ԹԻՐԱԽԱՅԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ վրայ, որու համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագ եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կեդրոնական դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ովսաննա Գալէնտէրի եւ երգեհոնահարութեամբ Քրիստին Սալմասլըի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագի ընթացքին մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցաւ երանաշնորհ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան, որ եղած էր Կեդրոնական վարժարանի հիմնադիրը։ Տեղի ունեցաւ նաեւ մատաղի օրհնութիւն։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 24-րդ տարեդարձին առթիւ։ Եկեղեցական արարողութիւններուն մասնակցեցան նաեւ խումբ մը Կեդրոնականի սաներ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Նորին Ամենապատուութիւնը նախագահեց նաեւ աշխարհիկ հանդիսութեան, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները, որոնց շարքին էին Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, յայտնի բարերարներ, համայնքային վարիչներ, հասարակական գործիչներ, Ղալաթիոյ ընտանիքէն պատասխանատուներ, Կեդրոնական վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Յարութիւն Էպէօղլու, տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, համակիրներ եւ հիւրեր։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Կեդրոնականի շրջանաւարտներէն Թապիթա Թոփարլաքի։ Ելոյթով մը հանդէս եկաւ ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան, որ անդրադարձաւ խնամակալութեան կողմէ տարուած գործունէութեան ու ձեռքբերումներուն։

Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ հանդէս եկան Կեդրոնական վարժարանի սաները։ Ղափամայի շուրջ կատարուած պարէն յետոյ երաժշտութեան ուսուցիչ Յակոբ Մամիկոնեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Սառա Արագիլեան ներկայացուց «Հայոց աշխարհ» եւ «Ազգ փառապանծ» տոհմիկ երգերը։ Սաներու ներկայացումներով մատնանշուեցաւ նաեւ Կեդրոնական վարժարանի համայնքային կեանքէն ներս գրաւած տեղը՝ որպէս բաղադրիչը բոլոր թաղերու հաստատութիւններու ոգին՝ շնորհիւ իր հիմնադրութեան նպատակին, դիրքին եւ բոլոր թաղերէն համադրած աշակերտներուն։ Անոնք իրենց պատրաստած պաստառներով վերյիշեցին նաեւ Կեդրոնականի հիմնադիր Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի խօսքերը։ Կեդրոնականի սաները որպէս միասնականութեան խորհրդանիշ՝ հանդէս եկան շուրջպարերով։ Կեդրոնականցիները իրենց յաջող ներկայացումներով արժանացան ներկաներու ջերմ ծափահարութիւններուն։

Հանդիսութեան տեւողութեան թաղային խորհուրդին կողմէ առ ի երախտագիտութիւն՝ անցեալ շրջանի թաղականներուն համար պատրաստուած յուշանուէրները՝ ծափահարութիւններու ներքեւ եւ ընդհանուր գնահատանքի պայմաններով յանձնուեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ։ Սիրոյ սեղանի ընթացքին Կեդրոնականի ընտանիքին եւ համայնքային շրջանակներու երախտագիտութեան զգացումներուն առարկայ դարձաւ Հայկ Ասլանեան, որ երկար տարիներէ ի վեր գործունէութիւն կը ծաւալէ ի նպաստ Կեդրոնական վարժարանին։

Ապա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արտասանեց հուսկ բանքը,  որու ընթացքին ան շեշտեց Կեդրոնական վարժարանի հիմնադրութեան պայմաններն ու նպատակը։ «Եւ լուսաւոր մարդոց երազը իրականացաւ ու հիմնուեցաւ Կեդրոնական ազգային վարժարանը», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց Ղալաթիոյ խնամակալութեան անդամները, ինչպէս նաեւ վարժարանի տնօրէնուհին ու կրթական մշակները, որոնք կը ջանան նոր կեանք բերել բնակիչներէ ամայացած թաղին եւ յատկապէս Կեդրոնական վարժարանին։ Իր խօսքերու աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղեկացուց, որ հաւասարակշռուած է Կեդրոնական վարժարանի տարեկան պիւտճէն։

Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքով։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2023