ԿԵԱՆՔԻՆ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ
Այդ օրուընէ որ Ադամ եւ Եւա Աստուծոյ անհնազանդելով Անոր դրախտային վայելքէն զրկուեցան, երկիրը անոնց պատճառով «անիծեալ» դարձաւ։ Այսպէս կը նկարագրուի մարդուն կեանքի ընթացքը Ծննդոց Գիրքին երրորդ գլխուն մէջ։
Եւ ահա, այսպէսով մարդուն վիճակուեցաւ, որ կեանքին բոլոր օրերուն մէջ նեղութիւնով ապրի եւ երկիրը փուշ եւ տատասկ բուսցնէ։ Մեղքի պատճառով, մարդը ստիպուած է քրտինքով վաստկիլ իր օրապահիկը մինչեւ մեռնի, այսինքն «գետինը դառնայ» ուրկէ առնուեցաւ. «Քանզի հող էիր դուն, եւ հողին պիտի դառնաս», կ՚ըսէ Տէրը։
Սակայն մինչեւ հողին դառնալը, հազարումէկ նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու կը հանդիպի մարդ՝ որպէս մահկանացո՛ւ։ Երեխան ծնած վայրկեանէն իսկ կը սկսի լալու, դպրոցականը, ուսանողը կը տքնի, երիտասարդը կը պայքարի, չափահասը կը մտահոգուի, տարեցը կը ցաւի եւ ի վերջոյ բոլորն ալ կը մեռնին։ Անխուսափելին…
Արդարեւ, երկրի «փուշ եւ տատասկ»ը՝ տեսակաւոր նեղութիւններն են, որոնց գլխաւորներէն մին հիւանդութիւններն են՝ որոնց մարդ կ՚ենթարկուի։ Ուստի, որոշ շրջաններու՝ որոշ հիւանդութիւններ մահացու եղած են՝ մինչեւ անոնց դարմանը գտնուի եւ ենթական բժշկուի։ Մեր օրերուն քաղցկեղը կը բնորոշուի որպէս «Դամոկլեան սուր»՝ որ ենթակային «հոգէառ հրեշտակ»ն է կարծես։
«Քանսէր» բառը կը սարսափեցնէ բոլորս եւ անկէ բռնուողները, ընդհանրապէս, շատ կը մտահոգուին եւ կը կարծեն, թէ իրենց օրերը համրուած են։ Շատ անգամ բժիշկներ հիւանդին կ՚ըսեն, թէ ո՛րքան կեանք ունի, մինչ ան կը պայքարի այս անողոք ախտին դէմ՝ որուն չարչարանքը անտանելի է։
Բայց մարդ արարածը, որուն սրտին մէջ Աստուած ապրելու այնպիսի զօրաւոր մարմաջ մը դրած է, որ ամէն տեսակի դարմանում յանձն կ՚առնէ, քիչ մը աւելի ապրելու՝ ընտանիքը եւ աշխարհը վայելելու համար։ Սակայն, Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Մեր կեանքի տարիները եօթանասուն են. եթէ զօրութիւնով ութսուն ալ ըլլան, տակաւին անոնց փառքը աշխատանք եւ ցաւ է, քանի որ անոնք շուտով կ՚անցնին եւ մենք կը թռչինք». (ՍԱՂՄ. Ղ 10)։ Ասոր համար Սաղմոսերգուն կը խնդրէ Տէրոջմէն, ըսելով. «Այնպէս սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել, որ սրտի իմաստութիւն ստանանք». (ՍԱՂՄ. Ղ 12)։
Աստուածաշունչը յստակ կերպով կը յայտարարէ, թէ՝ մարդուն սահմանուած է մէկ անգամ մեռնիլ՝ եւ անկէ ետքը «դատաստան» (ԵԲՐ. Թ 27)։ Մա՛րդ իր կամքով չեկաւ այս աշխարհ, այլ Աստուծոյ կամքով եւ Իր նպատակին իրականացման համար մարդ հո՛ս է։ Եւ մարդ ինչպէ՞ս պիտի մեկնի այս աշխարհէն, ո՛չ մէկը գիտէ եւ ոչ մէկը կարողութիւն ունի այդ գնացքը կասեցնելու՝ որ Գերիշխան Աստուծոյ ծրագրին մէջ է։ Հիւանդութիւններ, փորձանքներ, ձախողութիւններ, արկածներ, յանկարծական, անակնկալ մահեր, եւ կամ խոր տխրութիւններ, կրնան մարդուս կեանքին «արծաթեայ թել»ը կտրել որեւէ ժամանակ եւ որեւէ տեղ։ Երանի՜ թէ ամէն մարդ երկարակեաց ըլլար Մաթուսաղայի նման՝ որուն օրերը, կ՚ըսէ Սուրբ Գիրքը, որ 969 տարի եղաւ, բայց ան ա՛լ մեռաւ։
Մահը անխուսափելի է։ Իսկ ծնունդը՝ անակնկա՛լ։
Ծնողը կեանքի կամուրջէն կ՚անցնի եւ մահու ճամբով յաւիտենականութեան կ՚անցնի։ Կարեւորագոյնը այն է, թէ ո՛ւր է «վերջակէտ»ը. յաւիտենական կեա՞նք, թէ՝ յաւիտենական տանջանք։ Ամէն մարդ այս կէտին կրնայ որոշել իր «յաւիտենական կայան»ը։ Այս մասին Խօսքը յստա՛կ է. «Ան որ Որդիին կը հաւատայ՝ յաւիտենական կեանք ունի, եւ ան որ Որդիին չի հնազանդիր, անիկա կեանք պիտի չտեսնէ, հապա Աստուծոյ բարկութիւնը անոր վրայ կը մնայ». (ՅՈՎՀ. Գ 36)։ Ան որ սրտի երկնային իմաստութիւն ունի, կը քննէ Աստուծոյ Խօսքը եւ Արարչին ձեռատետրի ցուցմունքներուն հետեւելով կրնա՛յ յաւիտենական կեանք ունենալ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, որ միա՛կ միջնորդն է մեղաւոր մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ. փրկութեան միա՛կ եւ ապահով ճամբան։
Ինչպէս ըսուեցաւ, ամէն օր գրեթէ, աջէն եւ ձախէն կը լսուի ծանօթներու, մերձաւորներու կամ անծանօթներու մասին, որոնք մահացու հիւանդութիւններով կը տառապին։
Իրական կեանքէ առնուած պատմութիւն մը վերը ըսուածները կը հաստատէ, անոնց հաւաստիացում եւ ստուգութիւն կ՚ապահովէ։
Պատմութիւնը յիսնամեայ ուսուցիչի մասին է։
Անոր կեանքը մէկ օրէն միւսը հիմնական փոփոխութեան կ՚ենթարկուի մահացու հիւանդութեան մը պատճառով։ Ուսուցիչը իր կեանքը սապէս կը պատմէ.
