում մըն է, թէ՝ մարմնապէս եւ նաեւ բարոյապէս զօրաւորը կը տիրապետէ եւ կը յաղթէ։ Այս ուղղութեամբ, ահաւասիկ, այր-մարդը օժտուած ըլլալով զօրաւոր եւ ամրապինդ ջիղերով եւ դնդերներով. դարերու ընթացքին կրցեր է իշխել կին-մարդուն, որուն մարմնական կազմուածքը աւելի նուրբ եւ փափուկ եղած է. հետեւաբար աւելի տրամադիր անձնաւորութեան։
Բիրտ ուժի տիրապետութեան դարաշրջանի մը մէջ անկարելի է սպասել բարոյական բարձր հասկացողութիւն այր-մարդու եւ կին-մարդու փոխյարաբերութիւններուն բնոյթին նկատմամբ։ Բայց այսօր ալ, ուր աշխարհ կը հպարտանայ «նախապաշարումներու շղթան փշրող ազատամտութեան» անունով, երկու սեռերու հաւասարութեան գաղափարը յաճախ հիմնուած չէ դժբախտաբար լուրջ եւ խոհական տեսութեան մը վրայ։
Տեսակ մը «թեթեւամիտ» եւ «քծնող» նախապատուութիւն, ուր իրատես դատողութեան կշիռէն զուրկ բնազդին միակողմանի ծանրութիւնը կու տայ, այլապէս կը խանգարէ սեռերու անհրաժեշտ ներդաշնակութիւնը։ Կասկած չկայ, թէ այր-մարդու առնական ուժերը եւ կարողութիւնները համապատասխան ըլլալով իր մարմնական կազմուածքին եւ գործարանաւորութեան բոլորովին նման չեն կին-մարդու իգական-կնոջական ընդունակութիւններուն եւ յարմարութիւններուն՝ որոնք նոյնպէս համեմատական են իր ֆիզիքական-մարմնական կառուցուածքին եւ խառնուածքին։
Այսպէս, երկու սեռերու միջեւ կան բնախօսական եւ հոգեբանական վիճակներու այլազան երանգաւորումներ՝ որոնք ընդհանուր խումբի մը վրայ միայն կը միանան եւ կը նոյնանան։ Արդարեւ, անհնար է մտածել, թէ բնախօսական (physiology) կազմուածքի տարբերութիւն մը. իր ամենէն աննկատելի հոգեբանական եւ բարոյական համապատասխան տարբերութիւն մը։
Կարելի է անվարան ընդունիլ, զոր օրինակ, թէ զգացողական ջիղերը աւելի՛ զօրաւոր են կին-մարդու քան այր-մարդուն մէջ՝ որ իր կարգին քան կին-մարդը ունի աւելի ուժեղ կամեցողական ջիղեր։
Եթէ աւելի առնական քան իգական-կնոջական յատկութիւն է կորովը՝ մտաւոր եւ ֆիզիքական կարողութիւնը, ուժը եւ եռանդը, հակառակն է գորովը՝ բուռն սիրոյ եւ գթութեան զգացումը, խանդաղատանքը։
Եթէ իգական սեռին մէջ գերակշիռ կը գտնենք անպայման եւ անհաշիւ նուիրումի բնազդը, արական սեռին մէջ աւելի շեշտուած են բանականութեան լրջութիւնը՝ որ բնազդներուն կու տայ գիտակցական դրոշմ եւ արժէք։ Բնահոգեխօսական այն բոլոր պայմանները եւ երեւոյթները՝ որոնց պատահման վայր կը դառնայ կնոջ կեանքը, որդեծնական, մանկատածական, եւ նոյնիսկ տան տնտեսական գործերը լաւ կառավարելու՝ տնարարական անհրաժեշտութիւններու հետեւանքով, կը զատորոշեն կին-մարդը այր-մարդէն՝ որ զերծ է ե՛ւ այդ պայմաններէն, ե՛ւ այդ երեւոյթներէն։
Բայց, յատկապէս պէտք է նշել, թէ այդ զատորոշումը, անշո՛ւշտ, ոչինչով կը խանգարէ հաւասարութեան այդ աստուածային, աստուարատուր կշիռը։ Որովհետեւ, կան երկու սեռերու յատուկ ազնիւ եւ յոռի կիրքեր՝ որոնցմով մարդկային կեանքը կ՚ամբողջանայ։ Ձգողական եւ վանողական զօրութիւն մը այս կիրքերը կը մօտեցնէ իրարու կամ կը հեռացնէ իրարմէ, ստեղծելով համակրութիւնները եւ հակակրութիւնները։
Ուստի, համակրական հասկացողութեամբ մօտենալով՝ կարելի է հաստատել ներդաշնակութիւնը եւ պահել աստուածային կշիռը եւ հաւասարներու իսկական եւ էական հաւասարութիւնը։ Արդարեւ, պէտք է նկատի ունենալ, թէ՝ մէկուն բացակայութեան միւսը գոյութիւն չի՛ կրնար ունենալ, եւ ահաւասի՛կ ներդաշնակութեան եւ հաւասարութեան բուն իմաստը պէ՛տք է փնտռել եւ գտնել այս անյեղլի, հաստատ, իրականութեան մէջ։ Կին-մարդ եւ այր-մարդ ՀԱՒԱՍԱՐ են, քանի որ իրար կը լրացնեն, իրար կ՚ամբողջացնեն եւ կը կաազմեն ներդաշնակութիւն մը՝ որուն կ՚ըսենք. ԿԵԱ՛ՆՔ…
Արդարեւ, ամբողջ աշխարհ հակադրութիւններու վրայ հաստատուած հրաշալի՜ ներդաշնակութիւն մըն է. կեանքը, նոյնպէ՛ս «անհաւասար» կարծուած, հակադիր երկու արժէքներու՝ կին-մարդուն եւ այր-մարդուն համաձայնութեան, դերակատարներու անթերի միաբանութեան եւ ներդաշնակութեան արդի՛ւնքն է։
Եւ սա պէտք չէ՛ անտեսուի՝ թէ Աստուած նա՛խ «մարդ»ը ստեղծեց եւ յետոյ մարդը զանազանեց իբրեւ այր-մարդ եւ կին-մարդ։ Ուստի անոնք «ամբողջ»ի մը երկու բաժինները, մասերն են եւ անոնց մէջ կարելի չէ որեւէ խտրութիւն դնել արտաքին-ձեւական յատկութիւններու պատճառով։ Այլ եւ առանց կին-մարդու՝ այր-մարդ, առանց այր-մարդու՝ կին-մարդ գոյութիւն չ՚ունենար, աւելի եւս՝ «մարդ» գոյութիւն չ՚ունենար։ Կարողութիւններու անհաւասարակշռութեան մէջ՝ թերեւս այր-մարդը շատ բաներ կրնայ ընել, բայց կրնա՞յ կին-մարդուն ամենանուիրական գործը կատարել՝ կրնա՞յ մարդ մը ծնիլ։ Այս իսկ կը հաւասարակշռէ այր-մարդը եւ կին-մարդը…
Դիւրի՞ն բան է «մա՛րդ» մը աշխարհ բերել եւ պատրաստել «վաղուան մարդը»…
- Մեծ մասամբ օգտուեցանք Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի «Կրօնաբարոյական եւ ընկերային շողակաթումներ»էն. 1925, ուր հեղինակը կ՚ըսէ, թէ՝ մեր Լուսաղբիւրէն քաղուած փոքր շողեր են…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 22, 2023, Իսթանպուլ