ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)

ԺԱ.

ՍԻՐՈՅ ԴԵՐԸ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Սիրոյ արտայայտութիւնները հիներուն մէջ: Անոր դերը ամուսնութեան խնդիրին մէջ: Հաճոյանալու բաղձանքը, իբրեւ բնազդային զգացմունք: Արդի հասարակութեան հայեացքը սիրոյ վրայ: Հարուստ հարսնցուն: Օժիտի անբարոյականացնող ուժը: Սէրը քաղաքին եւ գիւղին մէջ: Հարուստ երիտասարդներու պսակը: Սէր եւ յափշտակում: Սէրը կը կուրցնէ: Նշանտուքի իմաստը: Ամուսնացողներու բնաւորութիւններուն տարբերութիւնը: Ծնողներուն դերը զաւակներու ամուսնութեան մէջ: Օճախը: Ամուսնացողներուն մէջ՝ դասակարգի, ծագումի եւ զարգացումի տարբերութիւնը:

Արդի հասարակութեան մէջ սէրը յետին տեղը կը գրաւէ ամուսնութեան շարժառիթներու շարքին մէջ, այն ինչ անցեալին ան ահագին, գերակշիռ դեր խաղացած է այս հարցին մէջ:

Անշուշտ այդ զգացմունքը բոլոր դարերուն եւ ամէն տեղ նոյնը եղած է, բայց անոր արտայայտուելու ձեւերը տարբեր եղած են եւ կախում ունեցած՝ ազգերու քաղաքակրթութեան աստիճանէն:

Հին դարերուն՝ իսկ մեր ժամանակները կիսավայրենի ազգութիւններուն մէջ, աղ-ջըկայ առեւանգումը կամ գնումը, որոնց մասին մենք սկիզբը խօսեցանք, միմիայն սիրոյ զգացմունքին վրայ հիմնուած էր, այսինքն՝ սիրած աղջկան տիրապետելու բաղձանքին վրայ:

Սիրած աղջկան համար այր մարդը զոհաբերութիւն պէտք է ընէր, որպէսզի անոր սիրոյն արժանանար: Այս զոհաբերութիւնը զանազան ձեւեր կ՚ընդունէր՝ տարբեր երկիրներու մէջ: Անսուտ կոչուած ցեղի մէջ ամուսնանալը շատ վտանգաւոր բան մըն էր. պսակէն ետք հարսը կը փախչէր՝ կ՚երթար ծնողներուն մօտ եւ փեսան պէտք է այնքան քաջ ըլլար, որ բռնի տուն մտնէր եւ յափշտակէր զայն, ուշադրութիւն չդարձնելով գլուխին տեղացող փայտի հարուածներուն: Ուրիշ տեղ մը նշանածը պէտք է ուղղակի կատաղի կռիւ մղէր իր հարսնացուին եւ անոր ընկերուհիներուն հետ, որպէսզի մօտենայ իր կնոջը: Այս կռուի մէջ ան երբեմն կը սպաննուի, երբեմն կռիւը տարիներ կը տեւէ, երբեմն ալ յաղթուած կը հեռանայ: Միջին դարերուն ասպետները մենամարտներ կը կազմակերպէին, իրարու հետ կը մենամարտէին, իրենց կեանքերը կը զոհէին, որպէսզի հաճելի դառնան սիրած էակին, կամ թէ հեռաւոր երկիրներ պատերազմի կ՚երթային՝ անուն վաստակելու եւ դուլցինէին արժանի դառնալու համար:

Իրապէս, ասոնք նոյն հաճելի դառնալու ձեւերն էին, որոնք մենք կենդանիներուն մէջ եւս կը տեսնենք: Սիրամարգը իր պոչը կը փռէ, սոխակը կը գեղգեղէ իր դայլայլիկը որձերուն հաճոյանալու համար:

Հաճոյանալ հաւնած էակին, ասիկա բնազդային ձգտում մըն է, որ կենդանիներուն մէջ կը գտնուի եւ որ մարդկային ցեղին մէջ իր գագաթնակէտին հասած է, ընդունելով իսկական բանական սիրոյ կերպարանք:

Սէրը այսպիսով կը տիրէ բնութեան մէջ. անոր հոգին ու անոր շունչն է:

Սիրոյ մեծ ուժով կը կատարուի բնական ընտրողութիւնը, որով իրար կը հաւնին եւ կը միաւորուին այս էգերն ու որձերը, որոնք բնական յատկութիւններով միւսներէն գերազանց են: Այսպէս է կենդանական աշխարհին մէջ, այսպէս եղած է նաեւ առաջ մարդկային ցեղին մէջ:

Բայց կեղծ քաղաքակրթութիւնը, որ մարդուն մէջ խեղդած է կամ աղաւաղած է շատ մը բնազդային լաւ յատկութիւններ, կ՚աշխատի խեղդել եւ ուղղակի խեղդած ալ է այս ամենասուրբ զգացմունքը եւս:

Այո՛, սէրը կորսնցուցած է իր հրապոյրը, իր մեծ դերը: Արդի ամուսնութիւնը (այս կանոնաւորուած բնական ընտրողութիւնը) աւելի ուշադիր է դէպի կողմնակի հանգամանքները, քան սէրը, եւ ասիկա մեծ չարիք մըն է, ահագին անբախտութիւն մը, որ մարդկութեան գլուխին եկած է:

Ժամանակակից հայերուս վերաբերմամբ եւս իրաւացի են բժիշկ Մինեկրելի խօսքերը.