Պարոն ուսուցիչ, երեք ամիս ունիս ապրելու։ Այս պարզ բայց ազդու նախադասութիւնը կեանքիս ընթացքը յանկարծ կասեցուց։ Երկվայրկեանի մը մէջ բոլոր յոյսերս եւ երազներս անհետացան։ Քարացած նստայ, մինչ բժիշկս կը խօսէր եւ կինս համրօրէն կը հեծկլտար։
Ինչո՞ւ ես. մտածեցի։
Իսկապէս. ինչո՞ւ ես։ Միշտ ինքզինքիս լաւ հոգ տարած էի։ Ո՛չ ծխող, ո՛չ խմող պարկեշտ անձ մըն էի։ Ինչպէս կրնայի մահացու հիւանդութիւն մը ունենալ։
Յաջորդող քանի մը ամիսներու պատահարները, ոչ թէ իմ մարմնիս հանդուրժողութեան եւ դիմանալու չափը պիտի փորձէր, այլ նաեւ՝ հաւատքիս զօրութի՛ւնն ալ։
Միշտ հաւատացեալ եւ հոգեւոր անձ մը եղած եմ, բայց աղօթքի զօրութեան մասին քիչ մը կասկածոտ էի։ Ներկայ վիճակիս պատճառով այդ համոզումս փոխուելու ենթակայ էր։ Արեան հազուագիւտ հիւանդութիւն մը ունէի, լուքիմիայի զարմիկը, բայց շատ աւելի յարձակողական, այդքան քիչ կայ այս հիւանդութենէն, որ տարին միայն 200 հոգի կը վարակուի անկէ։ Սովորաբար մահացո՛ւ է այս ախտը, բայց մասնագէտ մը կար, որ շաբաթ մը առաջ մեր քաղաքը փոխադրուած էր եւ կրնար ինծի օգտակար ըլլալ։
Զուգադիպութի՞ւն…
Այդպէս խորհեցայ այն ատեն, սակայն հիմա ետիս նայելով հաստատ համոզուած եմ, որ քրիստոնեային կեանքին մէջ զուգադիպութիւններ չկա՛ն։
Յաջորդ օրն իսկ, այս մասնագէտին դարմանատունն էինք։ Ան եւս հաստատեց հիւանդութիւնս, բայց ուզեց ոսկրածուծի քննութիւն մը կատարել, որմէ անմիջապէս վերջ շողարձակումի սկսելու էի։
Քննութիւններու արդիւնքին մէկ շաբաթ սպասելը չարչարանք էր։ Բայց արդիւնքը շատ ուրախացուց մասնագէտը, որովհետեւ ախտը ծուծիս մէջ շատ քիչ անցած էր։ Անհաւատալի՛ էր այսքան շուտ ախտաճանաչումը։ Ուրեմն եթէ ոսկորիս մասը փոխեն, ապրելու յոյս ունէի։ Զուգադիպութի՞ւն։
Կեանքիս ամենադժուար վայրկեաններէն մին էր, երբ 18 ամեայ աղջկանս ըսելու էինք մահացու վիճակիս մասին։ Զիրար գրկեցինք եւ լացինք։ Ապա աղջիկս արցունքները սրբեց եւ ըսաւ.- Հայրիկ, պէտք է Աստուծոյ վստահինք։ Ան կարո՛ղ է մեզ ազատել։
Այս խօսքը պիտի օգնէր ինծի կեանքիս ամենադաժան ժամերուս։
Վեց ամսուայ շողարձակումը զիս ճաղատ ըրաւ, ոտքերս ուռեցան, եւ հիւանդակախ դարձայ։ Հակառակ շատ տկար վիճակիս հանրածանօթ քաղցկեղի բժշկական կեդրոն մը ընդունուեցայ։ Հոն որոշուեցաւ իմ ոսկրածուծի փոխարումի թուականս։ Այս գործողութեան ընթացքին իմ բջիջներս պիտի մաքրէին մահացու ախտէն եւ ետ մարմնիս ներմուծէին։ Ասիկա աննախընթաց գործելակերպ մըն էր, որով ուրիշ անձի մը ոսկրածուծը պէտք պիտի չըլլար։ -Ասիկա 50 առ հարիւր մահացու վտանգ ունի, ըսաւ գլխաւոր բժիշկը լրջութեամբ։- Ուրեմն ապրելու ալ 50 առ հարիւր առիթը ունիմ, ըսի ժպտելով։ Այս վերաբերմունքս պատճառ եղաւ, որ ենթարկուիմ սոյն գործողութեան։
