ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերները։ Շաբաթավերջին նախատեսուած է Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը, որուն ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղականները խմբագրատունս այցելեցին՝ հանրային կարծիքը լուսաբանելու համար։

Բովանդակալից զրոյցի ընթացքին Հրանդ Մոսկոֆեան եւ գործակից ընկերները բացատրութիւններ տուին այն դժուարութիւններուն մասին, որոնք կը դիմագրաւուին Գումգաբուի ընտանիքին կողմէ։ Այս տարի Պէզճեան Մայր վարժարանը ունի 109 աշակերտ։ Առհասարակ որեւէ թաղեցի գոյութիւն չունի այդ աշակերտներու շարքին՝ քանի տղաքը ամէն օր Գումգաբու կը տարուին՝ քաղաքիս կեդրոնէն յարաբերաբար հեռու, շատ համեստ խաւերու բնակած թաղամասերէն։ Թաղականները համոզուած են, որ յառաջիկայ տարիներուն աշակերտութեան թիւը կրնայ բարձրանալ, որովհետեւ երկրի առկայ տնտեսական դժուարութիւններու պայմաններուն ներքեւ մեր համայնքի անդամներուն վճարունակութիւնը կը նուազի եւ ըստ այդմ համայնքային վարժարանները կը դառնան նախընտրելի։ Սա թէեւ հարիւր տոկոս դրական կամ ողջունելի պարագայ մը չէ, սակայն, Գումգաբուի ընտանիքին վարիչները այս հաւանականութիւնը հաշուի կ՚առնեն՝ որպէս առարկայական իրողութիւն։

Ատենապետ Մոսկոֆեան եւ ընկերները դիտել տուին, որ ինչպէս միւս թաղերու պարագային, այնպէս ալ իրենց դպրոցի պիւտճէի բացը այնպիսի համեմատութիւններու հասած է, որ անկարելի է հաւասարակշռել անհատ բարերարներու նուիրատուութիւններով։ Երկրի տնտեսական պայմանները ծանօթ են, ժողովուրդը ի վիճակի չէ համայնքային վարժարաններու կարիքները հոգալու, ուստի, իրենք ալ յոյսը դրած են այն միջոցներուն վրայ, որոնք պիտի փոխանցուին համայնքային ունեւոր հաստատութիւններուն կողմէ։ Ուստի, եղանակի առաջին մատաղօրհնութեան արդիւնքին հիման վրայ՝ Գումգաբուի ընտանիքի վարչայիններն ալ կը ջանան լաւատեսութիւն պահել՝ Պէզճեան Մայր վարժարանի այս տարուան պիւտճէի հաւասարակշռման որոնումներուն մէջ։

Թաղականները տեղեկութիւն տուին նաեւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրի անմիջապէս քովը գտնուող, վարձակալութեան տրուած կալուածի կացութեան շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, վարձակալին հետ յառաջացած տարակարծութիւններուն հետեւանքով երկար դատական գործընթաց մը խնդրոյ առարկայ է այս կալուածի պարագային։ Այս ընթացքին թաղային խորհուրդը հնարաւորութիւն չ՚ունենար վարձք գանձելու եւ ոչ միայն այդ հասոյթէն կը զրկուի, այլեւ կը հոգայ դատավարութեան ծախսերը։ Իրաւական, օրինական գետնի վրայ թաղային խորհուրդը յամառ պայքար կը մղէ՝ յոյս ունենալով, թէ արդարութիւնը ի վերջոյ պիտի յաղթէ, եկեղեցապատկան կալուածի վերաբերեալ իրաւունքները պիտի վերահաստատուին եւ բնականոն ու կայուն եկամուտ մը ապահովել պիտի սկսի թաղային խորհուրդը։ Սա, անշուշտ, լուրջ եւ առարկայական հեռանկար մըն է Մայր վարժարանը ինքնաբաւ դարձնելու համար։ Թաղականները նշեցին, որ մինչեւ այդ բաղձալի կէտին հասնիլը իրենք պիտի ջանան բոլոր միջոցները ներդնել Մայր վարժարանի կայունութիւնը երաշխաւորելու համար։ Անոնք աւելցուցին, որ եկեղեցապատկան այլ կալուածներու նպատակասլաց արժեւորումն ալ կը գտնուի իրենց օրակարգին վրայ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2023