ՁԵՌՆԱՍՈՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ շաբաթավերջին ձեռնադրուած հինգ նորաօծ սրբազանները։ Վեհարանի գահասրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Իրաքի թեմի առաջնորդ Տ. Օշական Եպսկ. Կիւլկիւլեան, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան տնօրէն ժողովի ատենապետ Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածոց տեսուչ Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան եւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Կիրակոս Եպսկ. Դաւթեան երէկ առաւօտ իրենց ուխտի Ս. Պատարագը մատուցելէ վերջ ընդունուեցան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։

Զրոյցի ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շնորհաւորեց եպիսկոպոսական աստիճանի արժանացած եկեղեցականները, փոխանցեց իր հայրական սէրն ու օրհնութիւնը եւ մաղթեց արդիւնաւոր առաքելութիւն՝ ի պայծառութիւն Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի շինութիւն հայրենիքի։ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց իր ձեռնասուններուն, որպէսզի հաստատուն պահեն իրենց ուխտը, ամէն ջանք ու ճիգ ներդնեն իրենց ծառայութեան վայրերէն ներս ազգային-հոգեւոր կեանքը զօրացնելու, հաւատ եւ յոյս ներշնչելու համար հայորդիներուն առկայ դժուարին փորձութիւնները յաղթահարելու ճանապարհին։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը նորաօծ եպիսկոպոսներուն հետ առ Աստուած աղօթք բարձրացուց Հայաստանի խաղաղութեան ու անվտանգութեան, արցախահայութեան եւ աշխարհասփիւռ հայորդիներու բարօր կեանքի եւ Հայոց Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2023