Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԳՈՒՄԱՐՈՒԱԾ Ս. ՍԻՆՈԴԻ ԾԻՐԷՆ ՆԵՐՍ ԱՂՕԹԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ
Վատիկանէ ներս ընթացքի մէջ է Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդի ժողովը, որու ծիրէն ներս շաբաթավերջին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի համար։ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի նախագահութեամբ կ՚ընթանան Սինոդի նիստերը, որոնց կը մասնակցի նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։
Վատիկանի Պօղոս Զ. երջանկայիշատակ Պապի յիշատակին ձօնուած դահլիճի երդիքին տակ, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան 7 հոկտեմբերի աշխատանքային օրուան ընթացքին արտասանեց բացման աղօթքը։ Նոյն վայրին մէջ հնչեց նաեւ «Տէր ողորմեա» շարականը։ Նորին Սրբազնութիւնը աղօթքին մէջ ըսաւ.
«Ողորմէ համայն աշխարհը եւ այն հողերը, որոնք այժմ կը տառապին պատերազմներէ, անարդարութիւններէ, ցաւէ եւ բռնութիւններէ՝ յատկապէս մեր սուրբ հողերուն՝ Հայաստանին եւ Արցախին։ Այս ժամուն, Տէր, մենք կ՚աղօթենք այս ցնցուած եւ անհանգիստ աշխարհին համար։ Կ՚աղօթենք քեզի հետ խաչուած անթիւ սուրբ նահատակներու բարեխօսութեան։ Կայունութիւն եւ խաղաղութիւն տուր ամբողջ աշխարհին եւ հաստատուն պահէ քու Ս. Եկեղեցիդ, որպէսզի խառնաշփոթութիւնը հանդարտի, մեր թշնամիներու յարձակում-ները դադրին եւ քու սէրդ ու արդարութիւնդ տարածուի Երկրի վրայ»։
Նորին Սրբազնութիւնը աղօթքին մէջ յիշեց նաեւ հիւանդները, վշտացեալները, անօթեւանները, աղքատները, գաղթականները, փախստականները, խոստովանողներն ու ապաշխարողները՝ բոլորին համար հայցելով Աստուծոյ ողորմութիւնը։
Սինոդի գումարուած դահլիճին մէջ Սրբազան Պապն ալ ջերմօրէն ողջունեց Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդի ժողովներու սկզբնական փուլին մասնակցած էին նաեւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը, Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսը Ճաստին Ուէլպի, Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Եփրեմ Բ. Պատրիարքը եւ քրիստոնեայ աշխարհէն այլ հոգեւոր առաջնորդներ։ Ծանօթ է, որ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը վերջին օրերուն այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Շաբաթ առաւօտեան վերոյիշեալ աղօթքէն վերջ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանն ալ մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր մասնակցեցաւ կիրակի օրուան եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան։
Եկեղեցական
- 01/16/2025
- 01/16/2025