Տ. ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲԵՂԱՅ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Աստուածածնի տաճար ընծայման տօնը այս տարի նշուեցաւ բացառիկ մթնոլորտի մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, որ քահանայական ձեռնադրութեան երրորդ տարեդարձին առթիւ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ իր հոգեւոր եղբայրներուն կողմէ։ Ան արարողութեան հանդիսապետեց եւ պատարագեց՝ ներկայութեամբ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի, Ն. Նաթան Քհնյ. Արապեանի եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեանի։ Հաւատացեալները օրուան քարոզին մէջ լսեցին պատարագիչ հայր սուրբի՝ Ս. Կոյս Աստուածածնի տաճար ընծայման դէպքին վերաբերեալ։ Ան յիշեց, որ սա թէեւ Ս. Գիրքի մէջ չէ յիշատակուած, սակայն ընդհանրական եկեղեցին զայն ընդունած է եւ ամէն տարի անփոփոխ ձեւով կը նշէ 21 նոյեմբերին։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Սահակեան դպրաց դաս երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի աշխատասենեակին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը։ Մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ հաւաքոյթը, որու ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Ան ջերմ արտայայտութիւններով շնորհաւորեց Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի ձեռնադրութեան տարեդարձը։

Իր կարգին, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանն ալ ուրախութիւն յայտնեց այս յատկանշական օրուան համար։ Ան բոլորը հրաւիրեց աղօթելու մեր հոգեւոր հայրերուն համար, որպէսզի անոնք սիրով, յանձնառութեամբ եւ հոգեւոր եռանդով շարունակեն իրենց ծառայութիւնը։

Այս առթիւ մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի ձեռնադրութեան տարեդարձը։ Բացի իր հովուական ծառայութենէն, ան Պատրիարքարանի հրատարակչական եւ տեղեկատուական ուղղութիւններով գործունէութեան մէջ լուրջ պատասխանատուութիւն ստանձնած է եւ այդ բարդ աշխատանքներուն մէջ արձանագրած յաջողութիւնը կը գնահատուի համայնքային կեանքէն ներս։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2023