ԻՆՔՆԱՏԻՊ ԸՆՏԱՆԻՔ

Հա­յաս­տա­նի ա­մե­նէն հիւ­սի­սա­յին կէ­տը Դա­րիկ գիւղն է: Ան սահ­մա­նա­մերձ է մէկ կող­մէն Վրաս­տա­նին, իսկ միւս կող­մէն՝ Թուր­քիոյ: Տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ այս գիւ­ղը ե­ղած է թր­­քա­կան բնա­կա­վայր մը եւ կրած է Էօք­սիւզ ա­նուա­նու­մը: Սում­կա­յի­թի դէպ­քե­րը սկսե­լէ ետք, գիւ­ղին մէջ բնա­կող թուր­քե­րը լքած են բնա­կա­վայ­րը: Այժմ գիւ­ղին մէջ կը պահ­պա­նուին թր­­քա­կան գե­րեզ­ման­նե­րը, ո­րոնք չեն քան­դուած, եւ իբ­րեւ այս տա­րած­քի պատ­մու­թեան վկայ, կը պահ­պա­նուին գիւ­ղի հայ տէ­րե­րուն կող­մէ: Գիւ­ղը Դա­րիկ ա­նուա­նուած է 1991 թուա­կա­նին, դա­րա­ւանդ՝ բարձր տեղ, բար­ձունք բա­ռէն ել­լե­լով:

Շի­րա­կի մար­զի մէջ գտնուող սահ­մա­նա­մերձ այս գիւ­ղը ինք­նա­տիպ է ո՛չ միայն իր պատ­մու­թեամբ, բնու­թեամբ, այ­լեւ գիւ­ղին մէջ ապ­րող եւ գիւ­ղին տի­րու­թիւն ը­նող միակ ըն­տա­նի­քը այս­տեղ հիմ­նած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ա­մե­նէն հե­տաքրք­րա­կան տնտե­սու­թիւն­նե­րէն մէ­կը: Դա­րիկ գիւ­ղին մէջ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած են Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծա­րա­րի եւ ստեղ­ծա­րա­րի բա­րի համ­բաւ ու­նե­ցող Ար­մէն Խե­չո­յեան եւ իր տի­կի­նը՝ Ի­րի­նա Թա­դէո­սեան: Ժա­մա­նա­կին ա­նոնք թուր­քե­րու պար­պուած տու­նե­րու մէջ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տե­լու պայ­ման­ներ ստեղ­ծած են նաեւ այլ հայ ըն­տա­նիք­նե­րու հա­մար, սա­կայն ըն­տա­նիք­նե­րը եր­կար ա­տեն չեն կրցած դի­մագ­րա­ւել գիւ­ղի պայ­ման­նե­րուն, ո­րով­հե­տեւ Դա­րի­կը իր ու­նե­ցած հե­ռա­ւո­րու­թեան, ցուրտ ձմրան եւ կա­ռոյց­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռաւ տար­բեր ապ­րե­լու պայ­ման­ներ ու­նի: Եւ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ Ար­մէն Խե­չո­յեան նաեւ դպրոց հիմ­նած էր գիւ­ղին մէջ՝ բնակ­չու­թիւ­նը պա­հե­լու նպա­տա­կով, սա­կայն ո­րոշ ժա­մա­նակ գոր­ծե­լէ ետք, բա­ւա­րար ա­շա­կերտ չըլ­լա­լու պատ­ճա­ռաւ այդ ալ գո­ցուած է:

Բայց ա­մու­սին­նե­րը չեն հե­ռա­ցած գիւ­ղէն: Ա­նոնք այ­սօր Դա­րի­կը կը նկա­տեն Հա­յաս­տա­նի ա­մե­նէն չքնաղ վայ­րը եւ միակ տե­ղը, ուր ի­նքզինքնին եր­ջա­նիկ կը զգան:

Ա­մու­սին­նե­րը, ծնած ըլ­լա­լով Ե­րե­ւա­նի մէջ, Հա­յաս­տա­նի Գիւ­ղատն­տե­սու­թեան հա­մալ­սա­րա­նը ա­ւար­տե­լէ ետք, տա­կա­ւին ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին, ո­րո­շած են մեկ­նիլ հե­ռա­ւոր գիւղ մը եւ ի­րենց գի­տե­լիք­նե­րը ներդ­նել այդ գիւ­ղին մէջ: Ա­նոնք ընտ­րած են բարձ­րա­լեռ­նա­յին բու­սա­կա­նու­թիւն ու­նե­ցող (ալ­պեան) ա­մե­նէն բարձր հա­յաս­տա­նեան կէ­տը, ո­ր բա­րեն­պաստ պի­տի ըլ­լար կո­վե­րու եւ հիմ­նուե­լիք տնտե­սու­թեան հա­մար:

1993 թուա­կա­նէն մինչ այ­սօր կա­տա­րած աշ­խա­տան­քի եւ ու­նե­ցած ար­դիւնք­նե­րու հի­ման վրայ Ար­մէն Խե­չո­յեա­ն ար­ժա­նա­ցած է բազ­մա­թիւ պար­գեւ­նե­րու, ին­չէպս՝ աշ­խար­հի մէջ սո­վի դէմ պայ­քա­րի ՄԱԿ-ի շքան­շա­նին: Ան 2011 թուա­կա­նին ար­ժա­նա­ցած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան «Ա­նա­նիա Շի­րա­կա­ցի» յու­շա­մե­տայ­լին: Ար­մէն Խե­չո­յեան գիւ­ղատն­տե­սա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու թեկ­նա­ծու է, Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­թի ար­տադ­րու­թեան ո­լոր­տի լա­ւա­գոյն մաս­նա­գէտ­նե­րէն, ու­նի ա­նաս­նա­բոյ­ժի եւ սնն­­դամ­թեր­քի անվտանգու­թեան կա­ռա­վար­ման մաս­նա­գէ­տի ո­րա­կա­ւո­րում­ներ:

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ Դա­րի­կի մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ար­մէն Խե­չո­յեա­նի ըն­տա­նի­քին կող­մէ, ծա­նօ­թա­ցաւ ա­նոր հիմ­նած տնտե­սու­թեա­ն եւ հար­ցազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ թէ՛ Ար­մէն Խե­չո­յեա­նին եւ թէ՛ Ի­րի­նա Թա­դէո­սեա­նին հետ: Ի­րի­նա Թա­դէո­սեան Հա­յաս­տա­նի մէջ Վա­նայ կա­տու­նե­րու պահ­պան­ման հիմ­նադ­րա­մի եւ Վա­նայ կա­տու­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր նա­խա­գահն է: Ան հե­տաքրք­րա­կան ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ պատ­մեց, թէ ինչ­պէս իր ըն­տա­նի­քը Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ սկսած է շատց­նել եւ պահ­պա­նել Վա­նայ կա­տու­նե­րը, հայ­կա­կան գամփռ­ե­րը եւ այլ կեն­դա­նի­ներ:

-Ինչ­պէ՞ս ո­րո­շուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նէն տե­ղա­փո­խուիլ Դա­րիկ, եւ ի՞նչ ար­դիւնք­ներ ու­նե­ցած էք անց­նող տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին:

Ի­րի­նա Թա­դէո­սեան- Ա­մէն ինչ սկսաւ ե­րա­զան­քէն: Շատ կը սի­րէինք մեր մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը, ե­րի­տա­սարդ էինք եւ խան­դա­վա­ռու­թեամբ լի, մեծ փա­փաք ու­նէինք զբա­ղիլ գիւ­ղատն­տե­սու­թեամբ, եւ միեւ­նոյն ա­տեն կ՚ու­զէինք Հա­յաս­տա­նի լքուած տա­րածք­նե­րը զար­գաց­նել: Ընտ­րուե­ցաւ Դա­րի­կը, ո­րով­հե­տեւ ա­մե­նէն լաւ կլի­մա­յա­կան պայ­ման­նե­րը հոս էին կաթ­ն­­տու ցե­ղա­տե­սա­կի կո­վե­րու հա­մար, ո­րոնք պի­տի ա­րա­ծէին լա­ւա­գոյն դաշ­տե­րուն մէջ եւ ա­մե­նէն ո­րա­կեալ կա­թը պի­տի տա­յին: Այս տա­րած­քը ընտ­րե­ցինք նաեւ այն պատ­ճա­ռով, որ հոս ջու­րը լեռ­նա­յին մա­քուր եւ ան­խառն է՝ ա­ռանց քի­միա­կան յա­ւե­լում­նե­րու եւ այլ նիւ­թե­րու, բու­ժիչ յատ­կու­թիւն­ներ ու­նի: Օդն ալ, բնա­կա­նա­բար, մա­քուր է, եւ այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ նպա­տակ կար ա­ճեց­նել մա­քուր կա­նա­չե­ղէն, բան­ջա­րե­ղէն եւ տա­րա­ծել ամ­բողջ Հա­յաս­տա­նի մէջ: Մեծ փա­փաք ու­նէինք ամ­բողջ երկ­րի գիւ­ղե­րուն մէջ քա­րո­զել մեր օ­րի­նա­կը, մա­նա­ւանդ գիւ­ղա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ճիշդ գոր­ծա­ծե­լու եւ ա­ռա­ւե­լա­գոյն ար­դիւնք ստա­նա­լու ա­ռու­մով:

