ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՓԱՌԱՏՕՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ սկիզբ առած «Երիտասարդաց փառատօն»ի ճամբորդութիւնը շաբաթավերջին շարունակուեցաւ համայնքային վարժարաններու երիտասարդներու մասնակցութեամբ։ Փառատօնը տեղի ունեցաւ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ։

Փառատօնին նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան եւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։

Փառատօնի կազմակերպիչներն էին Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Կարօ Վ. Պապաեան եւ Պատրիարքարանի «Օրմանեան» մատենադարանի քարտուղար Հելտա Այնաեիւզ։ Հանդիսավարն էր Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիք միութեան վարչութեան անդամներէն Արթիւր Պաղտասարեան։ Ներկայ էին նաեւ աւելի քան 300 սաներ։ Մեր վարժարաններու 210 աշակերտներ մասնակցեցան իրենց պատրաստած հայկական երգերու տեսահոլովակներով։ Փառատօնի պատուոյ հիւրերն էին Պարթեւ Կարեան, Պողազիչի ճազ, Պողազիչի երիտասարդական եւ «ՄԱԿՄԱ» երգչախումբերու խմբավար Մասիս Արամ Կէօզպէկ, Արմաշ դպրաց դասու վարիչ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու, «Պորուսան» նուագախումբի եւ Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի խմբավար Սիպիլ Արսէնեան։

Հանդիսութեան սկիզբին հանդէս եկաւ Տատեան վարժարանի երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ երաժշտութեան ուսուցիչ Արի Պարութօղլուի։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հելտա Այնաեիւզ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ երիտասարդներուն նման ձեռնարկներ կազմակերպելու հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ։ Այնաեիւզ տեղեկութիւններ տուաւ փառատօնի եւ ապագայ ծրագիրներու մասին։ Ապա Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ լեզուի զարգացման ճանապարհին երաժշտութեան դերին։

Հանդէսի տեւողութեան ցուցադրուեցան երիտասարդներու պատրաստած տեսահոլովակները։ Ապա սկսան մեր վարժարաններու սաներու կենդանի կատարումները։

Մինչ Կեդրոնական վարժարանէն Ատիս Տողանայ դաշնամուրով կը նուագէր Երեւան-Էրեբունին, յետոյ իրեն միացան Արթիւր Պաղտասարեան, Պարթեւ Կարեան, Արի Պարութօղլու եւ Թաթիանա Պոստան։ Փառատօնի ընթացքին ուշադրութիւն գրաւեցին Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի սաներուն կատարումները։

Հուսկ բանքը կատարեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ շնորհաւորեց կազմակերպիչները։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ կազմակերպութեան մեկենաս Տիգրան Կիւլմէզկիլին եւ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին, որ հնարաւորութիւն տուած էր սրահի օգտագործման։

Մասնակցութեան վկայագրերու բաշխումէն ետք սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2023