ՀԲԸՄ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ՏԱՐՀԱՆԵԱԼՆԵՐՈՒՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) ներկայիս գործի լծուած է՝ Արցախէն տեղահանուած հայերուն զօրակցելու, անոնց օժանդակութիւն փութացնելու համար։ Անցեալ շաբաթ Արցախէն տարհանուած աւելի քան 100 հազար հայերու առաջին կանգառը եղաւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքը։ Արցախահայերը երկար ժամանակէ ի վեր թարմ ու տաք սնունդ չէին ունեցած՝ նախորդած շուրջ մէկ տարուան շրջափակման հետեւանքով։ Ուստի, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը Գորիսի մէջ ապահովեց, որ տարհանեալներու սնման հարցը լուծուի հնարաւորինս։ Այս նպատակով համագործակցութիւն հաստատուեցաւ World Central Kitchen (WCK) միջազգային հասարակական կազմակերպութեան հետ։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Նիւ Եորքի կեդրոնէն հաղորդուեցաւ, որ ցարդ աւելի քան 15 հազար տուփ սնունդ պատրաստուած եւ բաժնուած է բռնի տեղահանեալներուն։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան բարձր գնահատանքով արտայայտուած է WCK-ի մասին, որ անմիջապէս անդրադարձած է այս տագնապի ստացած ողբերգական բնոյթին։ Արցախէն տարհանուածներուն աջակցութեան համար ՀԲԸՄ նուիրատուութիւններ կ՚ընդունի իր «Կլոպալ աջակցութեան հիմնադրամին» միջոցաւ։