ՆԱՐԼԸԳԱԲՈՒԻ Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ, Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան հանդիսապետեց տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Նորին սրբազնութիւնը արարողութեան ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը։
Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախագահեց նաեւ աշխարհիկ հաւաքոյթին։ Նարլըգաբուի թաղային խորհուրդի ատենապետ Հերման Կիւրճեան եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Հաւաքոյթի մասնակիցներու շարքին էր նաեւ նախկին շրջանի թաղային խորհուրդի ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլու։ Անմիջական մթնոլորտի մէջ ճաշասեղաններու շուրջ համախմբուած ներկաները արձակուելու ատեն իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին թաղային խորհուրդին, որ կը ջանայ վառ պահել եկեղեցւոյ կանթեղը։ Հուսկ բանքը խօսեցաւ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան եւ միաբերան արտասանուած աղօթքէ վերջ բոլորը հրաժեշտ առին հոգեւոր ուրախութեամբ։