Մանկութենէս սորված էի, թէ Աստուած մեր կարողութենէն աւելի չի փորձեր մեզ։ Բայց մինչ կը սպասէի գործողութեան թուականին, շատ բարկացած էի՝ որով կեանքս քայքայուած էր։ Որպէս ուսուցիչ շատ կը սիրէի գործս, բայց հիմա, մի քանի շաբաթէ գործի չէի կրցած երթալ եւ հիւանդութեան պատճառով բացակայելու օրերս սպառելու վրայ էին։ Կեանքիս ամենաբարդ պայքարը կը դիմագրաւէի եւ միակ բանը, որ կրնայի ընել աղօթե՛լն էր։ Ատեն մը, որ հպարտ էի, հիմա խոնարհեցայ։ Աղաչեցի Աստուծոյ որ ինը ամիս շնորհէ ինծի, որպէսզի աղջկանս շրջանաւարտութիւնը տեսնեմ։ Նաեւ սկսայ ուրիշներէն խնդրել, որ աղօթեն ինծի համար։
Հիւանդութենէս վերջ շատեր սկսան աղօթքով Աստուծոյ գահուն ներկայացնել զիս։ Շատ մը քարտեր եւ նամակներ ստացանք հարազատներէ եւ բարեկամներէ։ Շատ զարմացայ, որ ոչ միայն նախկին աշակերտներէ շատեր կ՚աղօթէին ինծի համար, այլ նաեւ տարբեր յարանուանութիւններէ խումբեր զիս իրենց աղօթքի ցանկին վրայ դրած էին։ Շատ զգացուեցայ երբ մօտակայ եկեղեցիէ մը աղօթքով ձեռագործուած ծածկոց մը ստացայ, որը միշտ քովս էր հիւանդանոց գտնուած շրջանիս։
Հիւանդանոց երթալէն մի քանի օր առաջ, գիշեր մը նստասենեակիս մէջ, Սուրբ Գիրքս կուրծքիս վրայ դրած կը կարդայի։ Կ՚ուզէի անկողին երթալ, բայց ոտքերս այնքան ուռած էին, որ շատ կը ցաւէին։ Ուստի սկսայ աղօթել, որ Աստուած Ինք զօրացնէ, որպէսզի կարենամ դիմագրաւել գալիք օրերուն պատահելիքները։ Յանկարծ ձայն մը ողողեց միտքս։ Շատ զօրեղ բայց մեղմ ձայն մըն էր, որ զիս զգաստացուց երբ ըսաւ.- Ինչէ՞ն կը վախնաս, աչքերդ բաց եւ տե՛ս, թէ ինչ ըրած եմ քեզի համար։ Անմիջապէս ըրի ի՛նչ որ լսեցի։ Երբ աչքերս բացի, տեսայ անհաւատալին։ Ոտքերս որ շաբաթներէ ի վեր ուռած էին՝ բնական դարձած էին։ Ապշեցա՛յ։ Միայն քանի մը վայրկեան առաջ կը շփէի, նոյն ձայնը միտքս նորէն լեցուց, բայց այս անգամ շատ աւելի մեղմ փսփսուքով ըսաւ.- Եւ կը կարծես, որ քու հիւանդութիւնդ չե՞մ կրնար բժշկել։
Տեղէս ցատկեցի եւ մեր ննջասենեակը գացի եւ երբ լոյսը վառեցի՝ կինս արթնցաւ։ Ոտքերս ցոյց տալով պատմեցի պատահածը։ Ըսի.- Ապշեցայ, երբ կը շփէի ոտքերս, որ ցաւը թեթեւնայ, մինչ շշմած կը նայէի, ձայն մը լեցուց միտքս, եւ ահա հիմա կը քալեմ։ Արցունքները սկսան հոսիլ կնոջս աչքերէն.- Եկուր միասին շնորհակալութիւն յայտնենք Տէրոջը, ըսաւ, եւ ա՛յդպէս ըրինք…
Այս կէտէն անդին, բեռս լման Աստուծոյ յանձնեցի։
