ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԲԱՆԱԽՕՍԵՑ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄԱՍԻՆ
Բանասէր, գրականագէտ եւ ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեան երէկ երեկոյեան շահեկան բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Էսաեան սանուց միութեան մէջ։ Այս երեկոյթով ազդարարուեցաւ միութեան երդիքին տակ նոր եղանակին բացումը։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան, Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան, ինչպէս նաեւ Պէյօղլուի ընտանիքէն վարիչներ։ Էսաեան սանուց միութեան վարչութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները, որոնց մեծամասնութիւնը դպրոցի ուսուցչական կազմի անդամուհիներն էին։
Հաւաքոյթի ընթացքին Սեւան Տէյիրմենճեան խօսեցաւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի կեանքին ու գործունէութեան մասին։ Անցեալ ամառ Գնալը կղզիի մէջ ալ ան նման դասախօսութիւնով մը հանդէս եկած էր։ Նկատի ունենալով, որ այս տարի երանեալ Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցը կը նշուի՝ երէկ քաղաքիս մէջ ալ կրկնուեցաւ այս բանախօսութիւնը։ Յամենայնդէպս, ելոյթի սկիզբին Սեւան Տէյիրմենճեան նշեց, որ աւելի ճոխացած բովանդակութեամբ եւ աւելի խորքային մանրամասնութիւններով կը մատուցէր նիւթը։ Բոլորին տեսակէտէ իսկապէս արդարացան այս ձեռնարկին վերաբերեալ ակնկալութիւնները։ Տէյիրմենճեան խայտաբղէտ հանգամանքներով հիւսուած համայնապատկերի մը վրայ ներկայացուց Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը՝ զայն իսկապէս յաջող ձեւով դիրքաւորելով պատմութեան մէջ՝ կրօնաբարոյական, եկեղեցաժողովրդական եւ ընկերամշակութային ծալքերով։ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի տոհմածառէն սկսեալ, մինչեւ անոր ապրած ու գործած ժամանակներու յատկանշական իրադարձութիւններն ու վկայութիւնները՝ Սեւան Տէյիրմենճեան յաջողեցաւ սահուն ձեւով ներկայացնել իր կերպարը՝ ապահովելով անոր մասին տարրական պատկերացումէ մը շատ աւելին, այդ ալ իսկապէս սահմանափակ ժամկէտի մը մէջ։
Երեկոյթի յայտագրին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Հրանդ Չիզմէճեանի։ Հանդիսութեան սկիզբին խումբը «Հայրապետական մաղթանք»ը ներկայացուց, իսկ Սեւան Տէյիրմենճեանի բանախօսութենէն վերջ՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի ստեղծագործած հոգեւոր երաժշտութեան նմոյշներէ փունջ մը։ Բանախօսին կողմէ մատուցուած Հայրապետին կերպարը բոլորի ընկալումներուն մէջ կատարելագործուեցաւ, նոյնիսկ միս ու արիւն ստացաւ երգչախումբի փայլուն կատարումներով։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս ուշագրաւ էր համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազի ելոյթը։
Այսպէսով յայտագիրը հասաւ իր աւարտին, ներկաները բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին բոլոր անոնք, որոնք ներգրաւուած էին ձեռնարկի ծրագրին։ Թէ՛ Սեւան Տէյիրմենճեանի բանախօսութիւնը եւ թէ Լուսաւորիչ երգչախումբի կատարումները այնքան բարձր մակարդակ ու որակ ունէին, որ հանդուրժելի դարձուցին՝ երեկոյթի մնացեալ կարգ մը սիրողականութիւնները, որոնք ատեն-ատեն միութենական մեր ձեռնարկներու ներելի սահմաններն ալ կը հատէին։ Հուսկ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան արտասանեց փակման խօսքը։
Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան եւ իր գործակից ընկերները յայտագրի գործադրութեան աւարտին ընդունելութիւնով մը հիւրասիրեցին երեկոյթի մասնակիցները։ Այս փուլին թէ՛ հոգեւոր հայրերը եւ թէ Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան, նաեւ լիսէի եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհիները՝ Տենչա Չընար եւ Առլին Եշիլթեփէ շնորհաւորեցին Սեւան Տէյիրմենճեանը, Յակոբ Մամիկոնեանը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին միութեան վարչութեան՝ ջերմ հիւրընկալութեան համար։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024