ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐ Տ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՔ. ԶԵՔԻԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը, որուն կ՚ընկերանային Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան եւ Յակոբ Սրկ. Մինասեան։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան  Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեց Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելիցին առթիւ Հռոմի մէջ յետաձգուած ծրագրերուն փոխարէն գիտաժողովի մը իրականացման կապակցութեամբ։ Հանդիպման ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան նոյն առթիւ Իսթանպուլի մէջ մշակուելիք ծրագիրներու մասին։ Սոյն տեսակցութիւնը առիթ ընծայեց նաեւ հոգեւոր ծառայողներու պատրաստութեան համար տարուած աշխատանքներու առումով։

Հանդիպման աւարտին Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան հիւրասիրութեան համար։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2023