Չեմ ըսեր որ դիւրին էին այն ամիսները, երբ շողարձակում եւ ոսկրածուծի պատուաստում ունեցայ, նաեւ ընտանիքէս եւ բարեկամներէս հեռու մնացի, բայց Տէրը իմ կողքիս ըլլալով, կարողացայ իւրաքանչիւր խոչընդոտ դիմագրաւել այն վստահութեամբ, որ Ան իմ հետս էր եւ զիս պիտի քաջալերէր։
Մէկ տարուայ դարմանումէն եւ երեք ամիս հիւանդանոցը մնալէ վերջ տուն ղրկուեցայ։ Երբ բժիշկին հարցուցի, թէ կրկին հիւանդանալու ենթակա՞յ եմ, ան ըսաւ, որ այս ախտէն խուսափում կարելի չէ։- Գնա՛ եւ մնացեալ կեանքդ վայելէ, աւելցուց։
Շնորհակալութիւն յայտնեցի բայց միտքէս ըսի.- Տեսնենք ի՛նչ պիտի ըլլայ։
Երեք ամիսէն տեսանք…
Յաջորդ քննութեանս արդիւնքը՝ զիս -քաղցկեղէ ազատ- հռչակեց։ Երբ հարցուցի, թէ ասիկա վերջնական է, ան սապէս պատասխանեց.- Այս հիւանդութիւնը խաբուսիկ է։ Հաւանաբար մարմնիդ մէջ տեղ մը պահուած է։ Ամէն ամիս արեան քննութիւն ընելու ենք, որպէս զգուշութիւն։
Փառք Տէրոջ, արեան բոլոր քնութիւնները մաքուր ելան։
Երբ տեսայ, թէ բժիշկներս ապշած են, ըսի ժպտելով.- Ընդունելու էք, թէ մարդկային գիտութենէ գերիվեր Իշխանութիւն մը կայ, չէ՞։ Այս անգամ անոնք գիտակցեցան, որ ինծի պատահածը իսկապէս հրա՛շք էր։
Հակառակ բժիշկներու կամքին, այդ վերամուտին գործի սկսայ եւ կարճ ժամանակ վերջ ուսուցչական պաշտօնս լման ստանձնեցի։ Օր մը մասնագէտ բժիշկէս խնդրեցի, որ վերջին քննութեանս դրական արդիւնքը ղրկէ իմ առաջին բժիշկիս, որ հիւանդութեանս նախնական ախտաճանաչումը ըրած էր եւ ըսած էր, որ միայն երեք ամիս ունիմ ապրելու։ Այս երիտասարդ բժիշկը հետեւեալ կարճ նամանկը ղրկեց ինծի։
Սիրելիս, շատ ուրախ եմ, որ ոսկրածուծի քննութիւնը մատչելի էր։ Շատ բան ունինք շնորհակալ ըլլալու։ Բոլոր երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը Աստուծոյ ուղղելու ես, որովհետեւ ինչպէս կ՚ըսէ Յովաննու ԺԵ 5 համարի մէջ.- Առանց Յիսուսի բան մը չենք կրնար ընել։
Այս խօսքերը կարդալէ վերջ գիտցա՛յ, թէ Տէրը ոչ միայն իմ կեանքիս մէջ հրաշք գործեց, այլ նաեւ իմ բժիշկներուս։ Երկու տարի անցած է, բայց դեռ երբեմն կը կարդամ այդ նամակը, եւ անոր բառերը երախտագիտութեամբ կը լեցնեն հոգիս։ Հիմա վկայութիւնս կը բաժնեկցիմ ոեւէ մէկուն հետ, որ կ՚ուզէ լսել ինծի։ Կեանքիս մինչեւ վերջին օրը ամէնուն պիտի ըսեմ, թէ Աստուծոյ խոստումը իրակա՛ն է, որ կ՚ըսէ.- Քանզի ես քու Աստուածդ եմ, որ քու աջ ձեռքէդ կը բռնեմ, որ քեզի կ՚ըսեմ.- մի՛ վախնար, ես քեզի օգնութիւն կ՚ընեմ. (ԵՍ. ԽԱ 12)։
Իսկապէ՛ս Աստուծոյ ձեռքը չէ դադրած փրկելէ եւ բժշկելէ, Անոր վստահինք լիովին։
Չվախնանք՝ ի՛նչ որ կը պատահի, Տէրը մեզ կը հոգայ, Ան միշտ մեզի հետ է, մեր մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024