ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (ԺԱ.)

ԶԱՒԱԿ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

Զաւակ ունենալու որոշումը զգայուն նիւթ մըն է զոյգերուն համար եւ կը հաւատանք եւ հաւատալու կողքին կը շեշտենք, որ զաւակ ունենալը երբեք ալ «պատահականութեան» արդիւնք պէտք չէ ըլլայ. այդ կարեւոր որոշումը պէտք է ենթադրէ լուրջ պատրաստութիւն` թէ՛ հոգեպէս եւ թէ ֆիզիքապէս, որովհետեւ զաւակի մը գոյութիւնը ամբողջութեամբ պիտի յեղաշրջէ նորաստեղծ ընտանիքի ընթացքը եւ ուրախալի այդ առիթը ոչ լաւապէս պատրաստուած վիճակի պարագային ուրախութեան տեղ լուրջ խնդիրներ կրնայ յառաջացնել:

Շատ մը հասարակութիւններու մօտ զաւակ ունենալը կը դիտուի որպէս «պատահականութիւն» եւ կամ «Աստուծոյ պարգեւ», իսկ մենք կը հաւատանք, որ այդ մէկը «բախտ» կամ «պատահական» ըլլալէ անդին գիտակցուած որոշման վրայ կայացած պէտք ըլլայ: Կայացած այդ գիտակից որոշումը նախապէս առիթ կու տայ ապագայ ծնողք զոյգերուն քննել իրենց կեանքն ու առօրեան, վերանայիլ նիւթական պարտաւորութիւնները, պատրաստակամութիւնը, զոհողութեան ոգին, ինչպէս նաեւ թէ՛ ընտանիքին եւ թէ զաւակին գծով ապագայի հեռանկարները:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ պատրաստութիւն նկատի ունենալով, նկատի չունինք տակաւին չծնած մանուկին համար սենեակ զարդարելը, անոր համար հագուստ կամ խաղալիք գնելը. մեր ակնարկած պատրաստուածութիւնը այս բոլորէն շատ աւելի լուրջ եւ կարեւոր ու նիւթականէն աւելի ներքին պատրաստութիւն կ՚ակնկալէ: Այնպէս ինչպէս ամուսնութիւնը, նոյնպէս զաւակ ունենալու որոշումը խոր ու զգայուն որոշում մը պէտք է ըլլայ զոյգերուն համար: Սակայն չկարծուի, որ հոգեւոր ու մտաւոր պատրաստութիւնը շեշտելով կ՚անտեսենք նիւթական պարտաւորութիւնները: Մեր համոզումը այն է, որ պսակուելու, ինչպէս նաեւ զաւակ ունենալու արագ որոշում չկայացնեն անոնք՝ որոնք տակաւին նիւթապէս պատրաստ վիճակի մէջ չեն գտնուիր. նիւթականն ու ներքին պատրաստուածութիւնը զիրար կ՚ամբողջացնեն:

Այդ պատրաստուածութեան ընթացքին առաջին հերթին պէտք է նկատի ունենալ, որ զաւակի մը գոյութիւնը նորաստեղծ ընտանիքին մէջ կրնայ փոխել, ինչպէս նաեւ որոշ սահմանափակումներ յառաջացնել զոյգերու անձնական կեանքին մէջ եւ պէտք է աչքէ անցընել այդ բոլորին հանդէպ ձեր ունեցած պատրաստակամութիւնը: Այդ զոհողութիւններուն կողքին պիտի աւելնան այլ պարտաւորութիւններ, ինչպէս օրինակ՝ մանուկին առողջապահական հարցերը, կրթութիւնը եւ այլ եւ այլ անծանօթ անակնկալներ ու պարտաւորութիւնենր:

Իրականութեան մէջ մեր մտածումն է, որ նորապսակ զոյգեր նուազագոյնը առաջին մէկ տարին պէտք է հեռու մնան զաւակ լոյս աշխարհ բերելու մտածումէն, որովհետեւ սկզբնական այդ մէկ տարին պէտք է ըլլայ ժամանակամիջոց յարմարուելու նոր ընտանիքի միջավայրին, աւելիով զիրար ճանչնալու եւ սիրոյ ու վստահութեան շնորհիւ աւելի հաստատակամ ըլլալու: Զոյգերու մէջ եղած «սէր»ը բաւարար պատճառ մը չէ զաւակ լոյս աշխարհ բերելու, որովհետեւ լաւապէս չպատրաստուած զոյգերուն մօտ անակնկալ զաւակի մը լոյս աշխարհ գալը կրնայ խանգարել զոյգերու անդորրը, առօրեայի մեծ փոփոխութիւններ պարտադրելով:

Իրականութեան մէջ աւելի առաջնահերթ կը նկատենք այն նիւթերուն շուրջ մտածել նախքան ամուսնութիւն, որովհետեւ (ցաւ ի սիրտ) յաճախ զոյգեր կրնան դէմ յանդիման գտնուիլ զաւակ չունենալու լուրջ խնդիրին հետ եւ այդ մէկը եւս նախապատրաստութիւն կ՚ենթադրէ: Կեանքը լեցուն է տարբեր մարտահրաւէրներով եւ զոյգերու համար զաւակ չունենալը մեծագոյն դժբախտութիւններէն մին է. բազմաթիւ զոյգեր հասած են ամունսալուծութեան, պարզապէս զաւակ լոյս աշխարհ բերել չկարենալու համար, այդ իսկ պատճառով նախքան ամուսնանալու եւ զաւակ ունենալու որոշում կայացնելը կարեւոր է նաեւ ի մտի ունենալ նման դժբախտ պարագաներ եւս եւ հոգեպէս պատրաստ ըլլալ ամէն արդիւնքի, որովհետեւ ոչ-պատրաստուած վիճակ մը հոգեկան խոր վէրքեր կը յառաջացնէ զոյգերուն միջեւ եւ անոնց խաղաղ ու անդորր վիճակը կը փոթորկէ:

***

Այս բոլորի կողքին մեծապէս պատրաստութիւն ու զոհողութիւն կը պահանջենք ապագայ մայրէն, որովհետեւ յղութեան շրջանը հիմնականին անոր համար մեծ դժուարութիւններու եւ փոփոխութիւններու առիթ պիտի ըլլայ. որոշ անհանգստութիւններ ու ցաւեր պիտի ունենայ եւ իր առօրեայէն ամբողջութեամբ տարբեր ժամանակաշրջանի մը մէջ պիտի մտնէ. այնտեղ պիտի զոհէ իր հանգիստը, մինչեւ անգամ խուսափելով շատ մը սիրելի ուտելիքներէ եւ ըմպելիքներէ: Զաւակի մը լոյս աշխարհ գալուն ուրախ ընթացքը յաճախ զոյգերուն մէջ պիտի ստեղծէ տխրութեան, դիւրագրգռութեան եւ ուրախութեան խառն զգացումներ ու փոփոխական տրամադրութիւններ. այդ ընթացքը յաճախ պիտի պարտադրէ մտահոգութիւններ, ծնողական պարտաւորութիւններու հանդէպ անհանգստութիւններ:

Ցաւ ի սիրտ, մեր նորաստեղծ ընտանիքներու մեծամասնութիւնը հեռու են գիր-գրականութենէն. երանելի պիտի ըլլար ապագայ ծնողներու համար, որպէսզի իրենց ազատ ժամերուն կարդան մանուկներու հոգեբանութեան վերաբերող աշխատութիւններ, աւելիով զարգանալու եւ հասկնալու համար մանուկի ներաշխարհը, պահանջներն ու ծնողական պարտաւորութիւնները: Թէեւ հայկական գրականութեան մէջ նման աշխատութիւններ քիչ կը գտնուին, սակայն այսօր համաշխարհային գրականութիւնը լեցուն է նման նիւթերու շուրջ գրուած գնահատելի աշխատանքներով, որոնք մեծապէս կրնան օգնել դիւրացնելու եւ լաւապէս ճանչնալու ծնողական պարտաւորութիւնները:

Բախտաւոր է այն մանուկը որ ո՛չ թէ հարուստ ընտանիքի մէջ լոյս աշխարհ կու գայ, այլ ան՝ որ պատահականութեան արդիւնք չէ՛, այլ սիրոյ պտուղն է գիտակից ծնողներու:

•շարունակելի

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում.- Ինչո՞ւ համար մարդ երբ ամչնայ կը կարմրի:

Պատասխան.- Ամչկոտութիւնը շատ անգամ պատճառ կը դառնայ, որպէսզի մարդ կարմրի, երբ ամչնայ: Պատճառը այն է, որ մարդ երբ ամչնայ եւ կամ անհանգիստ վիճակի մէջ գտնուի, մարդու մէջի ատրենալինի բարձրացումը պատճառ կը դառնայ արեան անօթներու լայնացման, որուն հետեւանքով կը շատնայ արեան հոսքը դէպի մաշկ: Այդ արեան հոսքը մասնաւորաբար մարդու դէմքին վրայ կարմրութիւն մը կը ստեղծէ: Նման կարմրութիւն կը տեսնենք, երբ մարդ շփոթի, ինչ որ բնական ազդեցութիւն մըն է: Սակայն պէտք է գիտնալ, որ այդ կարմրութեան աստիճանը կրնայ անձէ անձ տարբերիլ եւ այդ մէկը առընչուած է մարդու բնակօսական կազմուածքին հետ:

(Գրիգոր Տաթեւացի այս կարմրութիւնը կը բացատրէ հետեւեալ ձեւով. Մարդու սիրտը կեդրոնն է մարդուն եւ երբ մարդ ամչնայ, իր արիւնը որպէս պաշտպանութիւն սրտին դուրս կը հոսեցնէ):

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023