ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ ԵՒ ԱՌԱՆՑՔՆԵՐ

Համայնքային վերջին ընտրութիւններէն ի վեր արդէն գրեթէ տարի մը անցած է։ Երկար սպասումէ վերջ տեղի ունեցած այդ ընտրութիւններով պաշտօնի գլուխ եկած վարչայինները արդէն աւարտելու վրայ են իրենց գործունէութեան մէկ տարին։ Այս ամբողջին մէջ առաջինը անցեալ տարի տեղի ունեցած էր Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ընտրութիւնը՝ լուրջ բարդութիւններով եւ մտահոգութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ։

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, երէկ այս առումով հետաքրքրական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Ատենապետ Սարգիս Չեթինքայայի կողմէ գլխաւորուած Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ներկայացուց իր գործունէութեան հաշուետուութիւնը, որ կ՚ընդգրկէր վերջին տասնմէկ ամիսներու ժամանակաշրջանը։ Այսպէս, Օրթագիւղի մէջ հիւրընկալւեցան համայնքային շրջանակները։ Առաջին փուլին, թաղի Թարգմանչաց վարժարանի սրահին մէջ համախմբուեցան ներկայները, իսկ աւելի վերջ անցան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից սրահը, ուր բոլորուեցան ընթրիքի սեղաններու շուրջ։ Հաշուետուութեան այս երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էր նաեւ թաղի վարժարանի բազմամեայ հիմնադրի ներկայացուցիչ ու բարերար Հայկ Ասլանեան։

Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը բաւական մակարդակաւոր եւ պատշաճութեան սահմաններու մէջ կազմակերպած էր հաւաքոյթը։ Այն տուեալները, որոնք թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն կողմէ մատուցուեցան, արդէն տպագիր ձեւով ալ յանձնուեցան բոլորին։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ թաղային խորհուրդի ժրաջան դէմքերէն Սայաթ Տելիճէի հանդիսավարութեամբ։ Ան ողջոյնի խօսքէն վերջ արտայայտուելու հրաւիրեց ատենապետ Սարգիս Չեթինքայան, որ ներածականի մը ձեւաչափով խօսեցաւ թաղային խորհուրդի որդեգրած սկզբունքներուն եւ աշխատանքային առանցքներուն մասին՝ միշտ վերահաստատելով նախընտրական խոստումներու նկատմամբ հաւատարմութիւնը։ Սարգիս Չեթինքայա ելոյթին մէջ մասնաւոր երախտագիտութիւն յայտնեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի, Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի եւ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի նկատմամբ, որոնց ջանքերուն շնորհիւ իր գլխաւորած կազմը կարողացած էր գործի գլուխ գալ՝ ներառական ընտրութեան մը հիման վրայ, հետեւաբար նաեւ ամուր ներկայացուցչական կարողութեամբ։

Ատենապետ Չեթինքայայէն վերջ ծաւալուն ելոյթ մը ունեցաւ թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Կարպիս Էվեափան, որ մէկ կողմէ ներկայացուց առարկայական բազմակողմանի տուեալներ, իսկ միւս կողմէ այդ բոլորը այնպիսի համայնապատկերի մը վրայ մատոյց, որ ինքնաբերաբար ի յայտ եկան բազում սկզբունքներ եւ առաջնահերթութիւններ։ Կարպիս Էվեափան, որ թաղային խորհուրդի սիւներէն է եւ աշխատանքային տեսաբաններէն, տուաւ բաւական գոհացուցիչ տեղեկութիւններ, որոնք թէ՛ բաղդատական էին եւ թէ ապագայի վերաբերեալ ազդանշաններ կը պարունակէին։

Ընդհանուր առմամբ, Սարգիս Չեթինքայայի, Սայաթ Տելիճէի եւ Կարպիս Էվեափանի բացատրութիւնները ներկաներուն աչքին առջեւ ուրուագծեցին ամբողջ մը, որու երեսակները կը համընկնին համայնքային կեանքի առկայ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման առաջնահերթութիւններուն։ Թաղային խորհուրդի հաշուետուութիւնը կը ցոլացնէր գործունէութեան յստակ մարտավարութիւն մը, ինչ որ վկայութիւնն էր անոր տեսլականին։

Հաշուետուութեան հաւաքոյթի առաջին փուլը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գնահատանքի խօսքով։ Այս առթիւ ան շեշտեց, որ մեր համայնքէն ներս անյետաձգելի հրամայական մը դարձած է վարչական վերակազմակերպումը։ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է մեր հաւաքական կեանքէն ներս ամրապնդել բաժնելու ոգին։ Հուսկ, ան դրուատեց Օրթագիւղի թաղային խորհուրդին ջանքերը՝ յղելով իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները։

Յայտագրի յաջորդ փուլին մէջ նախատեսուած էին հարցում-պատասխանի բաժինն ու կարծիքի փոխանակումները, որոնք տեղի ունեցան ընթրիքի սեղաններու շուրջ, եկեղեցւոյ յարակից սրահի երդիքին տակ։ Այստեղ եւս Սայաթ Տելիճէ առաջնորդեց ընթացքը։ Յաջորդաբար արտայայտուեցան՝ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսել Թոփալեան, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեան, այլ նորընտիր վարչայիններ, ինչպէս նաեւ Հայկ Ասլանեան։

Որքան որ ալ խօսակցութիւնները ճաշասեղանի շուրջ ծաւալուեցան, անոնք առաջին բաժնէն չտարբերուեցան իրենց լրջութեամբ ու բովանդակութեամբ, նաեւ անոնց ընդմէջէն բիւրեղացան թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի հրատապ օրակարգին շուրջ սպասումները։

(Վաղուան թիւով պիտի շարունակենք հրատարակել մանրամասնութիւններ)

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2023