ՈՂԲ. ՆԱԶԱՐ ՀԱՆՉԷՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ, հոգելոյս Նազար Հանչէրի ի յիշատակ կազմակերպուած ճատրակի մրցաշարքը երէկ տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ։ 54 պատանի մարզիկ մասնակցեցաւ այս մրցաշարքին, որու պատուոյ հիւրերն էին Նազար Հանչէրի այրին՝ արուեստաբան Էլմոն Հանչէր եւ հարազատները։ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ գործակից ընկերները, Պէյօղլուի Ս. եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ եւ պատանի մարզիկներու ծնողները արդէն ամբողջութեամբ լեցուցած էին «Նարեկեան» սրահը։ Մրցաշարքին առթիւ բոլորը իրենց կիրակնօրեայ աղօթքն ալ կատարեցին Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր ստացան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի օրհնութիւնը։

Խաղերու աւարտին դափնեկիրները ստացան իրենց բաժակներն ու մետայլները՝ մինչ բոլորը զիրար շնորհաւորեցին ջերմօրէն։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2023