ԱՌԱՆՑ ԼՈՅՍԻ ԿԵԱՆՔ…
Լոյսը Աստուծոյ հոգեւոր զօրութեան տեսանելի արտացոլացումն է։ Արդարեւ, լոյսը արարչագործութեան ամենէն ազնիւ յատկութիւնն է եւ այդ իսկ պատճառաւ բոլոր արարածներ տեսանելի՛ դարձան եւ կարողացան պատսպարուիլ աշխարհի վրայ եւ կեանքը տեւականացնել։
Լոյսը՝ արեւը, արեգակը բնութիւնը տեսանելի կը դարձնէ, մարդոց ուղղութիւն կու տայ, կողմ ցոյց կու տայ, վտանգներու արգելք կը հանդիսանայ, խաւարը՝ մութը կը խափանէ, տիեզերքը կը գեղեցկացնէ, կ՚աճեցնէ եւ Աստուծոյ փառքը կը մարմնաւորէ։
Մտքին լոյսը կը փարատէ մտային խաւարը։ Ուստի ամենէն վտանգաւոր խաւարը մտային խաւարն է, եւ ամենէն յարգի լոյսը՝ մտային խաւարը փարատող լոյսն է։
Հոգեւոր աշխարհի անծանօթ անհաւատ հեթանոսը լոյսը կը դիտէ եւ կ՚ըմբռնէ բոլորովին ֆիզիքական աչքով եւ տեսքով։ Իսկ գիտունը՝ իմացական եւ բանական աչքով։ Քրիստոնեայ հաւատացեալը լոյսը կը դիտէ եւ կը տեսնէ հոգեւոր աչքով։ Այս իմաստով ուրեմն, անհաւատը անմիջապէս կը համոզուի իր տեսածին, արտաքին տեսքին, գիտնականը՝ կը տարրալուծէ եւ կը մեկնաբանէ զայն պատճառի եւ արդիւնքի յարաբերութեանը մէջ, իսկ հաւատացեալը՝ կը տեսնէ, կը հաւատայ լոյսին խորը՝ ետին պահուած անտեսանելի մեծ հեղինակութեան։ Ուստի, հոգեւոր աչքը կը թափանցէ, կը ներգործէ լոյսին խորը եւ խոր կ՚ըմբռնէ զայն։
Անհո՜ւն եւ անծայրածիր եթերային տարածութեան մէջ կը կենան մոլորակները, ըստ գիտական բացատրութեան եւ տուեալ պայմաններու՝ քաշողական օրէնքով, եւ ըստ հաւատքի՝ Աստուծոյ անսահման ստեղծագործական հեղինակութեամբ։ Կա՛յ, արդարեւ, ստեղծագործական ընդհանուր ծրագիր մը։ Անոնք տեսանելի՛ կը դառնան լոյսին շնորհիւ, իսկ խաւարը չի կրնար խախտել անոնց դիրքը եւ շրջել ներդաշնակ ընթացքը։ Տեսանելի լոյսին կեդրոնը արե՛ւն է. հոգեւոր լոյսին ակը կը բացուի մարդուն հոգիին մէջ եւ իմացական բանական լոյսը կը բխի ուղեղէն՝ հոգիին զօրութեամբ։
Ուստի, լոյսին էական նպատակը լուսաւորել է, ամէն ինչ երեւան բերել, տեսանելի դարձնել եւ իրողութիւնը ցոյց տալ այնպէս, ինչպէս որ է։ Եւ յստակ տեսնուած իրողութիւնը ճշմարտութիւն է, քանի որ ամէն իրողութիւն (réalité) ճշմարտութիւն (vérité) չէ։ Եւ ահաւասիկ, լոյսն է որ իրողութիւնը եւ ճշմարտութիւնը կը զանազանէ եւ իրողութեան մէջէն ճշմարտութիւնը կ՚որոշէ, քանի որ իրողութիւնները բազմաթիւ են, բայց ճշմարտութիւնը՝ մէ՛կ։
Առանց լոյսի ամէն ինչ ծածուկ պիտի մնար, անյայտ եւ անորոշ, եւ այս պատճառով շատ գաղտնիքներ պիտի չլուծուէին եւ անծանօթ պիտի մնային։