«Մեր հասարակութիւնը, կ՚ըսէ ան-, հեռացած է ամուսնութեան իսկական նպատակէն, եւ ասիկա դարձած է ուղղակի աճուրդ մը: Ո՛չ ոք, նախքան ամուսնանալը, չի՛ հետաքրքրուիր իմանալու, թէ ի՞նչ բարոյականութեան, ի՞նչ բնաւորութեան, ի՞նչ հակումներու տէր է այն անձը, որուն հետ պէտք է իր կեանքը կապէ յաւիտեան: Միակ հոգը, միակ խնդիրը դարձած է հարստութիւնը, օժիտը, որ բոլոր առաքինութիւններէն բարձր կը դասուի»:

Եւ, իրապէս, գլխաւոր դերը կը խաղան օժիտը, հասարակական դիրքը, եւ այլն, բայց ո՛չ սէրը: Այն ինչ սէրն է ընտանիքի բախտաւորութեան միակ երաշխաւորը. այն ինչ ան է, որ պէտք է լուսաւորէ, անզուացնէ, բանաստեղծական ոգի ներշնչէ առօրեայ տաղտկալի կեանքին:

Շատերը, իբրեւ թէ առաջաւոր գիտական գաղափարներով լեցուած, սէրը հիւանդական երեւոյթ կը համարեն: Եթէ մէկը առոյգ սիրով կը սիրէ, որուն կը զոհէ ամէն բան, կը զոհէ իր հասարակական դիրքը, իր փայլուն ապագան, շատերը կը կարծեն, թէ այդպիսիները մտախտաւորներ (psychopath) են, տխմարներ:

Գիտութիւնը, անոնց կարծիքով, այս զգացմունքը միանգամայն կը հերքէ: Չէ՞ որ սէրը կիրք է, իսկ ամէն կիրք պէտք է խեղդուի, հետեւաբար իւրաքանչիւր «խելօք» մարդ պէտք է իր մէջ սէրը խեղդէ:

Ա՜յս է իսկապէս այն գիտնական կոչուած հիմունքը, որով սէրը աւելորդ հակաբեռը կը համարուի ամուսնութեան խնդիրին մէջ:

Բայց սէրը հերքողները ընդհանրապէս գիտնական ըլլալու յաւակնութիւն չունին: Անոնք աւելի գործնական դիտումներով կը խուսափին իսկական սէրէն: Հաշիւը, շահը ընտանիք կազմելու միակ պատուանդանը դարձած, անհրաժեշտաբար մարդուն փարիսեցի, ստախօս պիտի դարձնէր, պիտի ստիպէր անոր սիրահարուած ձեւանալ, որպէսզի հարուստ կին ուզած ատեն կարող ըլլայ իր ձանձրալի ձգտումին բանաստեղծական աստառ կպցնէ…:

Անկասկած ոչինչ աւելի զզուելի չէ, քան այս կեղծումը, որ մարդս կը ստորացնէ:

Ես չեմ մոռնար այն խօսքերը, որ ֆրանսական (Օկիւստ Վաքըրիի) կտորին մէջ հարուստ աղջիկ մը կ՚արտասանէ, երբ հայրը զարմացած կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ բոլոր փեսացուները կը մերժէ:

-Միթէ՞ կը կարծես, հայրի՛կ, որ իւղաներկ պատկերը ուրախ է, երբ փառահեղ շրջանակի մէջ դրուած է: Ես համոզուած եմ, որ գիրքեր կան, որոնք կը նախանձին իրենց կազմին: Ես ալ օժիտիս կը նախանձիմ. անոր շնորհիւ է որ երիտասարդները կ՚այցելեն մեզի, անոր վրայ կը սիրահարուին. ան վտանգաւոր ախոյեան է ինծի համար: Ես կը փափաքէի արտաքսել զայն ու աղքատ մնալ: Ո՜վ գիտէ, թերեւս ազնիւ երիտասարդ մը կայ, որուն ես հաճելի եմ, բայց ան չի՛ համարձակիր իր զգացմունքը արտայայտել, երկնչելով, թէ թերեւս կը կարծեն, որ հարստութեան համար է: Իսկ եթէ մէկն ալ վստահութիւն կ՚ունենայ խօսելու, կը խօսի այնպիսի խուլ ձայնով, որ անոր խօսքերը կը կորսուին մեր տան մէջ շարժուող ոսկիի աղմուկին մէջ: Լռեցո՛ւր ոսկիի այդ աղմուկը, որպէսզի ես կարենամ լսել անոնց ձայնը եւ լսածիս պատասխանեմ:

Ի՜նչքան հոգեբանութիւն կայ այդ մի քանի խօսքերուն մէջ, եւ ի՜նչքան լրջահայեաց ու խելացի պէտք է ըլլայ աղջիկը, որ կարենայ այդ դժուար հարցը վճռել:

Դժբախտաբար մեր օրիորդները այդքան գիտակցութիւն չունին, եւ օժիտը անոնց (կամ, աւելի ճիշդ ըսած, անոնց ծնողներուն) ձեռքին լաւ միջոց մըն է «փեսայ որսալու»:

Եթէ կան «փեսայ որսացողներ», աւելի եւս բազմաթիւ են հարուստ հարսնացու «ճանկողներ»:

Անշուշտ, կը պատահին դէպքեր, երբ երիտասարդը կը հաւնի եւ անկեղծօրէն կը սիրէ հարուստ աղջիկ մը. բայց ընդհանրապէս անոնք կը սիրեն օժիտը, նաւթաբաժինները եւ կ՚ամուսնանան ատոնց վրայ եւ ո՛չ թէ աղջկայ:

Այս պարագային արդէն փեսան կը ստորնանայ մինչեւ շողոքորթութիւն, ստութիւն, եւ ոչ կեղծիք…

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 24

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2023