ՅԱՐԱՏԵՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը այսօր հրապարակած է կարեւոր զեկոյց մը։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի ստորագրութեամբ համայնքային մամուլին մէջ հրապարակուած այս յայտարարութիւնը կը զուգադիպի 2023-2024 շրջանի առաջին սիրոյ սեղանի ճիշդ նախօրեակին։ Պոլսահայ վարժարաններու տարեկան պիւտճէի բացերու հաւասարակշռման հետամուտ հանգանակութիւնները այս շաբաթավերջին պիտի սկսին Սամաթիոյ մէջ։ Մեր վարժարաններու մատակարար մարմինները վերստին պիտի դիմեն համայնքային շրջանակներուն՝ ապաւինելով մեր ժողովուրդի նուիրատու ոգիին, որպէսզի տարի մը եւս պիւտճէի բացերը ամբողջանան ապահովուելիք նուիրատուութիւններով։ Այս համակարգը թէեւ ներկայիս ապագայ չի խոստանար, սակայն, տակաւին այլընտրանքը գտնուած չէ եւ ստիպողաբար կը տեւականացուի՝ քանի փոխարինման հեռանկար մը չունի։
Ահա, այս մթնոլորտին մէջ վրայ կը հասնի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան զեկոյցը։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու տեղեկացուցած է, որ Գթութեան յարկին կողմէ այս տարի 5 միլիոն լիրա պիտի յատկացուի՝ մեր վարժարաններու պիւտճէներուն։ Զեկոյցի հրապարակման ժամկէտն ալ հետաքրքրական է, որովհետեւ համայնքային շրջանակներէն ներս միջոցէ մը ի վեր որոշ անհանգստութիւն խնդրոյ առարկայ էր՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին կողմէ նուիրատուութիւններու դադրեցուած ըլլալուն բերումով։
Հոգաբարձութեան զեկոյցին մէջ այս կապակցութեամբ եւս կան շեշտադրումներ։ Արդարեւ, յիշեցուած է, որ փոքրամասնութեանց վաքըֆներուն միջեւ նիւթական միջոցներու հնարաւորութիւն ընձեռած օրէնսդրական փոփոխութիւնը կատարուած է 2011 թուականին։ Այդ շրջանէն, այսինքն 12 տարիէ ի վեր հոգաբարձութիւնը 2 միլիոն 100 հազար ամերիկեան տոլար յատկացուցած է մեր վարժարաններու պիւտճէի բացերու դիմագրաւման նպատակով։ Հետեւաբար, հոգաբարձութիւնը այս շօշափելի տուեալով կը հերքէ իրեն հասցէագրուած քննադատութիւնները։ Բաց աստի, ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի ստորագրութեամբ տեղեկացուած է, որ այս տարի ալ 5 միլիոն լիրա պիտի տրամադրուի նոյն նպատակով։
Հոգաբարձութեան զեկոյցին մէջ կարեւոր դիտարկումներ ալ կան պոլսահայ կրթական համակարգի ընթացքին շուրջ։ Այս առթիւ ընդգծուած է, որ մեր համայնքէն ներս իւրաքանչիւրի հայկական վարժարանի մը մէջ կրթութիւն ստանալու իրաւունքը պէտք է երաշխաւորուի եւ այս մէկուն ճանապարհը կ՚անցնի կարգ մը դպրոցները միացնելէ։ Այլապէս, այժմու դրութիւնը փութով կը կքի եւ առանց մեր համայնքի ապագային համար բարձր որակով երիտասարդներ հասցնելու, հնարաւոր պիտի չըլլայ այսօրուան ժառանգութիւնը փոխանցել։ Հոգաբարձութիւնը համոզուած է, թէ թրքահայ համայնքի ապագան ուղիղ համեմատութեան մէջ է մեր վարժարաններու ընթացքին հետ։
Հարկ է յիշեցնել, որ երկար ժամանակէ ի վեր Պետրոս Շիրինօղլու համայնքային բոլոր հարթակներուն վրայ ահազանգ կը հնչեցնէ դպրոցներու պիւտճէի բացերուն մասին՝ յայտնելով, որ աշակերտութեան այժմու քանակութեամբ համայնքը պէտք չունի այսքան բարձր թիւով դպրոց բաց պահելու, ուստի, նպատակայարմար է, որ կարգ մը վարժարանները միանան։