Ար­մէն Խե­չո­յեան- Ա­մե­նէն սկիզ­բը կո­վե­րու բուծ­մամբ սկսանք: Այ­սօր ալ կրնանք ը­սել, որ տոհ­մա­յին ա­նաս­նա­բու­ծու­թեան մէջ մենք յա­ռա­ջա­տար ենք: Սկի­զի­բի հա­մար ներդ­նե­լով մեր բո­լոր մի­ջոց­նե­րը՝ դուր­սէն բարձր մսա­տու եւ բարձր կաթընտու ցե­ղա­տե­սակ­ներ ներ­մու­ծե­ցինք Հա­յաս­տան եւ սկսանք բու­ծել, կա­ռու­ցե­ցինք կա­թի վե­րամ­շակ­ման գոր­ծա­րան, աշ­խա­տող­ներ բե­րինք: Բայց այս տա­րած­քին վրայ եր­կար չաշ­խա­տե­ցաւ գոր­ծա­րա­նը, քա­նի որ ձմրա­ն այս ճա­նա­պարհ­նե­րը վեց ա­միս կը փա­կուին եւ կաթն ու պա­նի­րը այլ վայ­րեր հասց­նե­լու հարց կ՚ըլ­լար: Ու­նինք կո­վեր, հոր­թեր, ցու­լեր Դա­րի­կի մէջ, բայց ա­նա­սուն­նե­րու բուծ­ման եւ կա­թի վե­րամ­շակ­ման մեր հիմ­նա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը տե­ղա­փո­խած ենք Սպի­տակ քա­ղա­քը եւ այլ վայ­րեր։ Սպի­տա­կի կա­թի մշակ­ման գոր­ծա­րա­նը, կրնամ ը­սել, որ Հա­յաս­տա­նի լա­ւա­գոյն ու ո­րա­կեալ գոր­ծա­րանն է, որ բարձ­րա­կարգ կաթ­նամ­թերք կ՚ար­տադ­րէ: Կո­վե­րու տա­րե­կան մի­ջին կաթ­նտուու­թիւ­նը հաս­ցու­ցած ենք 6500 լիթ­րի։ Հա­յաս­տա­նի մէջ վեր­ջին քսան-քսան­հինգ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին այդ­պի­սի ցու­ցա­նիշ չէ ար­ձա­նագրուած: Ատ­կէ զատ, մեր երկ­րէն ար­տա­քին շու­կայ եր­բեք տոհ­մա­յին ա­նա­սուն չէ վա­ճա­ռուած, մինչ­դեռ, մենք ար­դէն վա­ճա­ռած ենք յի­սուն գլու­խէն ա­ւե­լի տոհ­մա­յին կեն­դա­նի: Կը կար­ծեմ, որ այս մէ­կը ա­մե­նէն մեծ գնա­հա­տա­կանն է՝ մեր տնտե­սու­թեան հա­մար: Կը զբա­ղինք նաեւ ոչ­խա­րա­բու­ծու­թեամբ, խո­զա­բու­ծու­թեամբ: Դա­րի­կի մէջ ու­նինք ա­րօ­տա­վայ­րեր, զորս կը հնձենք եւ ո­րա­կեալ ա­նաս­նա­կեր կը պատ­րաս­տենք: Մենք ա­ռա­ջի­ն ան­գամ Հա­յաս­տա­նի մէջ ներ­մու­ծած ենք նո­րա­գոյն գիւ­ղա­կան սար­քա­ւո­րում­ներ, որ­պէս­զի զա­նոնք տա­րա­ծենք գիւ­ղե­րու մէջ, որ­պէ­զի դիւ­րին ըլ­լայ գիւ­ղա­ցիին գոր­ծը։ ­Բայց  մեր կա­տա­րած աշ­խա­տան­քը միշտ ճիշդ չէ գնա­հա­տուած: Կ՚ու­զէինք, որ մեր կա­տա­րած գոր­ծը ճիշդ գնա­հա­տուէր, մենք գնա­հատ­ման կա­րիք ու­նինք: Այ­սօր Հա­յաս­տա­նի մէջ դժուար է նոր ու յա­ռա­ջա­տար բան մը ը­նել այն պա­րա­գա­յին, երբ եր­կի­րը ա­րագ քայ­լե­րով ա­ռաջ չ՚ըն­թա­նար: Դուն միշտ յա­ռաջ կ՚ըն­թա­նաս, սա­կայն կը նշմա­րես, որ միւս­նե­րը տա­կա­ւին ե­տ մ­նա­ցած են, ստի­պուած դուն կանգ կ՚առնես, որ­պէս­զի միւս­նե­րը գան քե­զի հա­ւա­սա­րին, ո­րով­հե­տեւ միայն քու զար­գա­նա­լովդ չ՚ըլ­լար, միւս­ներն ալ պէտք է հա­ւա­սա­րա­պէս զար­գա­նան քե­զի հետ:

-Դուք Հա­յաս­տա­նի մէջ Հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հի հնա­գոյն հայ­կա­կան շու­նի՝ գամփ­ռի պահ­պան­ման ջա­տա­գով­նե­րէն էք: Վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին, երբ այդ շու­նը ան­հե­տաց­ման եզ­րին էր, Դուք ձեռ­նար­կե­ցինք զայն փրկե­լու, բազ­մաց­նե­լու, տա­րա­ծե­լու մի­ջոց­նե­րուն: Ինչ­պէ՞ս այդ մէ­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ, եւ հայ­կա­կան գամփռ ցե­ղա­տե­սա­կը այ­սօր ի՞նչ վի­ճա­կի մէջ է:

Ի­րի­նա Թա­դէո­սեան- Նախ ը­սեմ, թէ գամփ­ռը ընդ­հա­նուր ա­նուա­նումն է այն խո­շոր շու­նին, որ բնո­րոշ է Հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հին: Գամփռ­ե­րը կ՚ըլ­լան գել­խեղդ (գայ­լի դէմ պայ­քա­րող եւ յաղ­թող), հովուա­շուն (որ ա­նա­սուն­նե­րը կը հսկեն) փո­թոր­կա­շուն (որ փո­թո­րիկ­նե­րու, վատ ե­ղա­նա­կի ժա­մա­նակ մար­դոց կ՚ու­ղեկ­ցի): Եւ այս պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը ա­նոնց մէջ կան ի ծնէ: Ոչ ոք զա­նոնք կը վար­ժեց­նէ, որ ան պի­տի հսկէ հո­տը կամ սա­րի գլխուն պի­տի նստի ու գիւ­ղը պի­տի պաշտ­պա­նէ գայ­լե­րէն: Շու­նը լաւ գի­տէ, որ ինք ծնած է ա­սոնց հա­մար:

 Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի տա­րի­նե­րուն, երբ Հա­յաս­տա­նէն ցո­րեն եւ պա­րէն կը ղրկէին պա­տե­րազ­մի դաշտ, բա­ւա­րար մարդ չկար, եւ գամփռ շու­ներ կը նստեց­նէին գնաց­քի մուտ­քե­րուն քով, որ­պէս­զի ա­նոնք հսկէին այդ ապ­րանք­նե­րը, մին­չեւ որ եր­թա­լիք տե­ղը հաս­նէր: Այդ­պէս հայ­կա­կան գամփ­ռը հա­սաւ Ռու­սաս­տան եւ այլ եր­կիր­ներ ու Հա­յաս­տա­նի մէջ յայտ­նուե­ցաւ ան­հե­տաց­ման եզ­րին: Երբ մենք սկսանք մեր գիւ­ղա­կան գոր­ծու­նէու­թեան, շատ պարզ ու հայ­րե­նա­սի­րա­կան միտք ու­նէինք՝ գտնել եւ բազ­մաց­նել հայ­կա­կան հնա­գոյն այդ շու­նը: Պտը­տե­ցանք ամ­բողջ գիւ­ղե­րը, գտանք շու­ներ, ո­րոնք ար­տա­քի­նէն կը յի­շեց­նէին գամփ­ռը։ Գա­ցինք, բե­րինք զա­նոնք, քննու­թեան են­թար­կե­ցինք, խառ­նե­ցինք, զտե­ցինք եւ ձա­գե­րու մի­ջո­ցով ստա­ցանք մեր ու­զած շու­նը, ո­ր իս­կա­կան հնա­գոյն, ան­խառն տե­սակն է: Հա­զա­րա­ւոր գամփռ­եր բու­ծա­նած ենք, ա­նոնք հա­սած են զա­նա­զան եր­կիր­ներ, ո­րով­հե­տեւ գամփ­ռի սի­րա­հար­նե­րը եւ գնա­հա­տող­նե­րը իս­կա­պէս շատ են: Իսկ գամփ­ռը ար­ժա­նի է, որ զին­քը յար­գես, նկա­տի առ­նես եւ լաւ վա­րուիս ա­նոր հետ, որ­պէս­զի ինք դար­ձեալ չյայտ­նուի վե­րաց­ման եզ­րին:

Գամփ­ռը վար­ժեց­նե­լու կա­րիք չու­նի։ Ան խե­լա­ցի շուն մըն է, ե­թէ ան հով­ի­ւին ա­նա­սուն­նե­րը կը հսկէ, ին­ք գի­տէ, որ այդ մէ­կը իր գոր­ծա­ռոյթն է, բնա­ծին կեր­պով իր մօտ կայ այդ հաս­կա­ցու­թիւ­նը: Մենք, օ­րի­նակ, այս հե­ռա­ւոր գիւ­ղին մէջ, սահ­մա­նի վրայ, ո՛չ մէկ վախ ու­նինք, ո­րով­հե­տեւ շու­նը դուրսն է, ո՛չ գայլ կրնայ մտնել տա­րածք, ո՛չ ալ՝ ան­ծա­նօթ մէ­կը: Տու­նին դուռն ալ չենք կղպեր: Գամփ­ռը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ է նաեւ իր ա­ռող­ջու­թեամբ: Ան ա­մուր եւ ար­տա­կարգ ա­ռող­ջու­թիւն ու­նի եւ չի հի­ւան­դա­նար այն հի­ւան­դու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց­մով կը վա­րա­կուին տնա­յին շու­նե­րը: Գամփ­ռը տու­նին մէջ չես պա­հեր ու­րիշ շու­նե­րու պէս, ո­րով­հե­տեւ ան կը ծե­րա­նայ եւ իր կեան­քի տե­ւո­ղու­թիւ­նը կը կար­ճ­նայ:

Տա­կա­ւին հին հայ­կա­կան ա­ռաս­պել­նե­րէն գի­տենք, որ գամփ­ռը ու­ղեկ­ցած է Սա­նատ­րու­կին, ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան ժա­մա­նակ, իբ­րեւ փո­թոր­կա­շուն եւ ա­նոր շնոր­հիւ ալ Սա­նատ­րուկ փրկուած է: Սա­նատ­րու­կի երկ­րորդ ա­նու­նը ե­ղած է Շա­նատ­րուկ: Շատ-շատ հին պատ­մու­թիւն ու­նի մեր գամփ­ռը, տա­կա­ւին հին հայ­կա­կան ժայ­ռա­պատ­կեր­նե­րու վրայ կայ ա­նոր նկա­րը, հնա­գոյն պե­ղում­նե­րու ժա­մա­նակ գտնուած են գամփ­ռի գան­կեր: Քսան­հինգ տարուան մեր աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քին այ­սօր մենք ու­նինք զտա­րիւն, ան­խառն գամփռ: Կրնամ ը­սել, որ լաւ վի­ճա­կի մէջ է հայ­կա­կան շու­նը, ո­րով­հե­տեւ այ­սօր միայն մենք չէ, ու­րիշ մար­դիկ ալ կը զբա­ղին շու­նի պահ­պա­նու­թեամբ:

