ԱՄԱՆՈՐԻ ԸՆԴԱՌԱՋ ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԸ

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ Ամանորի ընդառաջ շաբաթավերջին կազմակերպուած քէրմէսը համախմբեց համայնքային շրջանակները։ «Ռամատա փլազա» պանդոկի համալիրէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկի մասնակիցները ունեցան հաճելի ժամանց։ Ակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին քէրմէսի բոլոր այցելուները, որոնք հետաքրքրութեան առարկայ դարձուցին տօնական շրջանի բնորոշ այն իրեղէնները, որոնք տաղաւարներու մօտ վաճառքի դրուած էին։

Ամիսներ տեւած նախապատրաստական աշխատանքները պսակուեցան փայլուն յաջողութեամբ։ Շուրջ հազար այցելու Շիշլիի քէրմէսէն գնումներ կատարեց Ամանորի սեմին։ Ալէն Թեքպըչաք ձեռնարկի ընթացքին ծաղկեփունջ մը յանձնեց Լեռնա Պըյըքլըին, որ արդէն հինգ տարիէ ի վեր կը մասնակցի այս ձեռնարկին։ Բոլոր ներկաներուն տեսակէտէ հաճելի անակնկալ մըն էր նաեւ Արի Պարութօղլուի կողմէ գործադրուած երաժշտական յայտագիրը, որով քէրմէսի կազմակերպուած դահլիճէն ներս խանդավառութիւնը հասաւ գագաթնակէտին։

Հարկ է նշել, որ Շիշլի մարզակումբը արդէն հինգ տարիէ ի վեր անընդհատ կը կազմակերպէ Ամանորի այս քէրմէսը, որ դարձած է աւանդութիւն մը։ Տօնավաճառի մը ձեւաչափին մէջ ծրագրուած այս նախաձեռնութեան կարգադիր յանձնախումբին մաս կազմեցին՝ Արթօ Փեհլիվանեան, Տիանա Ալթուն, Սարօ Աքչէլեան, Սօնա Ճերմակեան, Սելին Արմաւ Կէզէրօղլու, Գարին Աւիթօղլու եւ Խաչիկ Ինկիլիզօղլու։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2023