ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Նուրհան Տավուլճեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

Հանդիպման ընթացքին վարչայինները Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը խնդրեցին եկեղեցւոյ անուան եւ տարեկան տօնախմբութեան հանդիսութեան։ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը այս տարի նախատեսուած է յառաջիկայ հոկտեմբերի 8-ին։

Իր կարգին, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը խոստացաւ ընդառաջել հրաւէրին։ Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ ստացաւ եկեղեցւոյ եւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի վերաբերեալ տեղեկութիւններ եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց արձանագրուած յաջողութեանց եւ ձեռքբերումներուն համար։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը Սամաթիոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն փոխանցեց իր հայրական թելադրութիւնները եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն գործունէութեանց կապակցութեամբ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2023