Արեւին, ելեկտրականութեան, ճրագին կամ մոմին տուած նոյն լոյսն է իրարմէ զօրութեան տարբերութեան։ Բայց լոյսին նպատակը մի՛շտ նոյնն է՝ լուսաւորել։ Արդարեւ, տարբեր զօրութեամբ լոյսերուն մին կամ միւսը, որպէսզի լուսաւորէ, պէտք է զայն բարձր տեղ մը զետեղուած ըլլայ։ Այդ իսկ պատճառաւ Աստուած արեւը երկինքը զետեղած է եւ մարդիկ ալ բոլոր լոյսերը բարձր տեղ մը կը կախեն, որպէսզի շուրջբոլորը լուսաւորէ։
Զարմանալի՜ն հոն է, որ մէկ արեւը տիեզերքը կը լուսաւորէ եւ մէկ ճրագը կամ մէկ մոմը սենեակ մը ամբողջ կրնայ լուսաւորել բոլոր իրերը տեսանելի եւ ճանաչելի դարձնելով։ Ուրեմն լոյսին յատկութիւնները վեհ են եւ զօրաւո՛ր։ Ասոր առընչութեամբ Յիսուս Իր մէկ առակին մէջ անքօղարկելի եւ անհերքելի ճշմարտութիւն մը յայտնած է թէ՝ «Միթէ կը բերե՞ն ճրագը եւ կը դնեն գրուանին կամ մահճակալին տակ. չէ՞ որ աշտանակի վրայ կը դնեն». (ՄԱՐԿ. Դ 21)։ Արդարեւ, մահիճը կամ գրուանը (=գրիւ. ցորեն չափելու սնտուկ) կը ծածկէ ճրագը, եթէ մէկուն կամ միւսին տակ դրուի եւ իր նպատակին չի ծառայեր։
Ճրագը ծածկել խաւարը նախընտրել կը նշանակէ՝ որ համազօր է չարամտութեան։
Անգամ մը որ մարդուն սիրտը մարած ճրագի նմանի, հոն բոյն կը դնեն չարամտութիւններու բոլոր տեսակները։
Գրուաը կը նմանի անձնասէր, ինքնամոլ մարդու, որովհետեւ անոր ներքեւ զետեղուած ճրագը կը լուսաւորէ այդ փոքր տարածութիւնը միայն եւ կը զրկէ ուրիշները։ Անձնասէր մարդը բոլոր լաւ յատկութիւնները իր վրայ կեդրոնացնել կ՚ուզէ եւ ուրիշներուն բաժին չի թողուր։ Մարդ, եթէ իր մարմնին չափին համաձայն հագուստ չհագնի վրան նեղ կամ լայն կու գայ եւ լոյսին առջեւ թափթփած երեւոյթը կը պարզուի։ Ասոր նման եթէ անձնասէրն ալ իրեն չվերաբերող առաքինութիւններով եւ յատկութիւններով զարդարել ուզէ իր անձը, լայն հագուստին նման իր վրայէն կը թափթփի։
Ուստի, իրեն չվերաբերողը իր անձին եւ իր կեանքին չի յարմարիր։ Չափի եւ կշիռի համեմատ պէտք է վարուիլ։
Ամէն մարդու հոգեւոր տարազը իր նկարագիրն է եւ իր մտաւոր պատկերը իր խելքը եւ զարգացումն են։
Ո՛չ ոք իր մտային կարողութենէն աւելի իմացական լոյս կրնայ տալ եւ հոգեւոր զօրութենէն աւելի սրբակեաց կեանք կրնայ ապրիլ։
Երեւոյթները կրնան ժամանակաւոր կերպով պարագաները ծածկել գրուանին նման, բայց անոր վերցուելովը երեւան կու գան. «Որովհետեւ չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ ո՛չ գաղտնիք մը՝ որ երեւան չելլէ». (ՄԱՐԿ. Դ 22)։
Մեղքը ծածուկ, վատ եւ վնասակար արարք մըն է, զոր մարդս կը ծածկէ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