ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Փարիզի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Շուշին՝ Կովկասի մարգարիտ» խորագրեալ երկօրեայ գիտաժողով մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի քարոզչական կեդրոնի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան, որ ներկաներուն փոխանցեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին օրհնութիւնները։ Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառին (INALCO) մէջ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը։ Բացի INALCO-էն այս գիտաժողովը նաեւ «Յիշատակարան» նախագծի նախաձեռնութիւնն էր։ Ֆրանսայի Ծերակոյտի փոխնախագահ Փիէռ Ուզուլիաս եւս գիտաժողովի սկիզբին հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։

Գիտաժողովին ներկայ գտնուեցան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան, Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան, Ֆրանսայի Մշակութային ժառանգութեան ազգային կաճառի տնօրէն Շարլ Փերսոնազ, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար գիտնականներ, քաղաքագէտներ, հասարակական ու մշակոյթի գործիչներ։

Գիտաժողովի ընթացքին զեկուցումներ ներկայացուեցան՝ Շուշիի եւ առհասարակ Արցախի հոգեւորմշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրներուն մասին եւ ուղենշուեցան այդ ուղղութեամբ հայ եւ ֆրանսացի գործիչներու համագործակցութեան ճանապարհները։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2023