«ԱՐԱՍ»ԷՆ «DERSAADET»

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է նոր ու հետաքրքրական գիրք մը, որ կը կոչուի «Dersaadet»։ Միքայէլ Աստերիսի հեղինակած այս գործը գերմաներէնէ թրքերէնի թարգմանուած է Զէյնեփ Թաշքընի կողմէ։ Հեղինակի հայրը յոյն մըն է, իսկ մօրը կողմէ ան՝ կէս հայ է, կէս իտալացի։ Այս զանազանութիւնը միայն իր ընտանեկան պատմութեան վրայ ցոլանալով չէ մնացած, նաեւ անոր առանձնայատուկ իմաստ մը վերագրած է՝ 19-20-րդ դարերու Օսմանեան հասարակութեան եւ Իսթանպուլի վերաբերեալ վկայութիւններու տեսակէտէ։ Գերմանիոյ մէջ հրատարակուած այս գիրքին բուն անունը եղած է՝ «Երջանկութեան դուռը. գաղթ, հայրենիք, աքսոր՝ իսթանպուլցի ընտանիքի մը պատմութիւնը»։

Այս հետաքրքրական յուշագրութիւնը «Արաս»ի կողմէ ճոխացուած է զանազան տեսանիւթերով։ Գիրքին խմբագիրը եղած է Նազան Մաքսուտեան։ Պատրաստութիւններուն մասնակցած են նաեւ Լորա Սարը եւ Պեթիւլ Պաքըրճը։ Կողքի ձեւաւորումը կատարած է Մելիսա Արսէնեան։

Հեղինակը բովանդակութեան մէջ զանազան գլուխներու ներքեւ ներկայացուցած է իր յուշագրութիւնները, որոնց մէջ նուազ չեն հայ կերպարները։ Ան շեշտած է, թէ իր նախնիները մաս կազմած են Օսմանեան ոչ-իսլամ հաւաքականութիւններու պատմութեան, որ վերջին շուրջ քսան տարիներուն զանազան հետազօտութիւններու կիզակէտին յայտնուած է։ Յամենայնդէպս, հեղինակը համոզուած է, թէ անոնք պիտի ուզէին ո՛չ այս գիրքը կարդալ, ո՛չ ալ միւս հրատարակութիւնները։ Թէեւ այս գիրքին պարունակածը անոնց պատմութիւնն է, սակայն անոնք պիտի չուզէին վերյիշել այդ անցեալը, տեղահանուած ըլլալու կամ դառնութեան բերումով։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2023