ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՍԱՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ
Երէկ, Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի «Շուի» մանկանց երգչախումբի սաները՝ գլխաւորութեամբ իրենց ուսուցչին Արթիւր Պաղտասարեանի եւ միջնակարգի բաժնի համակարգող Լիզա Չոլաքօղլուի, այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ։
Անոնք, Հայ մշակոյթի շաբթուան յաջորդող օրերուն այցելեցին Պատրիարքարան եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի արձանին առջեւ։ «Շուի» մանկանց երգչախումբի անդամները երգեցին «Զար զընգը», «Կաքաւի երգը» եւ «Երեւանը մենք ենք» երգերը։
Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան փոքրիկներուն փոխանցեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին օրհնութիւնները։
Հուսկ, «Շուի» խումբի անդամները տէր հօր առաջնորդութեամբ այցելեցին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի, ուր կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը։