«ՀԵՐԹԸ ՏԱՒՈՒՇԻՆՆ Է»

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմակալ առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան երէկ պատմական Մակարավանքին մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ «Ես ձեզի յստակ կ՚ըսեմ՝ հերթը Տաւուշինն է։ Յուսամ՝ այնպէս չըլլայ, որ Մակարավանք ալ չկարողանանք գալ», ըսաւ Նորին Սրբազնութիւնը եւ աւելցուց, որ իւրաքանչիւր մարդու անձնական ուրախութիւնը պայմանաւորուած է բոլորի ընդհանրական ուրախութեամբ։

Արցախի ամբողջական հայաթափումէն վերջ Հայաստանի մէջ խոր մտահոգութիւն կը տիրէ Ատրպէյճանի հաւանական նոր յարձակումներուն տեսակէտէ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, երէկուան քարոզին մէջ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան ըսաւ. «Երեխաներու յիշողութիւնը չկտրէք, հայրենիքի համը իրենցմէ չխլէք»։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2023