«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿԵՑ

«Մարալ» համոյթը երէկ նոր եղանակի աշխատանքներուն ձեռնարկեց Էսաեան սանուց միութեան մէջ։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի գլխաւորութեամբ համոյթի անդամները այս առաջին փորձին կատարեցին ընդհանուր գնահատական մը՝ յառաջիկայ աշխատանքներուն վերաբերեալ։ Առաջին փորձին ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ նոր եղանակին համար յաջողութիւն մաղթեց բոլորին։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2023