ՈՍՊՆԵԱԿԷՆ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑԱԾԸ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ լուսանկարիչ Մանուէլ Չըթաքի յուղարկաւորութիւնը, որ համախմբեց հոծ թիւով սգաւորներ։ Մանուէլ Չըթաքի անակնկալ կորուստը վերջին օրերուն մեծ ցաւ յառաջացուցած էր թէ՛ մեր համայնքէն ներս եւ թէ լայն հասարակութեան զանազան շրջանակներէն ներս։ Երէկուան յուղարկաւորութեան ժամանակ բոլորը խոր յուզումով իրենց վերջին խոնարհումը բերին Մանուէլ Չըթաքի բարոյական ներկայութեան առջեւ։ Յուղարկաւորներուն տեսակէտէ տխուր էր զինքը յիշել՝ դագաղին շուրջ համախմբուած ձեւով։ Իւրաքանչիւր յուղարկաւոր կարծես իր վկայութիւնը կը բերէր, թէ լուսահոգի Մանուէլ Չըթաք վարպետ լուսանկարիչ մը ըլլալու առընթեր առաքինի անձնաւորութիւն մըն էր։

Յուղարկաւորներուն միացաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որուն կ՚ընկերանար նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ցաւակցութիւն յայտնեց հանգուցեալի ընտանիքին։

Արարողութեան աւարտին բոլոր յուղարկաւորները վշտակցեցան հոգելոյս Մանուէլ Չըթաքի այրիին՝ գրող Շեպնեմ Իշիկիւզելին, զաւակներուն եւ համայն ընտանիքին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2023