Ար­մէն Խե­չո­յեան- Մենք ոչ միայն հայ­կա­կան գամփ­ռի սի­րա­հար ենք, այ­լեւ այն ա­մէն բա­նին, ինչ որ հայ­կա­կան է եւ հնա­րա­ւոր է, որ ան­հե­տաց­ման եզ­րին յայտ­նուի օր մը: Գամփ­ռը հա­զա­րա­ւոր տա­րի­ներ ա­ռաջ ստեղ­ծուած է, ան տե­ղւոյն բնա­կան կ­­լի­մա­յա­կան պայ­ման­նե­րու մէջ ի յայտ ե­կած տե­սակ մըն է, եւ կա­րիք չու­նի վար­ժեց­ման: Միայն պէտք է ճիշդ դաս­տիա­րա­կել եւ ա­նոր նեար­դա­յին հա­մա­կար­գը կա­յուն պա­հել, որ­պէս­զի ան յար­ձա­կո­ղա­կան չըլ­լայ:

Աշ­խար­հի մէջ ա­մէն եր­կիր իր ապ­րան­քա­նի­շը կը ստեղ­ծէ, մենք կրնանք մեր գամփ­ռը ար­ձա­նագ­րել իբ­րեւ այս բարձ­րա­վան­դա­կին բնո­րոշ շուն: Ան­շուշտ, այլ եր­կիր­նե­րու մէջ ալ կան այս շու­նի ծի­նե­րուն բնո­րոշ շու­ներ, օ­րի­նակ, Թուր­քիոյ մէջ կայ քա­րա­պա­շը, կով­կա­սեան ազ­գե­րու մօտ կայ կով­կա­սեան հով­ուա­շու­նը, Ռու­սաս­տա­նի մէջ կայ ռու­սա­կան ջրա­սոյզ շու­նը, ա­սոնք բո­լո­րը ազ­գա­կից են: Լաւ կ՚ըլ­լար, որ մեր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հայ­կա­կան գամփ­ռը որ­դեգ­րէր իբ­րեւ այս լեռ­նաշ­խար­հի շուն: Շատ մը եր­կիր­ներ ար­դէն ըն­դու­նած են գամփ­ռը, իբ­րեւ հայ­կա­կան շուն, բայց Հա­յաս­տա­նի մէջ պե­տա­կան մա­կար­դա­կով այդ մէ­կը չէ կա­տա­րուած: Նոյ­նը կը վե­րա­բե­րի նաեւ Վա­նայ կա­տու­նե­րուն: Ան, հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի ան­բա­ժան մաս ըլ­լա­լով, այ­սօր մեր երկ­րին մէջ ըն­դու­նուած չէ իբ­րեւ հայ­կա­կան տե­սակ:

-Դուք Հա­յաս­տա­նի մէջ նաեւ Վա­նայ կա­տու­նե­րու ա­մե­նէն մեծ տնտե­սու­թիւ­նը ու­նիք: Ո՞րն է Վա­նայ կա­տու պա­հե­լու ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը:

Ի­րի­նա Թա­դէո­սեան- Մենք Վա­նայ կա­տու­նե­րով կը զբա­ղինք 1996 թուա­կա­նէն ի վեր: Վա­նայ կա­տու­նե­րու բազ­մա­թիւ սե­րունդ­ներ ու­նե­ցած ենք, մեծ քա­րոզ­չու­թիւն կա­տա­րած ենք՝ ներ­կա­յաց­նե­լով Վա­նայ կա­տուն Հա­յաս­տա­նի եւ աշ­խար­հի մէջ, տպագ­րած ենք յօ­դուած­ներ, ամ­սագ­րեր, օ­րա­ցոյց­ներ, բազ­մա­թիւ ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու մաս­նակ­ցած ենք մեր կա­տու­նե­րով, թէ՛ Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ թէ Հա­յաս­տա­նէ դուր­ս: Ես հաս­կ­­ցայ, որ ի­րա­ւունք ու­նիմ ստեղ­ծե­լու հիմ­նադ­րամն ու ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը եւ մեր աշ­խա­տանք­նե­րը շա­րու­նա­կել ա­նոր մի­ջո­ցով:

