ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 6-ՐԴ ԽԱՂԵՐԸ ԿԸ ՍԿՍԻՆ

Վա­ղը Ե­րե­ւա­նի մէջ պի­տի սկսին Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րը։ Սա ար­դէն ա­ւան­դա­կան դար­ձած մրցա­շարք մըն է, որ ա­մէն ան­գամ կը հա­մախմ­բէ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնք եղ­բայ­րա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ կը մրցին ի­րա­րու հետ։ Այս տա­րուան Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րը մաս կը կազ­մեն 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րու շրջագ­ծին։

«Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, մրցա-նըշա­յին քա­նա­կու­թեամբ մար­զիկ­ներ պի­տի մաս­նակ­ցին այս տա­րուան Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րուն. ա­նոնց թի­ւը կը հաս­նի 6215-ի։ 36 եր­կիր­նե­րու 165 քա­ղաք­նե­րէն մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րուի այս մրցա­շար­քին։ Մար­զա­ձե­ւե­րու քա­նա­կու­թիւնն ալ այս ան­գամ բա­ւա­կա­նին բարձր է ան­ցեալ մրցա­շար­քե­րուն բաղ­դատ­մամբ։

Վա­ղը սկսե­լիք խաղ­երը պի­տի շա­րու­նա­կուին մին­չեւ Օ­գոս­տո­սի 13-ը, երբ մրցա­շար­քը պի­տի եզ­րա­փա­կուի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը։

Ինչ­պէս նա­խորդ բո­լոր խա­ղե­րուն, այս ան­գամ եւս Իս­թան­պու­լէն ալ բազ­ման­դամ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րուն։ Մինչ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու պատուի­րա­կու­թիւն­նե­րը աս­տի­ճա­նա­բար կը հաս­նին Ե­րե­ւան, Իս­թան­պու­լի խումբն ալ այ­սօր կը ձեռ­նար­կէ իր ու­ղե­ւո­րու­թեան։ Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րը թրքա­հայ հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ ու­նի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն մը, որ դժբախ­տա­բար այդ­քան ալ դրա­կան ե­րե­ւոյ­թի մը մա­սին չէ։ Ար­դա­րեւ, մեր հա­մայն­քին կող­մէ մէ­կէ ա­ւե­լի խում­բեր այս ան­գամ կը մաս­նակ­ցին խա­ղե­րուն։ Այ­սինքն, թրքա­հա­յու­թիւ­նը պա­ռակ­տուած տես­քով մը հան­դէս կու գայ այս մրցա­շար­քին ժա­մա­նակ։

Շաբաթ, Օգոստոս 1, 2015