Ս. ՀՈԳԻԻ ԲԽՄԱՆ ԴԱՒԱՆԱՆՔԸ
Սուրբ Հոգիի մասին Տիեզերական Ա.-Գ. ժողովներուն մէջ ընդունուած է. «Սուրբ Հոգին կը բխի միայն Հայր Աստուծմէ, բայց Որդին կրնայ ուղարկել զայն» սկզբունքը։ Այս բանաձեւը ընդունուած է Նախնական Եկեղեցւոյ կողմէ։ Զ.-Է. դարերուն այս սկզբունքին աւելցուեցաւ «յՈրդւոյ» յաւելումը։ Քարլոս Մեծ Կայսրը Հաւատամքի մէջ ներմուծեց այս յաւելումը, բայց Յովհան Ը. Պապը չընդունեց եւ դատապարտեց այդ առաջարկը։
Իսկ ԺԱ. դարուն Պենետիքա Պապը ընդունեց այդ յաւելումը եւ զայն աւելցուց Հանգանակին։
Հայ Եկեղեցին հաւատարիմ մնալով Նախնական՝ Սկզբնական Եկեղեցւոյ, չընդունեց այդ յաւելումը եւ մերժեց զայն։ Ինչ խօսք, որ այս դժուարութիւնները եւ հակամարտութիւնները հետեւանք են Սուրբ Երրորդութեան մասին եղած վարդապետութեան, որ այնչափ դժուար եւ նոյնիսկ անհնար է հասկնալ՝ ըմբռնել կամ պատկերացնել միայն բանականութեամբ կամ, ըսենք, տրամաբանութեամբ. անհրաժեշտ է որպէս մեկնակէտ ունենալ ե՛ւ հաւատքը, ե՛ւ Սուրբ Գիրքը, ե՛ւ Եկեղեցւոյ Հայրերու մեկնաբանութիւնները եւ ուրիշ հիմնական փաստարկումներ։
Աւետարանի մէջ Սուրբ Հոգին կը ներկայացուի որպէս «զօրութիւն» մը՝ որ կը ներգործէ մարդոց մէջ զանազան կերպերով։
Սուրբ Հոգին մէկ կողմէ կը ներկայանայ որպէս «շունչ», «քամի», ուրիշ կողմէ «աղաւնի», «հրեղէն լեզու» եւ այլն։
Եւ այս բոլորը կը բնորոշեն ո՛չ թէ Սուրբ Հոգիին էութիւնը, այլ՝ գործունէութիւնը։ Մենք գիտենք, որ Սուրբ Հոգին Սուրբ Երրորդութեան մէկ անձն է. իբրեւ կատարեալ Աստուած ան հաւասար եւ համազօր է Հօրը եւ Որդիին։ Եւ բոլոր ստորոգելիները, որոնք տրուած են Հօրը եւ Որդիին, կարելի է բացարձակապէս վերագրել նաեւ Սուրբ Հոգիին։
Ինչպէս Քրիստոսի աստուածային ե՛ւ մարդկային բնութիւններու փոխյարաբերութեան հարցի քննարկումը տրոհեց Արեւելեան Եկեղեցին՝ Քաղկեդոնի ժողովին, այնպէս ալ Սուրբ Հոգիի բխման հարցը պատճառ դարձաւ Արեւելեան եւ Արեւմտեան եկեղեցիներու մեծ պառակտման։ Այդ ժամանակներուն հարցը դրուած էր այսպէս. Սուրբ Երրորդութեան առաջին Անձը՝ Հայրը, անսկիզբ եւ անպատճառ՝ առանց պատճառի եղած Անձը՝ Որդին, ծնունդ է Հօրմէ, եւ երրորդ Անձը՝ Սուրբ Հոգին, բխելիութիւն է։ Հետեւաբար, հարց կը ծագի, թէ այդ բխելիութիւնը՝ յառաջ գալը որմէ՞ է՝ Հօրմէ, Որդիէն, թէ երկուքէն։
Բոլոր Արեւելեան եկեղեցիներու ընդունած դաւանանքի համաձայն, որու մաս կը կազմէ նաեւ Հայ Եկեղեցին, Սուրբ Երրորդութեան մէջ մէկ բացարձակօրէն «անսկիզբ» Էակ կայ, Հայրը՝ որպէս պատճառ եւ միակ սկզբունք միւս երկու Անձերու՝ մին ծնունդի եւ միւսը բխման։ Այս ըմբռնումը ընդունելի էր նոյնիսկ Քաղկեդոնէն յետոյ՝ մինչեւ Զ.-Է. դարեր։ Այդ ժամանակներուն Յոյն եւ Լատին եկեղեցիները վէճ չունէին «բխման» հարցի նկատմամբ։ Սկսած է Է. դարէն Եւրոպայի մէջ. սկսան օգտագործել նաեւ «եւ յՈրդւոյ» յաւելումը, որ ալ ԺԱ. դարուն յառաջ բերաւ մեծ պառակտում։
Եւ այսպէս Հռոմի եկեղեցին ընդունեց, որ Սուրբ Հոգին կը բխի ո՛չ միայն Հօրմէն, այլ նաեւ՝ Որդիէն, մինչդեռ Յոյն եկեղեցին՝ Ուղղափառ Յոյն եկեղեցին ընդունեց, որ Սուրբ Հոգին կը բխի միայն Հօրմէն։
Հայ Եկեղեցիի դիրքորոշումը այս հարցի վերաբերեալ, հիմնուած է Աւետարանի այն պարզ վկայութեան վրայ՝ ուր Յիսուս կ՚ըսէ.
«Բայց երբ գայ Մխիթարիչը, այսինքն Սուրբ Հոգին, որ ես ձեզի պիտի ղրկեմ Հօրմէս, որովհետեւ Հօրմէն կ՚ելլէ, անիկա ճշմարտութիւնը պիտի պատմէ եւ վկայէ Իմ մասին». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 26)։ Այսինքն՝ Սուրբ Հոգին կը բխի, կ՚ելլէ միայն Հօրմէն։
Բայց կայ ուրիշ համար մըն ալ՝ ուր Յիսուս կ՚ըսէ.
«Անիկա զիս պիտի փառաւորէ, որովհետեւ ի՛նչ որ ինձմէ առնէ՝ պիտի յայտնէ ձեզի։ Ի՛նչ որ Հայրս ունի՝ Ի՛մս է, ասոր համար է որ ըսի ձեզի, թէ ի՛նչ որ առնէ ինձմէ՝ պիտի յայտնէ ձեզի». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 14-15)։
Այս երկու վկայութիւններու մէջ օգտագործուած բայերը բնագրին մէջ տարբեր են։ Բայց Եկեղեցւոյ Հայրերը երբեք չեն նոյնացներ այդ բայերը, օգտագործուած ձեւը եւ տեղը կը համոզեն, որ երկրորդ պարագային «կ՚առնէ» բայը օգտագործուած է ոչ թէ «ելլել» կամ «ծագիլ» իմաստով, այլ՝ «առաքելութեա՛ն»։ Այսպէս՝ «Ինձմէ կ՚առնէ եւ ձեզի կը պատմէ» դարձուածքին մէջ Յիսուս կ՚ակնարկէ աշակերտներու առաքելութիւնը, քանի որ Մխիթարիչը արդէն խոստացուած է աշակերտներուն։ «Ինչ որ Հայրս ունի՝ իմս է, ասոր համար է, որ ըսի ձեզի, թէ ի՛նչ որ առնէ ինձմէ՝ պիտի յայտնէ ձեզի». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 15)…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