Մեր ըն­կե­րակ­ցու­թեան Վա­նայ կա­տու­նե­րը շատ նշա­նա­ւոր են ու տա­րա­ծուած են Հա­յաս­տա­նի զա­նա­զան վայ­րե­րու մէջ, Հա­յաս­տա­նէն դուրս, նոյ­նիսկ մին­չեւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ: Վա­նայ կա­տուի գլխա­ւոր յատ­կա­նի­շը այն է, որ ա­ռա­ջին հեր­թին ան հայ­կա­կան կա­տու է, տա­կա­ւին ու­րար­տա­կան ժա­մա­նակ­նե­րէն ան ապ­րած է այս տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ, մեր նախ­նի­նե­րուն քով: Այ­սօր ան Կար­միր Գիր­քին մէջ գրան­ցուած կեն­դա­նի մըն է, կը նկա­տուի ոչն­չա­ցող տե­սակ: Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ա­նոնք միակ կա­տուազ­գին են, որ կը լո­ղան, կը սի­րեն ջու­րի հետ շփու­մը: Շա­տեր այն կար­ծի­քը ու­նին, թէ Վա­նայ կա­տուն զա­նա­զան գոյ­նի աչ­քեր ու­նե­ցող կա­տուն է: Բայց այդ մէ­կը պար­տա­դիր յատ­կա­նիշ մը չէ: Ան կրնայ ու­նե­նալ եր­կու դե­ղին, եր­կու կա­պոյտ կամ մէկ դե­ղին ու մէկ կա­պոյտ աչք: Կա­րե­ւո­րը մարմ­նի կա­ռու­ցուած­քը, նարն­ջա­գոյն ա­կանջ­նե­րը, պո­չը եւ բնա­ւո­րու­թիւնն են: Վա­նայ կա­տու­նե­րը մար­դոց շատ շուտ կը կա­պուին, կը սի­րեն զա­նոնք եւ ա­նոնց հետ ըն­կե­րու­թիւն կ՚ը­նեն: Մեր բու­ծա­րա­նը Ե­ղուար­դի մէջ է, յա­ճախ նաեւ նուէր կու­ տանք Վա­նայ կա­տուն, մա­նա­ւանդ այն ըն­տա­նիք­նե­րուն, ո­րոնք ու­նին դժուար բնա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցող ե­րա­խա­ներ, ո­րոնք խնդիր­ներ կը յա­րու­ցեն: Կա­տու­նե­րը բա­րեն­պաստ յատ­կու­թիւն ու­նին այդ պա­րա­գա­յին:

Ես Դա­րի­կի մէջ կ՚ի­րա­կա­նաց­նամ ա­մա­ռնա­յին ճամ­բար­ներ, ուր ե­րա­խա­ներ կը սո­րվին կա­տու­նե­րու, շու­նե­րու հետ վա­րուիլ, տի­րու­թիւն ը­նել ա­նոնց, կե­րակ­րել զա­նոնք։ Այս բո­լո­րը բու­ժա­կան յատ­կու­թիւն­ներ ու­նին ե­րա­խա­յին տե­սա­կէ­տէ: Հո­գե­բու­ժա­կան հի­ւան­դա­նոց­նե­րէ հի­ւանդ­ներ բե­րած եմ եւ տա­սը օր պա­հած եմ Դա­րի­կի մէջ, ձիա­բու­ժու­թիւն կա­տա­րած եմ, եւ ըստ տուեալ­նե­րու, կեն­դա­նի­նե­րու հետ շփու­մէն ա­նոնց վի­ճա­կին մէջ դրա­կան նշան­ներ ի յայտ ե­կած են:

-Կրնաք պատ­մել գիւ­ղա­կան զբօ­սաշր­ջու­թեան մա­սին, որ հիմ­նած էք Դա­րի­կի մէջ:

Ի­րի­նա Թա­դէո­սեան- Եր­կար տա­րի­նե­րու փոր­ձա­ռու­թեան հի­ման վրայ ո­րո­շե­ցի հիւ­րեր ըն­դու­նիլ հոս։ Գիւ­ղա­կան ո­ճով կա­ռու­ցե­ցինք պզտիկ հիւ­րա­տուն մը, ուր ա­մէն ինչ պարզ ու բնա­կան է եւ այ­սօր ար­դէն ու­նին բա­ւա­կան այ­ցե­լու­ներ, ո­րոնք կու գան տար­բեր եր­կիր­նե­րէ: Ա­նոնք, ո­րոնք կը սի­րեն գիւ­ղա­կան զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը, յա­ճախ կու­ գան մեր մօտ: Այս զբօ­սաշր­ջու­թեան սի­րա­հար­նե­րը իւ­րա­յա­տուկ են. ա­նոնք կը սի­րեն առ­տուն արթն­նալ, կո­վը կթել, կա­թը տաքց­նել, խմել, ի­րենց ձեռ­քով պտուղ հա­ւա­քել, ու­տել, հաւ­կի­թը առ­նել հաւ­նո­ցէն՝ հա­ւուն տա­կէն: Այդ ծրագ­րին հա­մար ձիեր բազ­մա­ցու­ցինք, քա­նի որ այս տա­րած­քին մէջ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը կ՚եր­թե­ւե­կեն ձիե­րով, կը հեծ­նեն ձին, կը զբօս­նուն, մին­չեւ մօ­տա­կայ Ար­փի լիճ կը հաս­նին: Ա­մա­ռը ե­րեք ա­միս լե­ցուն է իմ հիւ­րա­տու­նը, նպա­տակ ու­նիմ ըն­դար­ձա­կել զայն:

-Ի՞նչ է Դա­րի­կը Ձե­զի հա­մար:

-Ար­մէն Խե­չո­յեան- Աշ­խար­հի կեդ­րոնն է: Այս­տե­ղը իմ տունս է, ուր ես եր­ջա­նիկ կը զգամ: Չեմ գի­տեր իմ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ե­րա­զանքս հոս ինչ չա­փով յա­ջո­ղե­ցաւ, թե­րեւս ու­րիշ շրջան­նե­րու մէջ ա­ւե­լի յա­ջո­ղեր, քան՝ Դա­րի­կի մէջ, բայց Դա­րի­կը մնաց միակ տե­ղը, ուր ես զիս ա­մե­նէն լա­ւը կը զգամ: Թէեւ ծնած եմ մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ, սա­կայն այ­սօր ին­ծի հա­մար տա­նե­լի չէ քա­ղա­քին ձայ­նե­րը, քա­ղա­քին կեան­քը։ Կը զբա­ղինք նաեւ Դա­րի­կի շրջա­կայ­քի յու­շար­ձան­նե­րու պահ­պա­նու­թեամբ: Չորս­հա­զա­րա­մեայ վի­շա­պա­քար մը տե­ղադ­րե­ցինք այս վայ­րին մէջ: Նպա­տակ կայ վե­րա­նո­րո­գել այս վայ­րի գե­րեզ­ման­նե­րը եւ կապ ստեղ­ծել ննջե­ցեալ­նե­րու հա­րա­զատ­նե­րուն հետ, ո­րոնք թուր­քեր են, հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­նան հոս գալ ու այ­ցե­լե­լ ի­րենց գե­րեզ­ման­նե­րը:

Ի­րի­նա Թա­դէո­սեան- Դա­րի­կը տեղ մըն է, ուր դուն պարզ ես ու մա­քուր, չու­նիս յե­տին միտ­քեր. այդ մէ­կը բնու­թիւ­նը եւ կեն­դա­նի­նե­րը կու­ տան քեզ:ի Ինչ­քան պարզ եւ բնա­կան՝ այն­քան գե­ղե­ցիկ… Շատ եր­կար ապ­րե­լով հոս այս մէ­կը լաւ զգա­ցի: Հասկ­ցայ, որ եր­ջան­կու­թիւ­նը դրա­մա­տան հա­շիւ­նե­րուն հետ ոչ մէկ կապ ու­նի: Դուն կրնաս ո­չինչ ու­նե­նալ, բայց ըլ­լաս յա­գե­ցած ու լիա­կա­տար բա­ւա­րա­րուած քու ը­րած գոր­ծէդ, քու կեան­քէդ, քու ե­րա­խա­նե­րէդ: Դա­րի­կը ին­ծի ուժ կու­ տայ: Ա­սի­կա վայր մըն է, զոր չես կրնար ձգել ու եր­թալ, այդ մէ­կը կ՚ըլ­լայ դա­ւա­ճա­նու­թիւն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2015